Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Աֆէյեան-Աֆէեան
Ինչպէս գիտէք, այս օրերս շատ տարածուած՝ գրեթէ բոլոր լեզուներով արտասանուող ու գրուող անուն մըն է այս, որ պատիւ կը բերէ բոլորիս իր հնարած հակավարակային շիճուկով: Ձգենք, որ մասնագէտները զբաղին անոր բուժիչ յատկութիւններով, իսկ մենք սեւեռենք ուղղագրական այն երկւութիւնը, որուն կը հանդիպինք գաղութէ-գաղութ, թերթէ-թերթ, գրողէ-գրող, ուր ոմանք կը գրեն Աֆէեան, ուրիշներ՝ Աֆէյեան:
Ո՞րն է ճիշդը այս երկուքէն: Եւ ինչո՞ւ:
Նախ եւ առաջ հայերէնի մէջ է տառէն ետք յ չի գար, չունինք որեւէ բառ,– տե՛ս «Նոր հայկազեան»,– որուն մէջ գտնենք տառահնչիւնական էյ հերթագայութիւնը: Չկայ այդպիսին: Այսքանը չգիտցողներ Մեսրոպէն հազարամեակներ ետք օտար բառերու, յատկապէս յատուկ անուններու տառադարձութեան մէջ գրեցին՝ թէյ, Պոմպէյ, Զէյթուն, Պէյրութ, Ալէյ, Ֆէյթրուն եւ այլն, որոնք բոլորն ալ խորթ են, օտար են եւ չիմացութեան հետեւանք են:
Տեսա՞ծ էք երբեւիցէ, որ գրուի Թէքէյեան: Միշտ ալ գրած ենք Թէքէեան:
Ծանօթ.—Նախընտրելին՝ Թեքէեան-ն է:
Այսպէս ալ օտար բառերն ու անունները:
Օրինակ՝ ինչպէ՞ս պիտի գրենք մեծանուն հայագէտ Meillet-ի անունը. շատ պարզ է, պիտի գրենք Մեյէ: Մեյյէ եւս պէտք չէ գրել, որովհետեւ յյ նմանապէս հայերէն չէ:
Պէտք է ընդհանրապէս խուսափիլ օտար բառերու եւ անուններու կրկնակ բաղաձայնները զոյգ տառադարձելէ. մեր նախնիները հետեւողականօրէն օտարին զոյգ բաղաձայնները կը վերածէին մէկի:
- Ձայնաւորներու ներդաշնակութիւն
Հայերէնի մէջ կը գործէ ձայնաւորներու ներդաշնակութեան օրէնք մը, որու հիմամբ երկու ձայնաւորներ կրնան իրարու յաջորդել կամ ոչ: Զանց կ’ընեմ անդրադառնալ հարցի ամբողջութեան, որ կրնայ տաղտկալի ըլլալ, պիտի գոհանամ մէկ-երկու խնդրայարոյց ու մանաւանդ այժմէական պարագաներով:
Բերուած դրոյթին իբրեւ օրինակ առնենք «ի»-ն:
Այս ձայնաւորը կրնայ միանալ մեր բոլոր ձայնաւորներուն. օրինակ՝ միակ, դիել, ոսկիէ, բարտիի, միոջ, միութիւն: Ան կրնայ մինչեւ իսկ միայնալ «ւ» կիսաձայնին, որ կէս ձայնաւոր մըն է. օրինակ՝ միւս, հիւր, սիւն եւ այլն:
Ծանօթ.—Չես գիտեր ինչու, ի ձայնաւորը իրմէ ետք չ’ընդունիր իր արիւնակիցը եղող յ կիսաձայնը, որ կէս «ի» ձայնաւոր է. եզակի բացառութիւն է իյնալ բառը, որ բարբառային աղաւաղ ձեւ մըն է` արեւմտահայերէնին յատուկ: Ուրիշ մը չկայ: Սակայն մեր իրականութեան մէջ ան կա՛յ. «Մարմարա»-ի տնօրէն Հատտէճեանը կը գրէ Ալիյեւ, թող որ ան իր անունն ալ՝ Ռոպէր, սխալ կը գրէ՝ փոխանակ Ռոպեր-ի, եւ այս՝ հակառակ բազմաթիւ դիմումներու, խնդրանքներու, թախանձանքներու եւ…նկատողութիւններու:
Բանիւ նովին ան կը մեղանչէ ե՛ւ Մեսրոպի, ե՛ւ հայերէնի, ե՛ւ Աստուծոյ դէմ. անշուշտ օր մը հաշիւ պիտի տայ այս օրինազանցութեան համար հոն՝ վերը, վերջին ահեղ դատաստանի օրը:
Ըստ այսմ սխալ է գրել նաեւ Եահնիյեան…պէտք է ըլլայ Եահնիեան:
Ձայնաւորներու հանդէպ մօտաւորապէս նոյն վերաբերումը ունի «ու»-ն եւս, որ ազատօրէն կը միանայ ա, ե, ի, ո, ը ձայնաւորներուն. օրինակ՝ նուազ, գործուեր, ձուին, եկուոր, գզուըտուք. սակայն իր կարգին կը մերժէ միանալ կիսաձայն «յ»-ին[1]. «ույ» հերթագայութիւն չունի հայերէնը:
- Իր ետին ձայնաւոր ընդունիլը յատուկ չէ ամէն ձայնաւորի:
Օրինակ՝ ա եւ ո հնչիւններէն ետք որեւէ ձայնաւոր չի կրնար գալ[2]. ինքը՝ հայերէնը նման բառ չունի, իսկ հոն ուր օտար բառերու մէջ կը հանդիպին այդպիսիները, մեր նախնիները անոնց միջեւ ընդհանրապէս դրած են զանազան ձայնակապեր. օրինակ՝ Աբրաամ>Աբրա-հ-ամ, Բաալ> Բա-հ-աղ: Ըստ այսմ՝ աւելի ուշ սխալ գրած ենք Պաալպեք,– ուր Բահաղը մեհեան ունէր,– եւ պարտէինք տառադարձել Բահաղբեք կամ Բահալբեք: Նաեւ՝ Իսաակ>Իսա-հ-ակ, Յոէլ>Յո-վ-էլ, Նաում>Նա-ւ-ում, Ռոբոամ>Ռոբո-վ-ամ եւ այլն: Այս բերուած հրէական յատուկ անունները բոլորը կը հիմնուին յունարէն Աստուածաշունչի վրայ, որու հետեւողութեամբ տեղի ունեցած է հայերէն թարգմանոթիւնը: Արդ, յունարէնը չունի հ, վ, ւ հնչիւններն ու տառերը, այլ խօսքով՝ հայ թարգմանիչներն են որ աւելցուցած են զանոնք՝ հայերէնի գեղագիտական ու բարեհնչական պահանջներուն թելադրանքով:
* * *
Եթէ ա եւ ո ձայնաւորներուն յաջորդէ ե-ով սկսող ածանց մը կամ որեւէ այլ բաղադրիչ, այս պարագային հայերէնը կ’օգտագործէ յ ձայնակապը. օրինակ՝ Աղա-եան>Աղա-յ-եան, Պապա-եան>Պապա-յ-եան, Մինո-եան>Մինո-յ-եան, Պաղտո-եան>Պաղտո-յ-եան, Հարպո-եան> Հարպո-յ-եան եւ այլն:
Ծանօթ.—Պոլսահայերը առաջին մէկ օրէն սխալ կը գրեն Եսաեան՝ փոխանակ Եսա-յ-եանի: Իր մականունը սխալ գրած է նաեւ բառարանագիր Գայա-եան, որ պէտք է ըլլայ Գայա-յ-եան:
- Այս կանոնը շատ յաճախ կը չարաշահուի:
Օրինակ՝ սխալ է գրել Պիքֆայեա, Սորայեա, Ռաշայեա, Ռուայեալ, Սաւայեա, Ֆառայեա, մայեա. մանաւանդ Սայեաթ (Նովա). մեծ աշուղը ոչ մէկ ատեն իր անունը ե-ով գրած է, նոյնիսկ իրմէ մնացած տետրակին մէջ անունը Սայաթ է, որ կը ծագի սեմական սայադ բառէն, որ իր արտասանութեամբ դարձած է սայաթ[3] եւ որ կը նշանակէ «որսորդ»: Ան ինքզինք նմանցուցած է գեղեցիկ ու նոր բառերու, ասոյթներու որսորդի:
Այս անուններուն մէջ հայօրէն գիտակցուող եւ ե-ով սկսող որեւէ ածանց չկայ. ուրեմն՝ Պիքֆայա, Սորայա…նաեւ առանց վերջը յ կցելու, քանի յատուկ անունները յ չեն առներ իրենց վերջը (Եղիա, Սոնա, Լենա…) եւ Սայաթ:
Ինչպէ՞ս կը կարծէք, որ պէտք է գրել՝ Հիմալայան թէ՞ Հիմալայեան:
Աչքին ու մտքին համար հաւասարապէս բեռ մըն է վերջինը՝ եան-ով:
Բառիս սկզբնաձեւը Հիմալա չէ, որպէսզի զայն դարձնենք՝ Հիմալայ+եան, այլ Հիմալայա է, ուրեմն՝ Հիմալայան լեռներ:
Նմանապէս Հաւայան կղզիներ, եւ ոչ թէ Հաւայեան, քանի բառիս սկզբնաձեւը Հաւա չէ, այլ Հաւայ, ուր բնիկները կը հնչեն բառավերջի յ կիսաձայնը:
Այլ խօսքով՝ երկուքն ալ հայերէն մտածողութեամբ վերծանելի անուններ չեն, եւ որեւէ հարկ չկայ զանոնք օժտելու բառավերջի եան ածանցով, որ պատկանելութիւն ցոյց կու տայ եւ հայեցի դրոշմ կը պարգեւէ բառերուն:
Ծանօթ.—Որեւէ ձայնակապի չեն կարօտիր՝
—ե, որ իրմէ ետք կ’ընդունի ա եւ օ . օրինակ՝ ատեան, եօթը:
—է, որ կ’ընդունի ա, ի, ե, ու. օրինակ՝ էակ, էի, թէեւ, էութիւն:
Ա, ը, ո, օ, իւ ոչ մէկ ձայնաւոր կրնան ընդունիլ իրենցմէ ետք:
Ը, օ, իւ չեն կրնար ընդունիլ նաեւ յ եւ ւ կիսաձայները:
Ո կրնայ իրմէ ետք ընդունիլ յ կիսաձայնը՝ գոյն, կոյր:
* *
*
Մրցոյթ 5. Ճիշդ պատասխանած են՝ հայր Պօղոս Գոճանեան, Յարութ Կիւլիւզեան, Եփրեմ Թոքճեան, Գրիգոր Դաւիթեան, Թալին Ֆարրա, Յովիկ Աթոքեան , Մանուէլ Ֆարաճեան, Արմէն Պաղտոյեան, Սելլա Թնճուկեան, Սեդա Գրիգորեան, Համբարձում Յարթունեան, Ցոլակ Ապտալեան, Դանիէլ Թիւֆենքճեան, Լեւոն Շառոյեան, Գէորգ Եազըճեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Համբիկ Պիլալեան, Զարուհի Դանիէլեան5 Գեղամ Խաչատրեան, Վարուժան Գազանճեան:
Մրցոյթ 6. Հետեւեալը, բանաւոր հայերէն դառնալու համար, կը կարօտի կարգ մը միջամտութեանց: Փորձէ գտնել զանոնք ու սրբագրել բնագիրը:
«Հզպալլայի առաջնորդը կը ժխտէ Սլիմի սպանութեամբ Հզպալլայի իր կուսակցութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները»:
[1] Ինչպէս որ կը գրենք՝ լայ, կայ, տայ՝ յ-ով, տրամաբանօրէն պէտք է գրէինք նաեւ՝ խօսիյ եւ թողույ, սակայն ասոնք կը գրենք առանց այդ յ-ին: Նոյնիսկ հոլովները կը գրենք առանց յ-ի՝ այգիի–կատուի, այգիէ-կատուէ-այգիով-կատուով՝ հակառակ անոր, որ այդ յ ձայնակապը կ’արտասանենք. կ’արտասանենք՝ այգիյի, կատույի, սակայն կը գրենք այգիի, կատուի: Այսքան խիստ է օրէնքը:
[2] Քաոս եւ պոեմ օտար բառերը հետագային սպրդած են մեր լեզուին մէջ:
[3] Սայաթ-Նովայի բարբառին մէջ բաղաձայնական եռաշարք համակարգը շատ աղաւաղումներ կրած է. օրինակ՝ միայն «Թամամ աշխարհ»-ի մէջ կը գտնենք՝ հաքած-հաքնիս (հագնիլ), կը գթնէ (կը գտնէ), մէչ (մէջ), մեճկ (մէջք), յիփ (երբ): Ընդհանրապէս ձայնեղները վերածուած են խուլի կամ խուլ-շնչեղի: Ասով ալ կը բաատրուի Սայադ>Սայաթ ձայնեղ>խուլ հնչիւնափոխութիւնը: