ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- 2022ի Յունուարէն Յունիս ամիսներուն միջեւ, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 16.5 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթեց Հայաստանին եւ Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 16 միլիոն տոլար արժէքով դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ ապահովեց AmeriCares (12.9 միլիոն տոլար) եւ Direct Relief ($3,5 միլիոն տոլար) կազմակերպութիւններէն։
Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի յիշատակի ընկերութիւնը (78.700 տոլար), Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (50.700 տոլար), բժ. Ալպերթ Ֆիլիփս (15.700 տոլար), եւ բժ. Հրայր Կարապետեան՝ Medical Outreach for Armenia կազմակերպութենէն (10.000 տոլար)։
Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական պիտոյքները առաքուեցան ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին, Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական կեդրոնին, Մուրացան Մանկական գեղձաբանական կեդրոնին, Ռ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն։
2022ի առաջին վեց ամիսներուն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը հայրենիք առաքեց հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղի, արեան, սրտի, եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար։
Անցեալ 33 տարիներուն, «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 962 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2.530 ծովային արկղերով։
««Հայաստան Արցախ» ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի բոլորովին անվճար կերպով միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։ Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնադրամէն)