ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին եւ նշեց, որ օրակարգի վրայ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերը: Լուրը հաղորդեց թրքական «Հիւրիէթ» թերթի կայքը:
«Նպատակը ամբողջական կարգաւորումն է: Հայերը նոյնպէս շատ գոհ են անկէ, ամբողջական կարգաւորման տանող գործընթացին մէջ, բացի օդային թռիչքներու մեկնարկէն եւ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումէն, պիտի ուսումնասիրուին, թէ ուրիշ ինչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել», ըսաւ նախարարը:
Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ յաջորդիւ յատուկ ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն վստահութեան ամրապնդման քայլերը:
Այս ընդհանուր պարունակին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ստացաւ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու հրաւէր, զոր յղեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ յայտարարեց, թէ Հայաստան հրաւիրուած է այդ ֆորումին:
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Վահան Յունանեան ըսաւ. «Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը համապատասխան ընթացակարգով քննարկում է նախարարի՝ վերոնշեալ միջոցառումներին մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը: Հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի կայացուելիք որոշումների մասին»:
Թրքական «Սապահ» թերթը եւս անդրադարձաւ հայ-թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպման՝ նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանգիտական աղբիւրները յայտնեցին, որ չեն ուզեր հայ եւ թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ 3րդ երկրի մէջ: «Կ՛ուզենք, որ կա՛մ Հայաստանի մէջ տեղի ունենայ, կամ՝ Թուրքիոյ», յայտնեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանգիտական աղբիւրները: