ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող քայլերու ծիրին մէջ, շուտով փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ յաջորդ տարուան պիւտճէի քննարկման ընթացքին:
Չաւուշօղլու, սակայն, չմանրամասնեց, թէ ե՛րբ պիտի սկսին այս ուղղութեամբ աշխատիլ, եւ որո՛նք պիտի ըլլան այդ ներկայացուցիչները:
Ան նաեւ շեշտեց, որ այս հարցին առնչութեամբ խորհրդակցած է Ատրպէյճանի հետ, որուն հետ ալ հետագային այս գործընթացքին մէջ պիտի յառաջանան։ Թուրք նախարարը նաեւ նշեց, որ յառաջիկային Պոլիս-Երեւան չարթըրային թռիչքներ պիտի սկսին գործել:
Ուշագրաւ է, որ Չաւուշօղլուի այս յայտարարութիւնը խորհրդարանին մէջ ընդունուեցաւ ծափահարութիւններով: Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական ջանքեր ի գործ կը դնեն` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար: