ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) խօսնակ Աննա Նաղտալեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներթափանցման: Ան ըսաւ, որ ուժի կիրարկումով կամ անոր սպառնալիքին օգտագործումով պայմաններու առաջադրումը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է: Հայաստանը պիտի չենթարկուի այդպիսի ճնշումներու: «Հայաստանը մերժում է նաեւ այսպէս կոչուած «վիճելի տարածքներ» կեղծ օրակարգի ներմուծումը, ինչը վտանգաւոր նախադէպ կարող է հանդիսանալ ուժի կիրառման արդարացման համար նաեւ այլ տարածաշրջաններում: Չկատարելով Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` հայ ռազմագերիների եւ պատանդի կարգավիճակում գտնուող քաղաքացիական անձանց հայրենադարձման եւ այլ մարդասիրական հարցերի առնչութեամբ` Ադրբեջանը կրկին ի ցոյց է դրել միջազգային յանձնառութիւնների միտումնաւոր դրժման իր վարքագիծը», ըսաւ Նաղտալեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանագծման եւ հետագային սահմանազատման գործընթացները պէտք է մաս կազմեն հակամարտութեան համապարփակ խաղաղ լուծման գործընթացին։ Ըստ անոր՝ այս ծիրին մէջ առաջնային կերպով պէտք է հասցէագրուին Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնազատման եւ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշման հարցերը` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ:
«Այս իրավիճակում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքից ադրբեջանական զինուած ուժերի անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերումը Մայիսի 11ի դրութեամբ ելման դիրքեր կարող է անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել ի յայտ եկող հարցերը քաղաքական-դիւանագիտական գործիքակազմի շրջանակներում դիտարկելու համար», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով միջազգային իրաւունքի դիրքերէ հանդէս եկող եւ Հարաւային Կովկասին մէջ կայունութեամբ ու անվտանգութեամբ անկեղծօրէն շահագրգռուած Հայաստանի միջազգային գործընկերներու դիրքորոշման՝ ան շեշտեց, որ անոնք կը հաստատեն, որ Ատրպէյճան անյապաղ եւ անվերապահ պէտք է ետ քաշէ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: