ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան եւ Արցախ խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու՝ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ այցելութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ 9-10 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներ կազմակերպուած այցելութեան մասնակցած կարգ մը երկիրներու Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:
Դեսպաններուն փոխանցուեցաւ իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն ուղղուած ազդարարագիրներ, որոնց մէջ յատկապէս կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, որոնց կարգին՝ Հադրութ եւ Արցախի պատմական կեդրոն` Շուշի քաղաքը, որոնք ենթարկուած են ցեղային զտումներու, իսկ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գործադրուած են պատերազմական յանցագործութիւններ եւ զանգուածային ոճրագործութիւններ: Ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման նախաձեռնութիւններով կը փորձեն օրինականացնել Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումը եւ ամրապնդել հակամարտութիւնը ուժի կիրարկումով լուծելու սեփական պնդումները:
Հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ներգրաւումը նմանօրինակ այցելութիւններուն կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տուեալ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիրքորոշման:
«Այս տեսակէտից Հայաստանը հաստատակամօրէն կոչ է անում ձեռնպահ մնալ ցանկացած գործողութիւններից, որոնք կարող են արդարացնել ուժի կիրառումը եւ դրանով իսկ խաթարել տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ուժի կիրառումը եւ զանգուածային ոճրագործութիւնները չեն կարող լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որի կարգաւորումը հնարաւոր է միայն բանակցութիւնների միջոցով` միջազգային մանդատ ունեցող միակ ձեւաչափի` ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում», կը նշուի նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին` Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը նախաձեռնեց նաեւ քայլերու` հասցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերոնշեալ դիրքորոշումը համապատասխան այն երկիրներու մայրաքաղաքներուն, որոնք իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները Հայաստանի մէջ հաւատարմագրած են համատեղութեան կարգով: