Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
«Ամէն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել»:
Կա՞յ խելքը գլուխը հայ մը, որուն ծանօթ չըլայ այս ասոյթը, դուք ըսէք՝ իմաստութիւնը: Քաւ լիցի, ատանկ բան չկա՜յ, զի ամէն հայու խելքը գլուխն է եւ ամէն հայ իմաստուն է:
Սակայն այս չի նշանակեր, թէ ամէն հայ հայերէն գիտէ:
Այլապէս մէջբերուած ասոյթը նման բանաձեւում պիտի չունենար:
Արդ, ի՞նչն է որ հարթ չ’ընթանար այստեղ:
Հարցը հետեւեալն է. հայերէնի,– եւ ոչ միայն հայերէնի,– մէջ ամէն, որ համրանք, չափ, քանակութիւն ցոյց տուող բառ է, տարբեր ծաւալ, տարողութիւն ու ընդգրկում կը դրսեւորէ՝ նայած, թէ իր հետ կիրարկուող բայը դրակա՞ն է, թէ՞ ժխտական: Այսպէս՝
ա)Ամէն աշակերտ փողկապ կապած էր:
բ) Ամէն աշակերտ փողկապ կապած չէր:
Ուրեմն առաջինին մէջ ունիմ կապած էր, երկրորդին մէջ կապած չէր:
Առաջինով, շնորհիւ ամէն-ին, ներառուած են բոլոր աշակերտները, աշակերտներու ամբողջութիւնը. բոլորը փողկապ կապած են:
Սակայն, մինչ կ’ակնկալուէր, որ երկրորդը ժխտէր, բացառէր աշակերտութեան՝ իբրեւ փողկապ չկապողներու ամբողջութիւնը, ահա կը նկատենք որ այդպէս չէ. որովհետեւ տարրական հայերէն գիտցողին համար ալ երկրորդը կը նշանակէ՝ մէկ մասը փողկապ կապած էր, ուրիշ մաս մը փողկապ կապած չէր. այս ա՛յս կը նշանակէ: Այլ խօսքով՝ եթէ ամէն-ով հաստատումը ամբողջական է, ժխտումը ամբողջական չէ, այլ մասնական է միայն:
Վերադառնանք մայր օրինակին:
«Ամէն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել»,– բոլորիս համար ալ ըմբռնելի է, որ այսպէս գրողը ամբողջական ժխտում կ’ակնկալէր, ամբողջական ժխտումի կը միտէր, որովհետեւ անհեթեթ է պատկերացնել հրապարակագիր մը,– որ ընթերցողներուն խիղճն է,– որ ընդունէր, թէ «ամէն բանի մէկ մասը բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին չձգուէր», իսկ «միւս մասը բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին ձգուէր»:
Հարցը այն է, որ «բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին բոլորովին չձգելու» կերպը լեզուականօրէն բանաձեւել չի գիտեր ան եւ կիսկատար կը բանաձեւէ զայն:
Այսպէս է, որովհետեւ չեն սորվեցուցած իրեն, թերի կրթութիւն ստացած է, ինք ալ իր կողմէ որեւէ ճիգ չէ թափած վերնատունին խաւարը լուսաւորելու, գէթ մոմ մը վառելու այնտեղ: Հակառակ ատոր՝ ձեւով մը հասած է խմբագրատուն, ուրիշ ձեւով մը գրաւած է խմբագրական աթոռ մը եւ արդէն հասած է իր սուրբ նպատակին ու առաքելութեան վախճանին, վասնզի անոր առաքելութիւնը աթոռ մը գրաւելն էր:
Աթոռն ու առաքելութիւնը շփոթողները հիմա այնքան շատցած են որ…
* * *
Ջանանք զանազանել՝
—Ամէն բան բախտին ու օտարի քմահաճոյքին պէտք է ձգել:
—Ամէն բան բախտին ու օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել:
—Ոչինչ բախտին ու օտարի քմահաձոյքին պէտք է ձգել:
Ուրեմն՝ մեր խմբագրին ըսել ուզածը վերջին տարբերակն է, ուր ամէն բան-ին ամբողջական ժխտումը կատարուած է ոչինչ-ով եւ ոչ ժխտական բայով մը, որ երկրորդ տարբերակին պարագան է եւ որը մասնակի ժխտում ցոյց կու տայ:
* * *
Ամէն բառի տնտեսումին ենթակայ են ուրիշ բառեր եւս.
ա) ամէն, ամէն մէկ, բոլոր, իւրաքանչիւր, ողջ, ամբողջ, համայն, ամենայն:
Ասոնք ածականական յատկութեամբ օժտուած բառեր են. ամէն օր, ամէն մէկ ժամ…
բ)ամէնը, ամէնքը, ամէն ինչ, ամէն ոք, իւրաքանչիւրը, իւրաքանչիւր ոք:
Ասոնք գոյականական յատկութեամբ օժտուած բառեր են. ամէնը գրեցի, ամէն ինչ վերջացաւ…
Բերուած միաւորներուն բոլորն ալ քանակութեան մը ամբողջութիւնը ցոյց կու տան, հանրական դերանուններ են, եւ շատ դիւրաւ կրնան փոխարինել զիրար:
Ասոնց ժխտումը կը ստանաք՝
ա) ոչ ոք, ոչ մէկ, ոչինչ,
բ) ոչ մէկը
համապատասխան հանրական ժխտական դերանուններով:
Ինչպէս նաեւ՝ բնաւ, երբեք ժամանակական քանակական մակբայներով:
Օրինակ՝
—Ամէն օր ներկայ է: —Ոչ մէկ օր ներկայ է: —Բնաւ ներկայ չէ:
—Ամբողջ գումարը մսխեց: —Ոչ մէկ գումար մսխեց: —Ոչինչ մսխեց:
—Բոլորին հասաւ: —Ոչ մէկուն հասւ: —Ոչ ոքի հասաւ:
—Ամէն ոք ներկայացաւ: —Ոչ մէկը ներկայացաւ: —Ոչ ոք ներկայացաւ: —Համայն հայութիւնը ներկայ էր: —Ոչ մէկ հայ ներկայ էր:
—Ամէնքը ընդունեցին: —Ոչ ոք ընդունեց: —Բոլորը մերժեցին:
* * *
Յ. Գ.
Մեր տխուր առօրեայի խորապատկերին վրայ կ’ուզեմ յայտնել,– ուշադրութի՛ւն, ըսի՝ յայտնել, ոչ՝ փոխանցել, վասնզի ես ո՛չ քահանայապետ եմ, ո՛չ ռաբունապետ, ո՛չ ալ քրմապետ, որպէսզի «Հասկ»-ի հետեւողութեամբ ըսեմ՝ «կը փոխանցեմ հաւատացեալներուն»,– որ «Նոր օր»-ը, յետ բազում տատանումներու, վերջապէս բարեհաճած է թօթափել յետայսու կոչուած ճիւաղագրութիւնը եւ որդեգրած է այսուհետեւ-ը: Ի սրտէ շնորհաւորենք:
Տառօսը «Զարթօնք»-ին եւ համայն արեւելահայութեան::