Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերին յայտնի դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներ»-ու քուէարկութեան արդիւնքները:
Ըստ Armsport.am-ի՝ ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան մասնակցած են մարզական լրագրողները, ազգային դաշնութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ամփոփուած են SMS քուէարկութեան արդիւնքները:
«Տարուան լաւագոյն մարզիկներ»-ու տասնեակին մէջ յայտնուած են (այբբենական կարգով)՝
Արթուր Ալեքսանեան (ըմբշամարտ)
Արթուր Թովմասեան (մարմնամարզիկ)
Ֆերտինանտ Կարապետեան (ժիւտօ)
Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան (ջրացատկ, սինքրոն աշտարակացատկ)
Արսէն Ղազարեան (սամպօ)
Մաքսիմ Մանուկեան (ըմբշամարտ)
Սիմոն Մարտիրոսեան (ծանրամարտ)
Գոռ Մինասեան (ծանրամարտ)
Գրիգոր Մխիթարեան (սամպօ)
Էդգար Ստեփանեան (հեծանաւորդ )