ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան պէտք է հրաժարի Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն՝ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, շեշտեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ան նշեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար, ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին փոխանցած է հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ, որ «կը ներառէ Հելսինքեան համաձայնագիրներու սկզբունքները»:
«Մենք հայկական կողմին ներկայացուցինք խաղաղութեան պայմանագիրի հիմնարար սկզբունքները, կարելի խաղաղութեան պայմանագիր՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Անոնք ձեւակերպուած են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ եւ հիմք կը հանդիսանան բարի դրացիական յարաբերութիւններուն համար», յայտարարեց Հաճիեւ՝ շեշտելով, որ եթէ Երեւան կ՛ուզէ այդ յարաբերութիւնները հաստատել, ամէն ինչի առաջին եւ կարեւորագոյն որոշումը հետեւեալն է. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ զերծ մնան ուժի կիրարկումէն եւ ուժի սպառնալիքէն՝ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»:
Ան շեշտեց, որ երբ «Հայաստան վերջ տայ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներէն», կարելի պիտի ըլլայ դէպի յառաջ ընթանալ: