Երկու շաբաթ առաջ հայկական կողմը Ազրպէյճանի հետ սահմանազատման վերաբերեալ նոր առաջարկներ ներկայացուցած է:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին երէկ Պաքուի մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Փեթեր Սիարթոյի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Հայկական կողմը որոշակի պայմաններ դրած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնախումբի աշխատանքներու մեկնարկին համար: Ազրպէյճանը ըսած է, որ կրնայ սկսիլ այդ հոլովոյթին, սակայն առանց որեւէ պայմանի», ըսած է Պայրամով:
Ան ընդգծած է, որ «Հայաստանը, որ 30 տարի բռնագրաւած է ազրպէյճանական հողերը, չունի իրաւական, քաղաքական կամ բարոյական իրաւունք սահմանազատման հարցին մէջ որեւէ պայման դնելու»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան վերաբերեալ «Արմէնփրես»-ի հարցումին պատասխանելով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան հայկական կողմի առաջարկներուն որեւէ բովանդակային արձագանգ չէ տուած, այլ մերժած է զանոնք` փոխարէնը չներկայացնելով երեք երկիրներու ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու տարբերակներ: Ըստ անոր, Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ յստակօրէն արձանագրուած է, որ երեք երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են քայլերու ձեռնարկել` հայ-ազրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ գործընթացը տանելու դէպի սահմանազատման եւ սահմանագծման երկկողմանի յանձնախումբի ձեւաւորում: Ան յայտնեց, որ այդ յանձնախումբի գործունէութեան պէտք է նախորդեն սահմանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման վերաբերող քայլերուն շուրջ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերումն ու անոնց գործադրութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ այդ հոլովոյթը կատարել, երբ սահմանին վրայ ամէն օր զինադադարի խախտում կ՛արձանագրուի:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի առաջարկները «պայման», «նախապայման» անուանելը, ապա անոնց վերաբերող բարոյական, քաղաքական, իրաւական գնահատականներ հնչեցնելը «ոչ մէկ տրամաբանական կապ ունի վերը նշուած հոլովոյթին հետ»:
Անդրադառնալով Պայրամովի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստան վիժեցուցած է եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը` Յունանեան ասիկա նկատեց «առնուազն տարօրինակ»: Ան յայտնեց, որ նոյն օրը առաւօտեան տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանը Երասխ-Ճուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերականգնումը գործնական քայլերու փուլին մէջ է, եւ աշխատանքային խումբի հայաստանեան համանախագահ, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 2 փետրուարին Երեւանի մէջ այս նիւթով առարկայական քննարկում կատարեց իր գործընկերոջ` փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Օլեկ Պելոզեորովի հետ: Վարչապետ Փաշինեան` գնահատելով իրադրութիւնը, յայտարարեց, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբի աշխատանքին առաջին արդիւնքներու արձանագրութիւնը շատ մօտ կը թուի: «Այս պարունակին մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները առնուազն տարօրինակ են, եւ յոյս ունինք, որ ասիկա չի նշանակեր երկաթուղիի վերագործարկման հարցին մէջ Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն Ազրպէյճանի հրաժարականը», շեշտեց Յունանեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ Հայաստան կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, որոնց մասին վարչապետը քանի մը անգամ հրապարակային յայտարարած է:
Ան նշեց, թէ երթեւեկի հաղորդակցութեան միջոցներու բացման մասին նոյնպէս Հայաստան առաջարկներ ներկայացուցած է ազրպէյճանական կողմին, սակայն անոնք ցարդ մնացած են անպատասխան. «Հայաստանը պատրաստ է օր առաջ սկսելու այդ առաջարկներու իրագործման», եզրափակեց Յունանեան: