«Անկախ զանազան դատողութիւններէ՝ ժողովրդավար Հայաստանը, ի դէմս Պելոռուսի ունեցած է եւ միշտ պիտի ունենայ լաւ ու վստահելի ընկեր», յայտնեց Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:
Ըստ «Մետիամաքս»ի՝ այս մասին ան խօսած է Մինսկի մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
«Լաւ է, որ եկած էք Պելոռուս: Ձեր այցը Մինսկ եւ մասնակցութիւնը անվտանգութեան հարցով հանդիպման կը խօսի այն մասին, որ Հայաստանին ոչ թէ պարզապէս կ՛անհանգստացնէ այս հարցը, այլ նաեւ անիկա շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար», ըսաւ Պելոռուսի նախագահը՝ ընդգծելով, որ Պելոռուսը՝ Հայաստանի հետ աշխատելով ԵԱՏՄի եւ ՀԱՊԿի մէջ, հետեւողականօրէն կը կատարէ իր պայմանաւորուածութիւնները:
«Դուք գիտէք մեր հնարաւորութիւնները, մենք գիտենք ձեր հնարաւորութիւնները: Հետեւաբար, որեւէ առաջարկ, որ Հայաստան կատարէ, մենք պիտի դիտարկենք կարճ ժամկէտի մէջ եւ պիտի ընդունինք համապատասխան որոշում: Գիտեմ, որ դուք բարդ ժողովրդավարական փոփոխութիւններ կ՛ապրիք, անկէ չես կրնար փախչիլ, եւ, անշուշտ, տեղեկութիւն ստանալը իմ ընկերոջմէ, գործընկերոջմէ, ինծի համար շատ կարեւոր է», յայտնեց Լուքաշենքօ:
Նշելով, որ Պելոռուսի համար կարեւոր էր հետեւիլ բարեկամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ ան ըսաւ. «Մենք ի դէմս ձեզ՝ կը տեսնենք այն մարդը, որ առարկայական է, իրատես ու պատրաստ է աջակցելու Պելոռուսի հետ յարաբերութիւններուն, եւ մենք փոխադարձ պատասխան կու տանք այս բոլորին»:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ապրիլ-Մայիս ամիսներու դժուար օրերուն Պելոռուսի նախագահին աջակցութեան համար:
«Ես ե՛ւ որպէս նախագահ, ե՛ւ որպէս մարդ երբեք չեմ մոռանար այն ուշադրութիւնը, զորս ստացած եմ ձեզմէ: Ձեր հեռաձայնները պարզապէս դիւանագիտական կամ քաղաքական հեռաձայններ չէին, անոնք ընկերոջ մը կողմէ էին», նշեց Արմէն Սարգսեան: