Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
1.Հաջել-հաչել, վայրահաջ-վայրահաչ
Արեւմտահայ բառարանագրութեան անհամար անհետեւողականութիւններէն մէկն ալ այս երկեակի շփոթումն է՝ վայրահաջ-վայրահաչ:
Մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան «շան ոռնոցը» բնորոշող արմատը գրուած է հաջ, որմէ՝ հաջել, հաջոց, հաջիւն, հաջան…վայրահաջ: Այս վերջինը թէեւ «Նոր հայկազեան»-ը չունի, սակայն մեր մատենագրութեան մէջ աւանդուած է վայրահաջ-ը (տե՛ս Աճառեան), որ կը նշանակէ պարապ-սարապ խօսող, զրաբանող (անտեղի հաջող շան պէս):
Մեր լաւագոյն բառարանագիրներէն Յարութիւն Գայայեան իր՝ 1938-ին հրատարակած բառարանին մէջ դրած է վայրահաչ՝ չ-ով: Իրեն հետեւած է 1968-ին աւանդութեան հանդէպ նոյնքան նախանձախնդիր Արտաշէս տէր Խաչատուրեանը: Ուրեմն երկուքն ալ կը յարգեն հաջ արմատը՝ ջ-ով, իսկ երբ կարգը կու գայ վայրահաչ-ին՝ այս մէկը կը գրեն չ-ով:
Ինչո՞ւ, ի՞նչ տրամաբանութեամբ,– չես գիտեր, միայն կը ցաւիս, թէ ինչպէ՛ս այսքան դիւրին ու անհեթեթ կ’աղաւաղուի ուղղագրական 1500 տարուան ամրանիստ աւանդ մը:
Եւ ըսել, որ Գայայեանէն վեց տարի ետք՝ 1944-ին, լոյս տեսած էին Մալխասեանի, իսկ 1954-ին՝ Ճիզմեճեանի բառարանները, որոնք պէտք է մատչելի ըլլային տէր Խաչատուեանին եւ որոնք ունին հաջ-վայրահաջ: Սակայն այս երկուքէն առաջ արդէն գոյութիւն ունէր Աճառեանի արմատականը, ուր ամէն ինչ մանրամասն բացատրուած է:
Մեր միւս երկու բառարանագիրները՝ ուրեմն Ճիզմեճեան ու Կռանեան կը յարգեն աւանդութիւնը, երկուքն ալ ունին հաջ եւ վայրահաջ:
* * *
Ուղղագրական աւելի մեծ հարց մը ունինք յայնկոյս Արարատի:
Չկանխէք զիս ենթադրելով, թէ պիտի ակնարկեմ…Աբեղեանի ուղղագրութեան:
Աբեղեան իր արժանապատիւ հետեւորդները ունեցաւ եւ ունի մինչեւ այսօր ալ:
Ուրեմն անցած դարու երկրորդ կէսին, կարծես չէր բաւեր Աբեղեանի աղանդը, Տերմինաբանական կոմիտէն (Եզրաբանական յանձնաժողովը), չես գիտեր ի՛նչ «տրամաբանութեամբ», փոխեց կարգ մը բառերու հազարամաեակներու ուղղագրութիւնը. օրինակ՝ փնտռել դարձաւ փնտրել, ճամբայ դարձաւ ճամփայ, հաջել դարձաւ հաչել, գձուձ դարձաւ գծուծ եւ շատ ուրիշներ, գոհանանք այսքանով, որոնց չորսն ալ Մալխասեանի մէջ գրուած են աւանդական տոհմիկ ձեւերով՝ փնտռել, ճամբայ, հաջել, գձուձ:
Ճիշդ ի՞նչ էր այս խեղաթիւրումին պատճառը…չենք գիտեր,− ո՞ր մէկունը գիտցած ենք, որ այս մէկինը գիտնանք: Օր մ’օրանց երկխօսութիւն հաստատա՞ծ են մեզի հետ:
* * *
Եթէ գրաբարի բառարան մը բանաք՝ «Նոր հայկազեան», «Առձեռն», Գաբամաճեան, Ղազարեան, այնտեղ պիտի գտնէք հաչել[1] բայ մը, որ կը նշանակէ «հառաչել, հեծեծել, ախ ու վախ քաշել»: Այս բայը գրեթէ առանձին չէ գործածուած բնաւ, այլ միշտ ընկերրակցած է հառաչել բային, որուն հետ երկուորեակ կը կազմէր. օրինակ՝
—Ի փողոցս ելեալ՝ հաչեալ հառաչէին:
—Հաչելով -հառաչելով զաղօթս մատուցանէին:
—Մեծաւ սրտմտութեամբ հաչէր եւ հառաչէր:
—Հաչելով-հառաչելով հեծեծանօք զմեղս քաւէին:
—Հանէ ի բերանոյն զհաչիւն եւ զհառաչիւն:
Ինչպէս կը նկատէք, վերջին օրինակը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ իբրեւ գոյական կիրարկելու առթիւ երկւութիւնը կը պահպանուի:
Այս բառը հաչ արմատով եւ «հառաչել» նշանակութեամբ չէ մտած աշխարհաբար:
Եթէ նոյնիսկ զայն ներառող բառարան գտնուի, ապա պէտք է գիտնալ, որ ան այլեւս մաս չի կազմեր աշխարհաբարին:
Արեւելահայերէնը զայն վերիմաստաւորելու եւ շան ոռնոցին յատկացնելու մէջ քաջալերուած է՝ հիմնուելով անոր բնիկ իմաստի կորուստին վրայ, եւ իբրեւ անտէր բառ՝ յատկացուցած է զայն շունին: Իսկ թէ ի՛նչ պէտք կար այս ամբողջ արուեստականութեան,− չենք գիտեր: Ո՞ր ըրածնուն խելք կը հասնի, որ այս մէկուն հասցնենք: Եթէ իրապէս երբեմնի հաջել արտասանութիւնը ներկայիս դարձած է հաչել՝ պահելով անշուշտ իր իմաստը, ապա արեւելահայերէնի մէջ կան հազարէ աւելի բառեր, որոնց արդի ուղղագրութիւնը չի համապատասխաներ արդի արտասանութեան, եւ որոնք սակայն կը պահուին՝ իբրեւ թէ… «յարգելով աւանդութիւնը»: Այլ հարց թէ մէկ-մէկ կը կիրարկուի երկու չափ ու երկու կշիռ:
- «Իսրայէլը պայթիւն է կազմակերպել Նաթանզի օբյեկտում» (Արմէնպրես):
Նաթանզը պարսկական միջուկային հնոց մըն է, իսկ օբյեկտ-ը object բառն է:
«Պաղտատի արեւելքում պայթիւն է տեղի ունեցել» (Արմէնպրես):
Այս քաոսին մէջ մեզ հետաքրքրողը պայթիւն բառն է:
Արդ, Իսրայէլի կազմակերպածը պայթիւ՞ն էր, որ պարզապէս աղմուկի անուն է:
Իր ամպագոռգոռ սպառնալիքները գործադրելու համար աղմուկո՞վ մը գոհացաւ Նեթանիահուն, ինչպէս մանուկները կը գոհանան չինական պայթուցիկներ պայթեցնելով: Հաւատալիք բա՞ն է, այս գրութիւնը կարդալով խաշած հաւն ալ պիտի ծիծաղէր:
Այսպէս է, որովհետեւ արեւելահայերէնը, իմա՝ արեւելահայը ի՛նք, կը շփոթէ, նոյնացուցած է պայթում եւ պայթիւն բառերը: Ձեւականօրէն երկուքն ալ գը գտնուին բառարաններու մէջ, նոյնիսկ յաճախ կը յիշուի ալ, որ պայթիւն-ը աղմուկն է պայթում-ի գործողութեան:
Գործողութիւն Աղմուկ
պայթում պայթիւն
բախում բախիւն
հնչում հնչիւն
շաչում շաչիւն
գոչում գոչիւն
Առաջին սիւնակի բառերը՝ բայանունները, գործողութիւն ցոյց կու տան, իսկ երկրորդ սիւնակինները՝ այդ գործողութենէն բխող, յառաջացող աղմուկը, ձայնը:
Գրաբարը զանազանած է նոյնիսկ հաջում-հաջիւն, հաչում-հաչիւն զոյգերը: Թերեւս ինչ-որ շփոթելի բաներ մը կան այս զոյգերուն մէջ, սակայն եւ այնպէս կարելի է նաեւ չշփոթել: Առաջին սիւնակի բոլոր բառերը բնախօսական, քիմիական, ֆիզիքական արարքի մը, մղումի մը, ուժի մը անունն են, երկրորդինները՝ ատոնց հետեւող, անոնցմէ բխող աղմուկն է: Օրինակ՝ բախումը ձեռքերով կամ որեւէ առարկայով տրուած հարուածն է ուրիշ առարկայի մը, բախիւնը՝ այդ հարուծէն յառաջացող աղմուկն է: Հնչումը ձայնային գործարանի ներքին երկունքն է թոքերէն մինչեւ շուրթերը՝ անցնելով ձայնալարերէն, իսկ հնչիւնը՝ շուրթերէն դուրս եկող եւ հնչումի ներգործութեամբ ականջով ընկալուող օդի տատանումն է:
Եզրակացութիւն. Իսրայէլի կազմակերպածը…պայթում էր, աչքով ոչ-տեսանելի քիմիական նիւթերու սատանայական բարդ հակազդեցութեամբ տեղի ունեցած տարբաղադրութիւններու հրէշային ճնշումը, որ կը ծառայէ աւերելու «Նաթանզի օբյեկտը», այլ ոչ թէ պարսիկ այաթոլլաները զուարճացնելու համար հնարուած աղմուկ մը: Ճիշդ Ալիեւի կազմակերպածներուն պէս, որոնց պայթումը բաժին ինկաւ Արցախին, իսկ պայթիւնը՝ Երեւանի հրապարակներուն վրայ վխտացող ամբոխներուն:
* * *
Մրցոյթ 12 -ի պատասխանները.
***Յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիա նոր ծրագիր մը պիտի ներկայացնէ:
***Կը փորձէ ամէն գնով խոչընդոտել Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
***Ան բացատրեց, թէ ինչպէս կրնայինք կանխել աղէտը:
*** Միջազգային ընտանիքը միլիառաւոր դոլարով օգնեց:
***Մենք այսօր կը պայքարինք ոչ այնքան ներկայ, որքան ապագայ սերուներու իրաւունքի ձեռքբերումին հեռանկարով:
Ընդունելի են՝ ա) ոչ թէ…այլ, բ) ոչ միայն…այլեւ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ալին Գոճակէօզեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան(10), Լեւոն Շառոյեան (10), Մանուէլ Ֆարաճեան (4), Պերճ տէր Սահակեան(10), Եփրեմ Թոքճեան(10), Համո Ապտալեան(8), Արմէն Պաղտոյեան(2), Յովիկ Աթոքեան(2):
* * *
Մրցանք 13. Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
***Որքան մօտենայինք, այնքան կը յստականային եռագոյնը կազմող երեք երիզները:
***Գիշերը շատ յառաջացած ըլլայուն՝ հիւրին թելադրեց իր մօտ քնանալ:
***Այս անարդարանալի ուշացումերուդ հարցը սկսած է մտահոգիչ դառնալ:
***Թեր քուէարկեցին Ազգային ժողովի երեք կին պատգամաւորուհիները:
***Հայաստան լրիւ չափով չէ ըմբռնած սփիւռքի ունեցած կարեւորութիւնը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
=========================
[1] Անշուշտ հոն պիտի գտնէք նաեւ հաջել՝ շան ոռնոցին համար: