ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմանի դրացիական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ։ «Սվոպոտա» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով՝ Մնացականեան ըսաւ, որ այս ուղղութեամբ Հայաստան մեծ ճիգ ըրած է մինչեւ այսօր, բայց անյաջողութեան պատասխանատուն Հայաստանը չէ՛, այլ՝ Թուրքիա՛ն։
«Դիմացի կողմէն բնաւ չենք լսեր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու յոյս ներշնչող յայտարարութիւն մը», ըսաւ նախարարը։
Մնացականեան աւելցուց, որ Հայաստան պատրաստ է դրացիական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու՝ «բայց չենք կրնար զոհել մեր շահերը»։
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու շահը միայն մերը պիտի չըլլայ, այլ ամբողջ տարածաշրջանինը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։