ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց սահմանին կրակոցներուն մասին Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդումը:
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, շարունակելով սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ պարբերական ապատեղեկատուութիւնների իր գործելաոճը, յայտարարում է, թէ Փետրուարի 23ի երեկոյեան ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել հայ-ադրբեջանական սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական մարտական դիրքերի ուղղութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ադրբեջանական կողմին եւս մէկ անգամ կոչ է անում զերծ մնալ սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ տարածելուց», նշուեցաւ նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտպանական գերատեսչութիւնը վստահեցուց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ: