Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1-Զկեռ-զղեար
Արեւմտահայ բառարանագրութեան որբ ու անտէր բառերէն մէկն է այս. մեր բոլոր բառարանագիրները ակնարկած են անոր՝ իբրեւ պտուղի մը, որ ունեցած է երկու անուն, առանց, սակայն, բան մը հասկնալու անկէ, առանց պատկերացնելու, թէ ճիշդ ի՛նչ է ան:
—Գայայեան(1938) ունի՝ զղեար – տե՛ս զկեռ:
Կը բանաս զկեռ, կը գտնես՝ «զղեար, ծառը՝ զկեռի, կարծր փայտով»:
Գնա՛-հասկցի՛ր, թէ ի՛նչ է:
Եւ ուրիշ ոչ մէկ բացատրութիւն կամ բառ: Այսքանէն մեր մտաւորականները, ընթերցողներն ու աշակերտները պարտին հասկնալ ի՛նչ ըլլալը:
—Ճիզմեճեան(1954) իր կարգին կու տայ զղեար հոմանիշը, ու կ’աւելցնէ «թթուաշ ուտելի պտուղ մը»:
—Տէր Խաչատուրեան (1968)՝ «ուտելի՝ թթուաշ՝ ընկոյզի մեծութեամբ պտուղ, նորաշխարհ, զղեար. ծառը՝ զղեարենի, զկեռի»:
Այստեղ մեծ նորութիւնը՝ նորաշխարհ հոմանիշն է, որուն արաբները էքիտունիա կ’ըսեն, թրքերէն՝ ենիտունեա. մերը՝ այս վերջինին թարգմանութիւնն է:
Արդ, «նորաշխարհ» կոչուածը, որ շինծու բառ մըն է, սակայն գրեթէ հանրօրէն որդեգրուած արեւմտահայերուս կողմէ, թթուաշ չէ. կայ շատ քաղցրն ալ, եթէ որակաւոր տեսակն է ու մանաւանդ հասուն է:
—Կռանեան(1982)՝ «զկեռ–նորաշխարհ ( պտուղ), զղեար»:
—Ճերեճեան(1992) «տե՛ս զիկի: Ծառը՝ զկեռի, զղերենի»:
«Զիկի – զկեռ, զղեար, նորաշխարհ “արաբերէնը՝ էքիտունիա, թրքերէնը՝ ենիտունիա”»:
Ինչո՞ւ կը կառչի «զիկի» ձեւին,– չես գիտեր: Հանելուկ մըն ալ այս է:
Ուրեմն ա՛յս է այն ամբողջութիւնը, որ կը գտնենք անցած դարու արեւմտահայ բառարանագրութեան մէջ: Ըսելու պէտք չկայ, որ յիշեալ հինգ բառարանագիրներէն ոչ մէկը գիտէ, թէ ինչի՛ մասին կը գրէ, անոնցմէ գոնէ երեքն ալ զայն կը շփոթեն բոլորովին ուրիշ պտուղով մը՝ որ թրքերէն yenidunya ըսուածն է:
* * *
Միւս կողմէ, բոլոր տուեալները ունինք, որ արեւելահայ բառարանագիրները ծանօթ են անոր, յստակ կը նկարագրեն զայն՝ սկսած Մալխասեանէն (տէր Խաչատուրեան առած է այս վերջինէն՝ առանց ըմբռնելու եւ յանգած է սխալ եզրակացութեան՝ շփոթելով զայն թրքական yenidunya-ով, որ հայերէն թարգմանի նորաշխարհ): Անոնց պէտք է օգնած ըլլայ Արեւելեան Հայաստանի բուսական աշխարհի ու յատկապէս վայրի պտուղներու հարուստ տեսականին. Մալխասեան կը հաստատէ, որ «ան կը բուսնի ամբողջ Կովկասի տարածքին», եւ կու տայ պտուղին լատիներէն անուանումն ալ՝ mespilus germanica: Անոր ծանօթ եղած է թրքերէնը եւս՝ մուշմուլա, ծառը՝ մուշմուլա աղաճը: Արաբերէնը կը կիրարկէ նո՛յն եզրը:
Գաբամաճեանի գրաբար բառարանին մէջ (1892) կը գտնենք՝ «շատ կուտերով թեթեւապէս կապող (այսինքն՝ թթուաշ) պտուղ». կու տայ ֆրանսերէն անուանումը՝ nèfle, նաեւ թրքերէն՝ մուշմուլա:
Նորաշխարհ, թրք.՝ yenidunya Զկեռ, ծառը զկեռենի, զղերենի. թրք.՝ muşmula
Ֆրանսերէն՝ nèfle du Japon Ֆրանսերէն՝ nèfle, ծառը՝ néflier
Անգլերէն՝ loquat[1] Անգլերէն՝ medlar, ծառը՝ medlar-tree
Լատիներէն՝ eriobotrya japonica Լատ.՝ mespilum, ծառը՝ mespilus germanica
* * *
- Պէտք է ամէն բանէ առաջ նկատել, որ ասոնք երկու տարբեր պտուղներ են:
Զկեռը լայնօրէն տարածուած ու ծանօթ եղած է Հին աշխարհի մէջ՝ Կովկաս, Միջին Արեւելք ու Եւրոպա եւ տեղական լեզուներու մէջ վաղուց անուն ունեցած է: Յարաբերաբար ուշ երեւցած է «նորաշխարհ» կոչուածը՝ գալով Ծ. Արեւելքէն: Արաբական երկիրներու մէջ ան կոչուած է Էքիտունեա, թրքերէն՝ yenidunya (նաեւ՝ maltaeriği =Մալթայի սալոր) շինծու անունով, իսկ եւրոպացիները զայն անուանած են նմանողութեամբ, ինչպէս ֆրանսացիք, որ զայն կոչած են nèfle du Japon, որ կը նշանակէ «Ճափոնական զկեռ», որ բոլորովին արուեստական անուն մըն է, քանի ոչ մէկ առնչութիւն ունի զկեռին հետ, իսկ անգլերէնը որդեգրած է չինական անունը:
Աճառեան այս բոլորին վրայ գրեթէ ոչինչ կ’աւելցնէ. միայն կը նշէ, որ արեւելահայերէնի մէջ տարածուած է զկեռ, իսկ արեւմտահայերէնի մէջ զղեար: Ճիշդ ինչի՛ վրայ կը հիմնէ Աճառեան այս տեսակէտը,– չենք գիտեր, քանի բոլոր արեւմտահայ հեղինակները յիշած են երկու անուններն ալ. իսկ Բիւզանդացի (1884) յիշած է մի՛այն զկեռ:
Յ. Գ.
Այս բոլորէն ետք կը մնայ, որ գտնենք պատշաճ անուն մը՝ փոխարինելու համար թրքական յերիւրածոյ անունի ապաշնորհ թարգմանութիւնը՝ նորաշխարհ-ը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
Մրցոյթ 3. Առաջարկուած էր ուղղել երեք թերիները հետեւեալին.
«Ան շարունակեց խելակորոյս իր վազքը ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները յաղթահարելով»:
Անհրաժեշտ էր նախ նկատել, որ այս նախադասութիւնը կը կրէ դերբայական դարձուած մը՝ «ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները յաղթահարելով»: Ուր դերբայական կորիզն է յաղթահարելով-ը:
ա) Դերբայական դարձուածը, երբ յետադաս է ան, բութով մը կը տրոհուի մայր կամ լրացեալ նախադասութենէն:
բ) Աւելորդ է իր բառը, որ արեւմտահայերս կը կիրարկենք ազդուելով ֆրանսերէնէն եւ անգլերէնէն, որոնք պարտադրաբար կը կիրարկեն զայն: Երբ մէկը կը վազէ, այդ վազքը իրմէ զատ ուրիշին չի կրնար պատկանիլ, ուրեմն աւելորդ է իր-ը:
գ) Դերբայական դարձուածին դերբայական կորիզը՝ յաղթահարելով-ը, պարտէր ըլլալ դարձուածքին առաջին բառը եւ դրուէր ճիշդ բութէն ետք: Ուրեմն՝ պէտք է ունենայինք. «Ան շարունակեց խելակորոյս վազքը՝ յաղթահարելով ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները»:
Առ ի գիտութիւն.
Դեդրբայական դարձուածը կրնայ գտնուիլ նա՛եւ լրացաեալ նախադասութեան՝ —Սկիզբը .«Յաղթահարելով ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները՝ ան շարունակեց խելակորոյս վազքը»:
Կամ՝ «Ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները յաղթահարելով՝ ան շարունակեց խելակորոյս վազքը»:
—Մէջը. «Ան, յաղթահարելով ճամբուն վրայ ցցուող բոլոր արգելքները, շարունակեց խելակորոյս վազքը»:
Ուրեմն երբ նախադասութեան սկիզբը կամ վերջն է, ան բութով կը տրոհուի, իսկ երբ մէջն է, կը տրոհուի երկու ստորակէտերով:
* * *
Մրցոյթ 4. Հետեւեալը կը կարօտի երկու միջամտութեան. գտնել եւ ուղղել.
«Ժահրի անգլիական տարբերակը սրընթաց կերպով կը յառաջդիմէ»:
[1] Չինարէնի տառադարձումն է. յարաբերաբար նոր է, ուստի ամէն բառարան չունի զայն: