Կաշառակերութեան ոլորտին դէմ միջազգային կազմակերպութիւններու վերջին գնահատումները կը փաստեն, որ Հայաստան զգալիօրէն բարելաւած է իր դիրքերը կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
2էն 5 Յուլիս, Փարիզի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (ՏՀԶԿ) Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ կաշառակերութեան դէմ ցանցի կաշառակերութեան դէմ գործողութիւններու ծրագրող հանդիպման ընթացքին գնահատուած է 4րդ փուլին իբրեւ արդիւնք կազմուած Հայաստանի վերաբերեալ զեկոյցը: Հայաստանի պատուիրակութիւնը, կազմուած՝ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Սուրէն Քրմոյեանէ, գլխաւոր դատախազի տեղակալ Դաւիթ Մելքոնեանէն, Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյագիտութեան յանձնաժողովի նախագահ Սիրանոյշ Սահակեանէ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Արեւիկ Անափիոսեանէ, արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի կաշառակերութեան դէմ քաղաքականութեան մշակման բաժինի պետ Մարիամ Գալստեանէ, ներկայացուցած է Հայաստանի արձանագրած արդիւնքները կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով: Գնահատող խումբին կողմէ յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած է վերջին ժամանակահատուածին կաշառակերութեան դէպքերուն բացայայտման արդիւնաւէտութիւնը:
Պատուիրակութեան այցելութեան եւ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ արձանագրուած է, որ Հայաստանին ներկայացուած եւ այս փուլով գնահատուող 21 յանձնարարականները կատարուած են, 3ը՝ ամբողջութեամբ, 8ը՝ զգալիօրէն, 10ը՝ մասնակի: