ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 16 Մարտին, մէջ Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան համաժողովի 40րդ արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կացութեան լարման։
Ան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու վերաբերող գործողութիւնները, մասնաւորապէս` կենսական ենթակառուցուածքներու վերականգնման հարցին մէջ խոչընդոտներ ստեղծելու, բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու եւ բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու փաստերը:
«Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարն ընդգծել է Ֆրանկոֆոնիայի պետութիւնների եւ կառավարութիւնների ղեկավարների` Ադրբեջանի իշխանութիւններին ուղղուած յստակ եւ հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը` զերծ մնալու տարածաշրջանում իրավիճակի ապակայունացման փորձերից: Շեշտուել է, որ Հայաստանը յանձնառու է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան մանդատի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական կարգաւորմանը եւ պատրաստ է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ առանց նախապայմանների բանակցութիւններին», կը նշուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Միրզոյեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ:
Նախարարը լուսարձակի տակ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ատրպէյճանական յարձակումին իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման երեւոյթը: Ան շեշտեց, որ այս գործողութիւնները բացայայտօրէն դէմ են հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերեալ 7 Դեկտեմբեր 2021ի ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրատապ միջոցներ կիրարկելուն վերաբերեալ որոշումին։
Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի միջամտութեան կարեւորութիւնը՝ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի պատմամշակութային կոթողները պահպանելու եւ վանտալիզմի դէպքերը կանխելու նպատակով: