Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելքիբեկեան հանդիպում մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ եւ յայտնեց, թէ երկրի հաւաքականը պիտի փորձէ պահպանել Եւրոպայի Ազգային խումբերու B խմբակին մէջ իր դիրքը: Ան ըսաւ, թէ ընթացիկ տարեշրջանը երկու մասի բաժնուած էր Հայաստանի հաւաքականին համար: Փայլուն յաղթանակներու շրջան մը եղած է գարնանային հատուածը: Իսկ աշնանային հատուածը՝ հիասթափութեան:
Մելքիբեկեան նշեց, թէ Գանձասար- Կապան եւ Սեւան ֆութպոլային ակումբները երկարաժամկէտ որակազրկումի ենթարկուած են կարգապահական պատճառներով, իսկ Լոռի ակումբը պարտքերուն պատճառով փակուած է:
Գալով ազգային մարզադաշտ կառուցելու օրակարգին, Մելքիբեկեան նշեց, թէ յառաջիկայ երկու ամիսներուն պիտի յստականայ այս ծրագիրին ճակատագիրը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը դիտել տուաւ, որ անորոշութիւն կը տիրէ ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի պայմանագրութիւնը վերանորոգելու հարցին շուրջ: Սպանացի մարզիչին պայմանագրութիւնը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ դեկտեմբեր 2022-ին կ’աւարտի:
Մելքիբեկեան նաեւ անդրադարձաւ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն` VAR համակարգը գործադրութեան դնելու կարելիութիւններուն: Ան յայտնեց, թէ VAR համակարգը գործադրութեան պիտի դրուի յառաջիկայ տարուան Հայաստանի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն: