Արմենակ Եղիայեան
1.Լեզուական աւետիս
Այսօր՝ 7-3-21, քառորդ ժամուան մէջ յաջորդաբար ապրեցայ հրճուանքի երկու պահեր, ինչ որ մեծ շռայլութիւն մըն է այն կացութեան մէջ, ուր կը գտնուի հայերէնը:
Երկու բարեկամներ, կարծես խօսքը մէկ ըրած ըլլային, իրենց առաքումին մէջ ունէին կարենալ բայի ճիշդ գործածութեան մէկական օրինակ, որ ահաւասիկ.
***Չեն գտած իրենց գոյութեան համար նոր կռուան մը, յանուն որուն աշխուժանալ կարենան…(Միհրան Քիւրտօղլեան):
***Լծուինք ստեղծարար աշխատանքի՝ վերականգնել կարենալու համար ինչը դեռ կարելի է վերականգնել (Գէորգ Եազըճեան):
Ենթադրելի է, որ ուրախութիւն տիրեց նաեւ երկինքի մէջ, ուրկէ Մեսրոպ ուշի -ուշով եւ ընդհանրապէս սրտի խոր ճմլումով կը հետեւի հայերէնի յօշոտումին:
2.Քրէական
Բարեկամ մը կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քրէական եւ ի՛նչ ծագում ունի այս բառը:
«Քրէական» կը նշանակէ բանտարկութեան ենթակայ, դատապարտելի,–այս է բառիս արդի նշանակութիւնը, որ խորքին մէջ փոխաբերութիւն մըն է, քանի բուն նշանակութիւնը ուրիշ է եւ մոռցուած է:
Ուրեմն կարգով երթանք, բացատրենք նախ բուն իմաստը, ապա փոխաբերականին յառաջացումը, որովհետեւ ամէն փոխաբերութիւն, որքան ալ հեռանայ բուն իմաստէն, շատ սերտ, խորքային կապ մը կը պահէ իր ծագումին հետ:
Բառիս արմատն է քուրայ (քուրայ>քրայ>քրէ), որ կը նշանակէ փուռ, փուռի այն տեսակը, որ կը ծառայէր մետաղ հալեցնելու կամ կաւէ անօթներ թրծելու:
Քուրան վաղ անցեալին շատ սերտ առնչութիւն ունէր հանքին հետ, կը հաստատուէր հանքին կից եւ կը ծառայէր հալեցնելու հանածոն, հանքին արտադրածը:
Այս բոլորը տեղի կ’ունենային աշխատանքային շատ աննպաստ, դաժան պայմաններու մէջ, այս պատճառով ալ մարդիկ ընդհանրապէս կը խուսափէին հանքի եւ անոր կից քուրայի մէջ աշխատելէ, որ է՝ քրէագործութենէ: Սակայն ամէն պետութիւն մեծ կարիք ունէր հանքէն քաղած բարիքին՝ մետաղին, որ ոսկի, արծաթ, պղինձ կամ երկաթ էր սովորաբար:
Այս խուսափումը պատճառ դարձաւ, որ պետութիւնները տնօրինեն յատուկ պատիժ մը, որ քրէագործութիւնն էր. ուրեմն ծանր յանցանք գործողները, փոխանակ խուցի մը մէջ բանտարկելու, կը դատապարտէին ծառայելու հանքերու մէջ՝ քրէագործութեան:
Ասոնք կը կոչուէին քրէագործներ:
Քրէական յանցանք եզրով ալ կը բնորոշուէր այն ծանր յանցանքը, որուն պատիժը հանքերու մէջ ծառայութիւնն էր: Սակայն ժամանակին հետ ան հոմանիշ դարձաւ տաժանակիր աշխատանքի, որ անպայման հանքագործութիւնը չէ այլեւս:
Քրէական յանցագործը, պարզ է, կը նշանակէ քրէական յանցանք գործած անձը՝ քրէագործը:
Ունինք մինչեւ անգամ քրէագէտ եզրը, որ, անշուշտ հանքագէտ չի նշանակեր, այլ այն իրաւաբանը, որ մասնագէտ է քրէական յանցանքներու մէջ:
Այլեւ՝ քրէական դատարան, որ կը դատէ ծանրակշիռ ոճիրները:
Քրէական գործ, հայց, որ ներկայացուած է քրէական դատարանին եւ որուն կը պատկանի տուեալ ոճրը դատելու իրաւասութիւնը:
Ծանօթ.—Այս պարագային ոճիր-ը անպայման մարդասպանութիւն չի նշանակեր, այլ որեւէ ծանրակշիռ յանցանք, որուն ստուգապէս կը սպասէ խիստ պատիժ:
3.Մեղադրել, ամբաստանել, զրպարտել
Մեր իրականութեան մէջ այս եզրերը յաճախ սխալ կը կիրարկուին:
***Մեղադրել կը նշանակէ որեւէ հանրօրէն անցանկալի նկատուած արարք վերագրել, դնել մէկուն անձին վրայ՝ ուղղակի կամ միջնորդուած ձեւով: Տուեալ արարքը կը կոչուի մեղադրանք: Մեղադրանքի առարկայ կրնայ դառնալ առօրեայ-կենցաղային որեւէ արարք՝ պարտականութեան մը չկատարումը, խոստումի մը չյարգումը, պարտազանցութիւնը, անարգանքը, գողութիւնը, ոճիրը, այլ խօսքով՝ որեւէ երեւոյթ, որ անընդունելի կը նկատուի, կը վնասէ մարդոց ու մերժելի է ընկերութեան կողմէ:
Մեղադրանքը պարտաւորութեան տակ չի դներ մեղադրուող անձը, մինչեւ որ հաստատուի անոր յանցաւորութիւնը:
***Ամբաստանել կը նշանակէ ենթադրեալ մեղադրանքը վստահիլ որեւէ իրաւասու ատեանի մը դատողութեան՝ ակնկալութեամբ վճիռի մը, որ պիտի պատժէ մեղադրուող անձը բանտարկութեամբ եւ կամ հատուցումով մը: Ատեանը կրնայ հաստատել այդ մեղադրանքը, եւ այս պարագային ենթական կը նկատուի յանցաւոր, իսկ արրաքը՝ յանցանք, կամ մերժել մեղադրանքը եւ անպարտ արձակել ենթական:
Թեհլիրեան ոճիր գործած էր, սակայն գերմանական ատեանը անպարտ արձակեց զինք՝ մերժելով անոր յանցաւորութիւնը:
Այնքան ատեն որ յանցաւորութեան հաստատումը տեղի չէ ունեցած իրաւասու ատեանի մը կողմէ, գործուած արարքը «յանցանք» չի կոչուիր, այլ կը մնայ մեղադրանքի ծիրին մէջ: Ուրեմն՝ կ’ամբաստանենք մեղադրանքով մը եւ ոչ թէ յանցանքով մը: Անհեթեթ է «ամբաստանել յանցանքով» մը բառակապակցութիւնը, որ դժբախտաբար շատ կը կիրարկուի մեր մէջ:
Օրինակ՝ չ’ըսուիր. «Թորոսը գողութեան յանցանքով ամբաստանեց Մարկոսը»: Ո՛չ: «Թորոսը գողութեամբ մեղադրեց Մարկոսը»: Թորոսին ըրածը մեղադրանք մըն է մինչեւ այն պահը, ուր իրաւասու ատեան մը փաստերու հիմամբ հաստատէ, որ Մարկոսին արարքը գողութիւն է, որմէ ետք միայն ան կը կոչուի «յանցանք», եւ պատժելի է այդ նոյն ատեանին կողմէ:
Բաղդատել հետեւեալ երկուքը, որոնք նոյն լուրը կու տան՝ նոյն օրը.
—Գերմանացի երեսփոխանը մեղադրուած է Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու մէջ:
—Գերմանացի երեսփոխանը ամբաստանուած է Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու յանցանքով:
Ճիշդ լրագրողը, անշուշտ, առաջի ՛նն է:
***Զրպարտել կը նշանակէ վերագրել մէկուն որեւէ մեղադրանք, որուն հեղինակը չէ ան: Այս վերագրումը կրնայ ըլլալ անգիտակից՝ ենթադրական, կամ գիտակցուած՝ վնասելու միտումով կատարուած:
Անգիտակից կամ ենթադրական զրպարտութիւնը սխալմունք կամ մոլորութիւն մըն է:
Գիտակցուած զրպարտութիւնը չարամտութիւն է եւ ընդհանրապէս պատժելի է իրաւասու ատեանի կողմէ՝ նայած անոր տարողութեան:
* * *
Մրցոյթ7. Լրացո՛ւր կէտադրութիւնը, ջնջէ աւելորդ բառը եւ կատարէ շարադասական ճշգրտումը.
«Այն սակաւ պարէնը որ ունի շատ արժէքաւոր է եւ որ պիտի ծառայէ դիմագրաւելու նոր հաւանական սով մը»:
Կը տրոհենք «որ ունի», աւելորդ է երկրորդ «որ»-ը, «նոր» կը մօտենայ «սով»-ին:
Ուրեմն՝ «Այն սակաւ պարէնը, որ ունի, շատ արժէքաւոր է եւ պիտի ծառայէ դիմագրաւելու հաւանական նոր սով մը»:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ցոլակ Ապտալեան, Հայկ Իւթիւճեան, Եփրեմ Թոքճեան, Արմէն Պաղտոյեան, Շաքէ Գրոկան, Արմենակ Աւագեան, Լեւոն Շառոյեան, Մանուէլ Ֆարաճեան, Յովիկ Աթոքեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան, Պերճ Տէր Սահակեան::
* * *
Մրցոյթ 8. Ինչպէ՞ս կը վերադասաւորես բառերը հետեւեալներուն.
—Այս միջադէպը կը հաստատէ օր ըստ օրէ աճող հրեաներու ազդեցութիւնը:
—Պարզապէս օդակայանը քաղաքի կեդրոնէն 35 քմ հեռու է:
—Գոնէ այս երեք անչափահասներէն իմ քովս մնար կրտսերը:
— Ան այնպիսի նախնիներէ մնացած ու արեան մէջ անցած ատելութիւն մը ունի, որ կուրցուցած է զինք:
—Կարծես իրենց պայմանները ամենեւին այնքան բրտութեամբ բանաձեւող ցուցարարները չեն անդրադառնար, թէ ի՛նչ մեծ չարիք կը պատճառեն ազգին: