Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
- Այս խօսքը իմս է:
Այս խօսքը ինծի է:
—Այս երկուքէն ո՞րն է ճիշդը,– կը հարցնեմ ծանօթներու ու բարեկամներու, եւ անոնք գլուխնին կը քերեն ատեն մը, կը հաշուեն, կը չափեն, կը ձեւեն եւ վերջապէս…կ’ընտրեն մէկէն մէկը: Ակնկալած պատասխանս չեմ ստացած մինչեւ հիմա: Որովհետեւ…անոնք կ’ընտրեն, իսկ այստեղ ընտրելիք բան չկա՜յ,–երկուքն ալ հայերէն են:
—Այս խօսքը իմս է՝ կը նշանակէ ե՛ս եմ հեղինակը այս խօսքին, ե՛ս արտասանած եմ զայն:
—Այս խօսքը ինծի է՝ կը նշանակէ ան ուղղուած է ինծի: Ուրիշ մը զայն ուղղած է ինծի:
Որքան գիտեմ, արեւելահայերէնը չունի այս զանազանութիւնը. ան կրնայ ըսել՝ «այս խօսքը իմն է», սակայն, որքան ականջներս կը թելադրեն ինծի, «այս խօսքը ինձ է» (տրական) չունին. Բոլորովին զրկուա՞ծ են անկէ, թէ՞ միջոց մը ունին զայն տարբեր ձեւով ըսելու,– չեմ գիտեր:
Այս զանազանութիւնը չունին ֆրանսերէնը, անգլերէնն ու իտալերէնը եւս, իսկ մնացեալը չեմ գիտեր: Չէին կրնար ունենալ, քանի երեքն ալ տրական հոլով դերանուն չունին: Ունին շինծու տրականներ, որոնք նման ոճ մը արտայայտելու ի վիճակի չեն:
Չունի գրաբարը եւս, որքան ալ ան տրականով օժտուած ըլլայ:
Զայն կատարելապէս ունի ու շատ յստակ կը զանազանէ…թրքերէնը. սեռականին համար կ’ըսէ՝ պենիմ տիր, տրականին համար կ’ըսէ՝ պանա տըր[1]: Եւ շատ ընթացիկ կիրարկութիւն ունին ասոնք:
Ես կը կարծեմ, թէ մենք թրքերէնէն առած ենք այս ոճը, տարբեր չէր կրնար ըլլալ անոր ծագումը: Մեր շրջապատին մէջ չկայ որեւէ ուրիշ լեզու, որ ունենայ այս զանազանութիւնը:
* * *
Ասոր հետեւողութեամբ` հայերէնը ունի այլ կիրարկութիւն եւս:
Օրինակ՝ մեծաւորի մը խօսքը մտիկ չընողին սովորական է ըսել. «Քեզի եմ»,– որ կը նշանակէ «խօսքս քեզի ուղղած եմ, քեզի կը դիմեմ»:
Ասոր անմիջական թրքերէնը ծանօթ չէ ինծի կամ նոյնիսկ եթէ կայ, ապա ընթացիկ չէ:
Կարելի է ենթադրել, թէ այս վերջինը հայեցի մտածողութեան ծիրէն ներս յառաջացած ու զարգացած է եւ այլեւս փոխառութիւն չէ թրքերէնէ:
Բոլորովին ուրիշ բան պիտի նշանակէր «քուկդ եմ» ըսել, որ կը նշանակէ «քեզի կը պատկանիմ»: Յիշել Շիրազի հետեւեալ տողը.
«Ես ամբողջովին քոնն եմ, հայրենիք,
Եւ մոմի նման ճամբէքիդ վրայ
Թէ մի օր վառուեմ քո փառքի համար,
Մոխրաբիծ անգամ ինձմից չի մնայ»:
Քոնն՝ սեռական հոլով է, քուկդ կը նշանակէ:
Ծանօթ.—Ուշադրութի՛ւն. իմս-քուկդ-իրը-մերը-ձերը-իրենցը-իմը-քոնը-նրանը…
Ասոնք ճիշդ սեռական չեն. «փոխանուն» կը կոչուին, այսինքն՝ անուն կամ գոյական փոխարինող կառոյցներ են, սեռականէ յառաջացած գոյականական կազմութիւններ են, որոնք կրնան գոյականի պէս ալ հոլովուիլ. օրինակ՝ իմս-իմինիս-իմինէս-իմինովս:
Մինչդեռ իմ-քու-իր սեռականները չեն հոլովուիր, արդէն հոլովուած են:
2.Ի դէմս, յանձին-յանձինս
Այս երեքը հոմանիշներ են. գործածութեան մէջ սխալագրական անողոք մրցումի ելած են հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողները իրարու հետ: Պատճառը, կ’ենթադրեմ, ասոնց գրաբարեան կառոյցն է, որ արդի հայուն համար թելադիր չէ, չ’առաջնորդեր անոր ընտրութիւնը:
Երեքն ալ կը նշանակեն անձին մէջ , մէկուն մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչի:
Օրինակ՝ «Ի դէմս Համբարձումեանի կ’ողջունենք մեր մեծագոյն գիտնականը»:
«Յանձին Համբարձումեանի կ’ողջունենք մեր մեծագոյն գիտնականը»:
Այսինքն՝ Համբարձումեանի անձին մէջ կ’ողջունենք մեր մեծագոյն գիտնականը:
Հերթական սխալները հետեւեալներն են.
ա) Ոմանք կը կարծեն, թէ ի դէմս կը նշանակէ դէմ, հանդէպ, դիմաց. օրինակ՝
«Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ինչո՞վ կրնար պաշտպանուիլ ի դէմս այն սպառնալիքներուն, որոնք կը ցցուին իր առջեւ» (Պարոյր Աղպաշեան, «Պայքար», թիւ 214):
«Ինչո՞վ արդարացուցին իրենց աշխատանքները ի դէմս արեւմտահայերէնի շարունակուող նահանջին (Պարոյր Աղպաշեան, «Պայքար», թիւ 110):
Կարելի է այստեղ «ի դէմս»-ին փոխարէն հանգիստ գրել դէմ, հանդէպ, յանդիման, ընդդէմ եւայլն, սակայն երբեք «անձին մէջ»: Աղպաշեան 50 տարիէ ի վեր անշեղ այս սխալ իմաստով գործածած է այս բառը:
Աւելցնեմ, որ ի դէմս դիմային տարբերութիւն չունի. իբրեւ նախադրութիւն կրնայ եզակի եւ յոգնակի խնդիր առնել հաւասարապէս՝ ի դէմս Թորոսի…ի դէմս Թորոսի ու Մարկոսի:
բ) Միւս երկուքը, կը թուի թէ, աւելի թելադիր են, աւելի լաւ ըմբռնուած: Ասոնց պարագային ալ թիւի սխալ շատ կը գտնենք: Ուրեմն՝ յանձին կը պահանջէ եզակի խնդիր՝ յանձին Թորոսին, յանձին Մարկոսին, յանձին վարչապետին եւ այլն: Միւս կողմէ՝ յանձինս Թորոսին եւ Մարկոսին, յանձինս ձեր պաշտօնակիցներուն, յանձինս մեր մտաւորականներուն:
- Սրտցաւ ընթերցողուհի մը կը գրէ, թէ այսօրուան մամուլին մէջ կարդացած է. «Շաբաթ օր նախագահական նստավայրէն հրապարակուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ’անդրադառնայ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկի առանց ստորագրութեան եւ նախագահի նկատողութիւններով վերադարձնելուն»,– եւ հարց կու տայ, թէ այս հայերէնին վերջը ո՛ւր պիտի հասնի: Իբրեւ թէ ես իրմէ աւելի գիտեմ կամ թէ իմ հոգերս՝ «Արմէնպրես»-ն ու «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը, ինծի չեէին բաւեր, այս ալ վրան աղ ու պղպեղ: Այսուհանդերձ փորձեցէք յամենալ քիչ մը այս բառակոյտին վրայ, որ կը զարդարէ մեր թերթերէն մէկուն ճակատը, ըմբռնելու համար զայն ինծի առաքողին տառաանքը նման անկումի մը առթիւ:
* * *
Մրցոյթ 5. «Հզպալլայի առաջնորդը կը ժխտէ Սլիմի սպանութեամբ Հզպալլայի իր կուսակցութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները»:
—Պէտք է ըլլայ՝ կը մերժէ…սպանութեան մէջ:
—Պէտք է ջնջել երկրորդ «Հզպալլայի»-ն:
Ուրեմն՝ «Հզպալլայի առաջնորդը կը մերժէ Սլիմի սպանութեան մէջ իր կուսակցութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները»:
Մէջ-ի փոխարէն, որ լաւագոյնն է, ոմանք դրած են ընդունելի հոմանիշներ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան, Եփրեհմ Թոքճեան, Ցոլակ Ապտալեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Լեւոն Շառոյեան, Վարուժան Գազանճեան:
* * *
Մրցոյթ 6. Ինչպէ՞ս կրնաս բեռնաթափել հետեւեալները.
1.Պէտք չէ թոյլ տալ, որպէսզի տեղի ունենան ծայրայեղական բնոյթ ունեցող զարգացումներ:
2.Բարձրացուած հարցերու կարգին էին նաեւ անվտանգութեան վերաբերող հարցերը:
3.Իրանի մօտ մտավախութիւն գոյութիւն ունի…
[1] Տիր եւ տըր նոյնն են դէմքով, թիւով, եղանակով ու ժամանակով, սակայն տարբեր կ’արտասանուին թրքերէնի ձայնաւորներուն յատուկ ներդաշնակութեան շատ բարդ օրէնքի մը թելադրանքով: