ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտելի եւ սադրիչ նկատեց Շուշիի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիրը եւ Թուրքիոյ նախագահին՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթը։
Յիշեցնենք, որ 15 Յունիսին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ստորագրեցին «Շուշիի հռչակագիրը»: Փաստաթուղթին ստորագրութենէն ետք Իլհամ Ալիեւ ըսաւ, որ անով բարձրագոյն մակարդակի կը հասնի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը: Ըստ պայմանագիրին՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքին փոխադարձ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն «երրորդ երկրի յարձակման պարագային»։
Թէեւ թուրք-ատրպէյճանական հռչակագիրը առանձին կէտով կը նշէ, որ այդ փաստաթուղթը ուղղուած չէ երրորդ կողմի դէմ, սակայն, ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, այնուհանդերձ, անոր ամբողջ բովանդակութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ է։
«Այն յստակ մատնանշում է Արցախի Հանրապետութեան դէմ 44օրեայ յարձակում իրականացրած երկու պետութիւնների դաշինքն ընդդէմ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ցեղասպանութիւն վերապրած աշխարհասփիւռ հայ ժողովրդի իրաւունքների», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ըստ արտաքին գործոց նախաարութեան՝ հռչակագիրին մէջ տեղ գտած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը, կը վկայէ, որ «գօտեպնդուելով Արցախի ժողովրդի դէմ իրականացուած համատեղ յարձակումի եւ զանգուածային ոճրագործութիւնների անպատժելիութիւնից՝ Թուրքիան եւ Ադրբեջանը ձեռք են բերում հրապարակային պայմանաւորուածութիւններ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը նկատէ երկու պետութիւններուն համաձայնութիւնը՝ պայքարելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ։
«Վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններն ամբողջովին հակասում են միջազգային իրաւունքի հիմնական նորմերին։ Այս պարագայում արժանի է յիշատակման այն փաստը, որ միջազգային իրաւունքի, մասնաւորապէս, Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին 1969 թ. Վիեննայի կոնվենցիայի (վեհաժողովին) համաձայն՝ միջազգային բոլոր պայմանագրերը, որոնք հակասում են ընդհանուր միջազգային իրաւունքի պահանջների նորմերին՝ առոչինչ են եւ չեն կարող ունենալ որեւէ միջազգային օրինականութիւն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ նշեած հռչակագիրը ոչ թէ հիմնուած է ՄԱԿի Կանոնադրութիւնը կամ ԵԱՀԿի համընդհանուր եւ անբաժանելի անվտանգութեան սկզբունքին վրայ, այլ՝ «ցեղային անվտանգութեան» իրենց մօտեցման, որ յառաջ կը մղուի իբրեւ «թրքական աշխարհի միաւորման սկզբունք»։
«Նման հայատեացութեան համատեքստում տարածաշրջանային համագործակցութեան պլատֆորմ (հարթակ) ստեղծելու Ադրբեջանի խորհրդարանում հնչեցուած Թուրքիայի նախագահի առաջարկները երեսպաշտ եւ ապակողմնորոշող են», կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հրապարակային պայմանաւորուածութիւնները, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կը պարունակեն ո՛չ միայն ցեղասպան սպառնալիքներ տարածաշրջանին մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, այլ նաեւ լուրջ մարտահրաւէր են միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն համար, ինչ որ կ՛ընդգծէ նշուած բոլոր երկիրներուն կողմէ սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
«Արցախի ժողովրդի դէմ յարձակման եւ ուժի կիրառման արդիւնքում ձեռք բերուած իրողութիւնները չեն կարող տեւական խաղաղութեան հիմք դառնալ, այնպէս, ինչպէս Շուշիում թուրք-ադրբեջանական տարբեր մտացածին նախաձեռնութիւնները չեն կարող հայկական այդ մշակութային կենտրոնն օտարել Արցախից եւ հայ ժողովրդից», կը նշուի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։