«Արցախփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան 34-րդ տեղը յայտնուած է ամենաաժան 50 երկիրներու ցանկին վրայ, զոր կազմած է GOBankingRates-ը։ «Ցնցող տեսարաններ՝ յունահռոմէական եւ միջնադարեան փլատակներով հարուստ, սակայն այդ մէկը միակ պատճառը չէ, որուն համար դուք պիտի ուզէիք ձեր ամբողջ կեանքը անցընել Հայաստանի մէջ: Այդ երկիրը ամէնէն աժան երկիրներէն է, ուր վարձավճարը 91 տոկոսով ցած է Նիւ Եորքի հետ բաղդատած»։
Հայաստանի հարեւանները՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան, յաջորդաբար գրաւած են 35րդ եւ 16-րդ տեղերը:
Վարկանիշի առաջատարներն են՝ Հնդկաստան, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան: