ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան, 10 Յուլիսին, նամակով դիմած է Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ առաջարկելով ընդունիլ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը, զոր վերջինս ներկայացուցած էր նախորդ օրը:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ նոյն ժամանակ, Հանրապետութեան նախագահը առաջարկած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան ղեկավարումը ժամանակաւորապէս յանձնել Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեանին, այնուհետեւ յայտարարել բաց մրցոյթ՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար:
Այդ նպատակով կ՛առաջարկուի կազմել մրցութային յանձնաժողով՝ Պետրոս Թերզեանի նախագահութեամբ: Յանձնաժողովի կազմին մէջ պիտի ընդգրկուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մէկական ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ՝ Հոգաբարձուներու խորհրդի անդամ Ալպերթ Պօղոսեանը: