ՏՈՒՇԱՆՊԷ, «Արմէնփրէս».- 16 Սեպտեմբերին, Հայաստան ստանձնեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նախագահութիւնը: ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստի աւարտին, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն ՀԱՊԿի նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով իր եւ իր երկրին մողմէ շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ նկատեց շարունակել աշխատանքը արտաքին քաղաքական համակարգման եւ փոխօգնութեան խորացման ուղղութեամբ` ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու շահերը շօշափող միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ համակարգուած մօտեցումներու մշակման համար:
Ըստ անոր՝ հաւաքական անվտանգութեան տարբեր տարածաշրջաններու մէջ իրավիճակի զարգացման տրամաբանութիւնը յստակ ցոյց տուած է ճգնաժամային արձագանգման կառուցակազմերու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: «Գործնականում այս ամէնը կը ձեւաւորուի, այդ թւում` Ճգնաժամային արձագանգման կենտրոնի լիարժէք գործունէութեան ապահովման միջոցով», նշեց Փաշինեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան մտադիր է սերտօրէն համագործակցիլ ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու հետ՝ ՀԱՊԿի ուժերու մարտունակութեան, մարտական պատրաստութեան, ներդաշնակութեան եւ շարժունակութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով: Հայաստան կ՛առաջարկէ քայլերու ձեռնարկել՝ միջազգային մակարդակի վրայ ՀԱՊԿի հեղինակութեան ամրապնդման ուղղութեամբ. «Այս առումով կարեւոր է առաւելագոյնս օգտագործել եւ զարգացնել ՄԱԿի, ԵԱՀԿի եւ այլ կազմակերպութիւնների հետ առկայ համատեղ աշխատանքային փորձը», նշեց Փաշինեան:
Ան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նեղ կազմով նիստին անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն՝ նշելով, որ ՀԱՊԿի հաւաքական պատասխանատուութեան գօտիի պարագիծով կ՛արձանագրուին մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու նոր դրսեւորումներ: «Մեր տարածաշրջանն այսօր կանգնած է շատ կարեւոր փոխակերպումների շեմին: Քաղաքական կամքի եւ իմաստութեան դրսեւորման պարագայում դրանք կարող են փոխել ներկայիս պատկերը եւ բերել տարածաշրջանում իրական խաղաղութեան պայմանների ձեւաւորմանը: Մեր կառավարութիւնն իր գործունէութեան ծրագրում նպատակ է դրել բացել երկրի եւ տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման նոր դարաշրջան: Եւ մենք, յաղթելով այս տարուայ Յունիսին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններում, ստացանք այս հիմնարար նպատակին հասնելու մանդատ», ընդգծեց Փաշինեան:
Վարչապետը ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերանցէ խաղաղ զարգացման նոր դարաշրջանի նպատակին հասնիլը. «Երկխօսութեան ճանապարհով, թշնամութեան մթնոլորտի աստիճանաբար յաղթահարման ճանապարհով, ինչը, ցաւօք, գոյութիւն ունի մեր տարածաշրջանում, տարածաշրջանային բոլոր տնտեսական եւ տրանսպորտային կոմունիկացիաների բացման ճանապարհով: Այս համատեքստում շատ կարեւոր է այն պայմանաւորուածութիւնների իրականացումը, որոնք ամրագրուել են Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի, Ադրբեջանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի` 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եւ 2021 թուականի Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութիւններով», նշեց Փաշինեան:
Հայաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան տակաւին չէ վերադարձուցած բոլոր հայ ռազմագերիները, ձերբակալուածները եւ պահուող այլ անձեր, հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 8րդ կէտին եւ Հայաստանի գործընկերներուն, որոնց կարգին Ռուսիոյ եւ նախագահ Փութինի ջանքերուն: «Այդ զուտ մարդասիրական հարցը պէտք է լուծուի առանց յետաձգելու եւ այդ հարցում ակնկալում եմ ձեր աջակցութիւնը», շեշտեց Փաշինեան։