Գալիֆորնիոյ Պրպենք եւ Կլենտել քաղաքներու մէջ անցեալ տարի ատելութեան հողի վրայ ութ յանցագործութիւն կատարուած է: Այս մասին «Burbank Leader՚ պարբերականին ըսած է Լոս Անճելեսի շրջանի մարդկային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի աշխատակիցը, որ ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւններու մասին զեկոյցի հիմնական հեղինակն է: Կը տեղեկացնէ News.am-ը։
Այդ յանցագործութիւններէն չորսը կատարուած են ազգային եւ ցեղական հողի վրայ, իսկ անոնցմէ երեքը ուղղուած են հայերու դէմ:
Անցեալ տարուայ սկիզբին ձեռնարկութեան մօտ կայանուած մեքենայի վրայ հայերու հասցէին հայհոյանք փորագրուած է: Եօթ ամիս անց մէկ այլ փոխադրամիջոցի վրայ յայտնուած է նոյն նախադասութիւնը: Անկէ մէկ ամիս ետք` մէկ այլ նախադասութիւն`«հայեր, վերադարձէք Հայաստան՚, այս անգամ` հանրակառքի կանգառի նստարանի վրայ:
Ինչպէս հաղորդած էր աղբիւրը, Լոս Անճելեսի շրջանին ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններու թիւը անցեալ տարի աճած էր 15%-ով: Յանձնաժողովի` ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւններու մասին տարեկան զեկոյցի մէջ կը նշուի, որ 2011թ. գրանցուած է նմանատիպ 489 միջադէպ նախորդ տարուայ 427 –ի համեմատ, սակայն անիկա նկատելի ցած է 2001թ-ի ցուցանիշէն` 1031 դէպք: