ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Հայաստանը հանդէս է գալիս տարածաշրջանում խաղաղութեան դարաշրջան բացելու օրակարգով եւ ջանքեր է գործադրում թէ՛ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքների եւ տրանսպորտային ուղիների ապաշրջափակման, թէ՛ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ուղղութեամբ»: Այս մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ 20 Յուլիսին ընդունելով Գերմանիոյ Պունտեսթակի փոխնախագահ Քաթրին Կէօրինկ-Էքքարտթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ըստ Ազգային ժողովի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան` Սիմոնեան շեշտեց, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի իր դրացիներէն։
Քաթրին Կէօրինկ-Էքքարդտթի նշեց, որ աչալրջօրէն կը հետեւին տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ հակամարտութիւններու լուծման արդիւնաւէտ ուղին խաղաղ բանակցութիւններն են: