ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 20 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ երկկողմանի խորհրդակցութիւն` Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Իկոր Մորկուլովի նախագահութեամբ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի երկրներուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի, եւրասիական տարածքին մէջ բազմակողմ փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային երթեւեկելի միջանցքին վերաբերող հարցերուն շուրջ: Ընդգծուած է նաեւ ասիական ուղղութեամբ մօտեցումներու համադրման կարեւորութիւնը: