ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան (ՊՆ) նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան 21 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ օտար դեսպանութիւններու հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները:
Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցաւ վերջին օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանի, մասնաւորապէս` Երասխի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ձեռնարկած սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը: Շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային նկրտումներուն վերաբերեալ յարձակողական հռետորաբանութիւնը կը վտանգէ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը:
«Նշուել է, որ հայկական կողմը, հաւատարիմ մնալով ստեղծուած իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծմանը, այնուամենայնիւ, իրաւունք է վերապահում ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` նմանատիպ միջադէպերը կանխարգելելու եւ դրանց հակազդելու ուղղութեամբ:
Ընդգծուել է, որ Հայաստանն ակնկալում է միջազգային գործընկերների յստակ արձագանգը Ադրբեջանի կողմից միջազգային իրաւունքի նմանօրինակ ոտնահարումներին», դիտել կը տրուի այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։