ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Այսօր, Հինգշաբթի 10 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն` Պրն․ Հայկակ Արշամեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հ. Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Պրն․ Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարան եւ Լիբանանահայ երեք Համայնքապետերուն յանձնեց յօգուտ Լիբանանահայութեան Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ հանգանակուած շուրջ 300.000 Ա․Տոլարի (Երեք հարիւր հազար Ամերիկեան Տոլար) գումարը, որ ամբողջու-թեամբ պիտի յատկացուի Լիբանանահայ Վարժարաններուն, յօգուտ 2020-2021 տարեշրջանի ուսուցչաց առաջին եռամսեակի թոշակներուն:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Լիբանանահայ Համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ հաստատուեցաւ, որ հակառակ մերօրեայ բարդ կացութիւններուն, իր ունեցած եզակի ու անփոխարինելի դերին համար, բոլորիս գուրգուրանքի առարկան կը մնայ Հայ Դպրոցը, որ ահաւասիկ, համայնքային մեր պայմաններէն անդին, այսօր նաեւ գործանականօրէն կ՛արժանանայ Հայասատի ու Արցախի պետութիւններուն ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի բարձր զօրակցութեան ու պաշտպանութեան։