ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու առաջնորդներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ:
Կողմերը համաձայնեցան սահմանազատման եւ սահմանային անպահովութեան յանձնաժողովի կառուցուածքին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան յանձնաժողովին վերաբերեալ հանդիպում ունենալլ:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման վերաբերող հարցեր: