ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական իշխանութիւններուն մօտիկ «Աքշամ» թերթը ակնարկ մը նետած է Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող թրքական «Մուսթաֆա Քոչաք» սահմանային կէտին՝ գրելով, որ թուրք զինուորները հոն շարունակաբար հսկողութիւն կը կատարեն, նոյնիսկ նուազ 15 աստիճան ցուրտ պայմաններու մէջ:
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ վերջերս սահմանին վրայ տեղադրուած են ջերմային տեսախցիկներ, որոնք ջերմութեան փոփոխութիւնը զգալով՝ կարելիութիւնը կու տան անմիջապէս արձանագրելու որեւէ սահմանահատում, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան միջամտութիւն կատարել: