Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Կը կարծեմ, թէ բոլորդ պիտի համաձայնիք ինծի հետ, եթէ ըսեմ, որ Յարութ Սասունեանը կը հանդիսանայ մեր լաւագոյն լրագրողներէն մէկը, այն, որուն վերլուծումները յափշտակութեամբ կը կարդացուին սփիւռքի մէջ եւ յաճախ լոյս կը տեսնեն հայրենի լրատուական ցանցերու վրայ եւս:
Անոնք ունին մէկ անպատեհութիւն. Սասունեան հայերէն չի գրեր իր յօդուածները, որոնք մեզի կը հասնին երկու թարգմանութիւններէ ետք. նախ՝ արեւելահայերէնի, այս վերջինէն ալ՝ արեւմտհայերէնի, եւ այս ոլորապտոյտ բաւիղներու վրայ անոնք կը հանդիպին լեզուական խայտաբղէտ փորձանքներու, որոնց մէկ-երկուքին պիտի անդրադառնանք ստորեւ՝ հիմնուելով իր վերջերս գրած մէկ յօդուածին վրայ՝ «Թրամփ կրնայ ըլլալ…» («Երեբունի նիուզ», 13-1-2021):
* * *
*** Թրամփ խորամանկ գտնուած էր ընտրութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ շատոնց ի վեր կասկածներ սերմանելու մէջ:
—Շատոնց եւ ի վեր բառերը միատեղ չեն գործածուիր, քանի որ շատոնց-ին մէջ արդէն կայ «ի վեր»-ի իմաստը. օրինակ՝ «Զինք շատոնց կը ճանչնամ»,– կը նշանակէ «Զինք երկար ժամանակէ ի վեր կը ճանչնամ»: Ուրեմն տեղի ունեցածը կրկնաբանութիւն մըն է: Այս երկուքէն միայն մէկը բաւարար է մեր միտքը ճիշդ արտայայտելու համար:
Այս վերաբերեալ-ին ալ սկսանք ծամօնի պէս ընտելանալ եւ ծամել ու ծամծմել զայն՝ բոլորովին շնորհազրկելով հայերէնը, որուն խորթ է ան եւ շատ ուրիշ խորթութեանց պէս ժառանգեցինք արեւելահայերէնէն: Մինչ կարելի է վայելչօրէն ըսել առթիւ, մասին, առնչութեամբ, շուրջ, մէջ. այսպէս՝ արդիւնքին առթիւ, արդիւնքին մասին, արդիւնքին առնչութեամբ, արդիւնքին շուրջ կամ մէջ եւ այլն:
***«Կը սպասուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին դեռ շատեր կը բանտարկուին»:
—Կը բանտարկուին-ը, իբրեւ սահմանական եղանակի բայ, ցոյց կու տայ ստոյգ տեղի ունեցող կամ ունեցած գործողութիւն, իսկ այստեղ այդպիսի գործողութիւն չկայ. տեղի ունեցածը ակնկալութիւն մըն է՝ կը սպասուի,– ուրեմն՝ կա՛մ կ’ըլլայ, կա՛մ չ’ըլլար:
Նման բայերու կը զուգադրենք ըղձական եղանակը, այսինքն՝ «Կը սպասուի, որ բանտարկուին» (ո՛չ՝ կը բանտարկուին):
Ըղձական եղանակ կը պահանջեն նաեւ՝ ակնկալել, երազել, ըղձալ, մաղթել, յուսալ, ցանկալ, որոնց բոլորն ալ չիրագործուած, այլ իրագործելի (ըստինքեան վերապահութեամբ) գործողութիւն կը ցուցանեն: Այսպէս՝
-կ’ակնկալենք, որ յաջողին (ոչ՝ կը յաջողին)
-կ’երազէին, որ վերադառնայ (ոչ՝ կը վերադառնայ)
-կը մաղթենք, որ վերջ գտնէ (ոչ՝ կը գտնէ)
-կը ցանկար, որ առողջանայ (ոչ՝ կ’առողջանայ)
***«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ’ուզէի երկու կարեւոր կէտի վրայ ուշադրութիւն դարձնել»:
—Ամէն գրող, գրելէ առաջ, տրամաբանօրէն, իր ուշադրութիւնը արդէ՛ն դարձուցած կ’ըլլայ իր մատնանշելիք, զարգացնելիք կէտերուն վրայ, եւ անկէ ետք կը գրէ՝ փորձելով այդ նոյն կէտերը իմանալի ու մատչելի դարձնել նաեւ ընթերցողին:
Ուրեմն՝
«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ’ուզէի ընթեցողին ուշադրութիւնը հրաւիրել կամ կեդրոնացնել երկու կէտի վրայ…»:
«Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ’ուզէի ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել երկու կէտեր…»:
««Երբ այս յօդուածը գրելու կը պատրատուէի, կ’ուզէի շեշտել կամ լուսաբանել կամ լուսարձակի տակ բերել երկու կէտեր»:
***«Տարիներ շարունակ Թրամփը բազմիցս զգուշացուցած են, որ ան կը խախտէ ընկերային լրատուական միջոցներու ծառայութեան պայմանները»:
—Արեւմտահայ գրողի աքիլլէսեան կրունկն է, հաւանաբար, զանազանումը ան եւ ինք դերանուններու: Ե՞րբ ըսել ան ու ե՞րբ ըսել ինք…Այնքան բարդ է լուծումը, եթէ ան մէջէդ չի գար, հայու բանականութենէդ ու լեզուազգացողութենէդ չի բխիր ան:
Եթէ կեդրոնացած կարդանք, ապա պիտի անդրադառնանք ու նկատենք, որ բերուած օրինակին մէջ ան դերանունը կը մատնանշէ Թրամփէն տարբեր՝ ուրիշ մէկը. այլ խօսքով՝ այնպիսի մէկը, որուն մասին այնքան տարիներ զգուշացուցած են Թրամփը: Մինչդեռ այս չէ՛ ըսել ուզուածը. զգուշացուողը նոյնինքն Թրամփ կոչուած մարդակերպն է (androïde):
Ուրեմն՝ բերուած օրինակին մէջ՝ կա՛մ ան-ին փոխարէն կը գրենք ինք (որ կը նշանակէ Թրամփը ինքնի՛ն), կա՛մ պարզապէս կը ջնջենք զայն, ու խախտողը դա՛րձեալ կ’ըլլայ Թրամփը:
***Արգելափակել…
Այս բային համար ունինք հետեւեալ սահմանումները.
—Բանտարկել, մեկուսացնել (Ակադեմիա)
—Բանտակել, կալանքի տակ պահել (Ճերեճեան եպս.)
Միւս բոլորը կը կրկնեն այս երկու իմաստները, որոնք այնքան ալ անծանօթ չէին:
Տրամաբանօրէն չորս պատի մէջ կ’արգելափակեն վնասարար ու վտանգաւոր յանցագործները, այնպիսինեը՝ որոնք հակում ունին յօշոտելու իրենց շրջապատը կամ քաղաքական հակառակորդը, իսկ գառագեղին մէջ կ’արգելափակեն գիշատիչ գազանները՝ առիւծը, վագրը, յովազը, գայլը, բորենին եւ այլն, վրանէն ալ ամուր կը կղպեն:
Առջի դարուն Պոլսոյ ս. Փրկիչ հիւանդանոցի նկուղներուն մէջ կ’արգելափակէին մտագար կարծուած խեղճեր եւ օրը քանի մը անգամ ալ կը ծեծէին զանոնք՝ սիւնին կապած, որպէսզի…բուժուին, «խելքերնին գլուխնին գայ»: Մինչդեռ մէկն ալ պէտք էր, որ օրուան պատրիարք եւ բժիշկ կոչեցեալները արգելափակէր, սիւնին կապէր ու ծեծէր, որպէսզի խելքի փշուր մըն ալ ասո՛նց գլուխը գար, որովհետեւ խելքի պէտք ունեցողները բուն իրե՛նք էին:
Ինչպէս նաեւ…մեր գրողնե՛րը՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, որոնք իրարու ձեռքէ կը խլեն այս չքնաղ բայը՝ իբրեւ վերջին նորարարութիւն:
Հրամեր էք.
ա) Հանրապետականներն արգելափակել են Թրամփին պաշտօնից հեռացնելու քննարկումը (Արմէնփրես):
բ) Դիմատետրը անմիջապէս արգելափակեց անոր հաղորդագրութիւնները (Սասունեան):
Ուրեմն՝ Հանրապետականները եւ Դիմատետրը նկուղի մը մէջ դրած են քննարկումը եւ հաղորդագրութիւնները, թերեւս սիւնի մըն ալ կապած են զանոնք՝ առ ի զգուշութին, դուռն ալ ամուր…կղպած:
Հապա…ինչե՜ր ըսես չեն ըներ մեր տղերքը:
Լեզուագար փանջունի՞ կը պակսի մեզի:
Բացէ՛ք երեւանեան (եւ ոչ միայն) մամուլը՝ տպագիր թէ առցանց:
Մեզ հա՛յ են ասում: