Ֆրանսահայ հանրայայտ երաժիշտ, ճազմեն, երգահան Անտրէ Մանուկեան Հայաստան կը գտնուի: Յայտնի երաժիշտը երկրորդ անգամ հայրենիք կ’այցելէ «Մեցցօ» ակումբի եւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով: «Ես շատ տպաւորուած եմ, երբ եկայ այստեղ եւ յատկապէս ակումբի մուտքի մօտ մեծ պաստառի վրայ տեսայ իմ նկարս: Ես հիմնականօրէն երգչուհիներու համար երգեր կը գրեմ, սակայն գրած եմ նաեւ Շառլ Ազնաւուրի, Միշել Պեթրուչիանիի, Ռիչըրտ Կալիանոյի եւ այլոց համար»,-ըստ «Արմենփրէս»-ի՝ Դեկտեմբեր 15-ին հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ ըսած է Անտրէ Մանուկեան:
Երաժիշտը պատմած է, թէ ինչպէս Ֆրանսայի կինոթատրոններէն մէկուն տնօրէնը դիմած է իրեն` խնդրելով երգել մէկ հայկական երգ եւ նուագել դաշնամուրի վրայ: Ան յիշած է իր տատիկին երգած երգը եւ սկսած է երգելու: «Այդ ելոյթը ինծի համար պատուհան բացաւ դէպի այս «աշխարհ», եւ ես այդ տնօրէնի առաջարկով գրեցի ֆիլմի մը երաժշտութիւնը»,- ըսած է երաժիշտը:
Ան երաժշտութիւնը հայկական հոգիի նկարագրութիւնը տալու ձեւ կը համարէ: Անտրէն հաւատացած է, որ Խորհրդային Միութեան ժամանակ Հայաստանի մէջ չկար այնպիսի ազատութիւն, ինչպէն հիմա է: Այն ժամանակ շատ պահպանողական էին երաժշտութեան մէջ: «Անկախութենէն ետք արեւմտեան երաժշտութեան տարածումը աւելի հեշտացաւ եւ ընդլայնուեցաւ: Յոյս ունիմ, որ այդ ոգին ու հարստութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստանի մէջ լաւ որակը կը պահպանուի»,-ըսած է ճազմենը:
Անտրէ Մանուկեանի մայրենի լեզուն մինչեւ հինգ տարեկան եղած է հայերէնը: Ան աւելի շատ ընտանիքին մէջ պահպանած է տատիկը, որուն մահէն ետք աստիճանաբար նուազած է հայերէնի կիրառութիւնը եւ ան մոռացուած է: «Իբրեւ ճանչցուած հայ արուեստագէտ, շատ ուրախ եմ, քանի որ ես զիս կը զգամ հայկական երաժշտութեան դեսպան»,-եզրափակած է երաժիշտը:
Անտրէ Մանուկեան ծնած է Լիոն, հայկական ընտանիքի մէջ: Եօթ տարեկանէն կը նուագէ դաշնամուր: Աւարտած է Պերքլիի Երաժշտութեան գոլէճը: Ֆրանսայի մէջ հիմնած է «Horn Stuff» ճազ նուագախումբը: Բազմաթիւ յատնի երգերու հեղինակ է, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի եւ Ժիլպեռ Պեքոյի ձայնասկաւառակներու արտադրողը:
Այսօր՝ Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին Արամ Խաչատրեան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Անտրէ Մանուկեանի համերգը: