ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Մենք թեւակոխում ենք Երասխ-Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղու հայաստանեան հատուածի, մասնաւորապէս, Մեղրիի տարածաշրջանում, դաշտային աշխատանքներին», կառավարութեան 3 Մարտի նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետի խորհրդական Արտաշէս Թումանեան, որ երկաթուղիի վերականգնման ծրագրի աշխատանքային խումբին ղեկավարն է, նշեց, որ մասնագիտական խումբը 4 Մարտի առաւօտեան պիտի մեկնի Մեղրի, եւ որ 9 հոգիէ բաղկացած խումբը կը ղեկավարէ Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան համալսարանի նախագահը:
«Երկուշաբթի օրը երկու հոգի կը միանան «Ռուսական երկաթուղիներից» եւ երկու-երեք շաբաթուայ ընթացքում՝ ե՛ւ երկրաբաշխութեան, ե՛ւ երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ կ՛արուեն, կը սերտեն բոլոր կառոյցները, որոնք հետագայում խանգարելու են էդ շինարարութեանը եւ վերաբնակեցման խնդիր կարող է առաջանալ, կը գոյքագրուեն, եւ էդ համալիր հետազօտութեան արդիւնքները կը դրուեն առաջադրանքի եւ նախագծի հիմքում», դիտել տուաւ Թումանեան:
Կառավարութիւնը այդ աշխատանքներուն համար գումար յատկացուց տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան:
Աւարտին, Փաշինեան աւելցուց, որ բոլորը կը դիտարկուին «Հայկական խաչմերուկ»ի ծիրին մէջ: