Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
- Ես «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերը կը կարդամ երկու ակնկալութեամբ.
–քաղաքական անակնկալներու, եւ՝
–լեզուական անակնկալներու:
Եւ ո՛չ մէկը կը յուսախաբէ զիս, ո՛չ միւսը. երկուքն ալ իւրովսանն գոհացում կը գտնեն:
Ողջ մնան զանոնք մատուցող առատաբաշխ ձեռքերը:
* * *
Քաղաքականին բոլորդ ալ ծանօթ էք, ըստ ամենայնի ինձմէ շատ աւելի, ուրեմն կը գոհանամ լեզուական անակնկալներէն մէկ քանիով:
***Այն օրէն ուր Ursula von der Leyen մը երեւցաւ միջազգային քաղաքական բեմի վրայ, «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը այս անձին մականունը տառադարձեց Լեյեն՝ պարգեւելով բացառիկ, դուք հասկցէք՝ աննախընթաց անակնկալ մը ձեր խոնարհ ծառային: Աչքերուս չհաւատալու ամէն պատճառ ունէի, վասնզի հայերէնը գրաւոր լեզու դառնալէն ի վեր առաջին անգամն էր, որ հայորդի մը կը համարձակէր որդեգրել նման ճիշդ ուղղագրութիւն մը, ուր օտարին ey-ին կամ ei-ին դիմաց ունենայինք եյ բոլորովին հայեցի հերթագայութիւնը: Փորձեցէք որքան կ’ուզէք գտնել ուրիշ մը եւ պիտի չյաջողիք, չկա՜յ նման բան, եզակի,− ի՜նչ կ’ըսեմ,− եզակա՜ն է տեղի ունեցածը, եւ զայն միայն «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը կրնար պարգեւել իր ընթերցողներուն, մինչ այլուր՝ ամէն տեղ ու ամէն գրիչի տակ մինչեւ հիմա գտած ենք միայն էյ՝ Ալէյ, Պոմպէյ, Միրէյ ո՛չ-հայեցի, հերետիկոսական հերթագայութիւնը, եւ դարերու տգիտութեան ու խաւարին վրայ ծագող այս անակնկալ լոյսը՝ Լեյեն:
Առաջին նուագ գրչագրական կամ գրաշարական վրէպի մը վերագրեցի եղածը, վասնզի, ինչպէս կ’ըսեն ֆրանսացիք, «այնքան գեղեցիկ էր մեր աչքերուն պարզուողը, որ դժուար էր հաւատալ», թէ ճիշդ կը տեսնենք: Բայց ահա նոյնը երեւցաւ հետագայ օրերուն մէկ, երկու, երեք ու աւելի անգամներ, վերջինը՝ 12 ապրիլ 2022-ի թիւին մէջ, էջ 7, եւ կը յուսանք, որ վերջնագոյնը չէ ան:
Ծանօթ.− Ձեռքս սրտիս վրայ կը գրեմ այս տողերը, է՜հ, ինչ ընեմ, աչքը տեսածէն կը վախնայ, որովհետեւ վախ մը ունիմ, որ տեսնելով ինծի պատճառած հրճուանքը, վաղը եւեթ փոխուի Լեյեն-ը ու դառնայ… Լէյեն կամ Լէյէն՝ ինծի հակադրուելու սիրոյն: Այստեղ իմ ըսածիս ճիշդ հակառակը պնդելու սովորութիւն ունին. օրինակ՝ եթէ ես ըսեմ՝ մածունը սեւ է, միւս օրը անպայման կը յայտարարեն` չէ՛, մածունը… ճերմա՛կ է: Հապա՞՞՞:
Բայց ահա, բայց ահա… կը թուի թէ երկինքը սկսած է փուլ գալ:
Նոյն թիւին մէջ (էջ 8) կը գտնենք Ալեքսէյ Տանիլով՝ Alexey Danilov-ի[1] տառադարձութիւնը, ուր նոյն ey տուած է էյ…
***Չ’ուշանար յաջորդ նորարարութիւնը՝ իր կարգին աննախընթաց:
Սակայն, նախ եւ առաջ, հարցում մը. ի՞նչ կը պատահի, երբ երկու հակառակորդներ կը բախին իրարու: Նախապաշարեալ մտածողներս մեր կարճ խելքով պիտի պատասխանենք՝ կողմերէն մէկը պիտի յաղթէ, միւսը յաղթուի:
Բանէն դուրս կու գայ, որ այդպէս չէ, բախող կոշմերը չեն որ կը յաղթեն կամ կը յաղթուին, այլ… կարդացէք հետեւեալ մարգրիտը ու պիտի հասկնանք, թէ բանն ինչո՛ւմն է. –Այս պատերազմը պիտի յաղթուի մարտի դաշտին մէջ:
Ուրեմն յաղթուողը պատերազմողը չէ, այլ… պատերա՜զմն է: Գիտէի՞ք այս:
Այս էջէն զատ ուրիշ ո՞ւր կրնար արձանագրուիլ նման… յայտնագործութիւն մը:
***Իսկ հետեւեալը իր կարգին.
–Եթէ այս դիմումը չընդառաջուի, ապա Թուրքիան պիտի փնտռէ այլընտրանքներ:
Ընդառաջել-ը չէզոք բայ է եւ կրաւորական չ’ունենար, ինչպէս չեն ունենար պառկիլ, արթննալ, քալել, վազել եւ այլն: Ուստի դիմումը չի կրնար ընդառաջուիլ, այլ «դիմումին կ’ընդառաջեն, ընթացք կու տան, զայն կ’ընդունին կամ կը մերժեն»: Ուրեմն՝
–«Եթէ այս դիմումին ընթացք չտրուի, ապա Թուրքիան…»:
Իսկ «Թուրքիան» ալ պէտք է ըլլայ «Թուրքիա»՝ առանց «ն» յօդի. յատուկ անունները ենթակայի պաշտօնով անյօդ կը կիրարկուին:
Այլ հարց եթէ մեզի շատ մօտիկ ըլլան անոնք, ինչպէս՝ Սիսը, Մարաշը, Տորան եւ այլն:
***Յիշենք այս էջին յատուկ ուրիշ մանրուք մըն ալ:
Հայկական բոլոր թերթերու մէջ,– ի Հայաստան թէ ի սփիւռս,– Միացեալ Նահանգներ-ը կ’ընկալուի իբրեւ եզակի անուն. օրինակ՝ «Միացեալ Նահանգներ որոշեց», եւ մի՛այն այս էջին վրայ է, որ ան կ’ընկալուի իբրեւ յոգնակի, այսինքն՝ «Միացեալ Նահանգներ որոշեցին»:
Ասոր ալ աչք պիտի փակենք, եթէ… հաւատարիմ մնայ այս սկզբունքին, եւ մերթ ընդ մերթ նոյն յօդուածին մէջ մէյ մը եզակի, մէյ մը յոգնակի չկիրարկուի ան:
2.Լեզուա-ուղղագրական երեւոյթներ կան, որոնք երբեմն ծիծաղ, այլուր արհամարհանք, իսկ յաճախ ալ ընդվզում կը պատճառեն բարեմիտ ընթերցողին:
Կան եւ այնպիսիները, որոնք… խոր տխրութիւն կը պատճառեն:
Տխրութիւն, որ կարելի՞ էր այսքան ապիկար ըլլալ, որքան եղած են մերոնք:
Արեւմտահայ բառարաններու մէջ տեղ գտած ծածք բառը այս վերջիններէն է:
Եւ կը տխրիս անոր համար, որ մեր բառարանագիրներէն ոչ մէկը մտածած կամ անդրադարձած է, որ եթէ բառս ծածք ըլլար իրապէս, ապա անոր արմատը պիտի ըլլար ծած (ք) > ծած, ճիշդ ինչպէս աչք, ձեռք, ոտք իբրեւ արմատ ունին աչ, ձեռ, ոտ: Մինչ թաղային նպարավաճառն իսկ գիտէ, որ ծած արմատ չունի հայերէնը, եթէ ունենար, ապա պէտք է գոնէ մէկ բառ կազմուած ըլլար անով. իսկ այդպիսին չկայ:
Մեր բոլոր բառերը կազմուած են ծածկ-ով, օրինակ՝ գլխածածկ, թիթեղածածկ, հողածածկ, ձիւնածածկ, յարդածածկ, այեւ՝ ծածկել, ծածկելի, ծածկոյթ, ծածկոց: Սա հնչիւնափոխ, կծկուած սկզբնաձեւն է ծածուկ-ին, որով ունինք՝ ամրածածուկ, թեւածածուկ, քողածածուկ, եւ տակաւին՝ ծածկագիր, ծածկալեզու, ծածկանուն…
Այս բոլորին դիմաց՝ ո՛չ մէկ ծած կամ ծածք:
Այս համատարած թշուառութեան դիմաց՝ բոլոր արեւելահայ բառարանները հետեւողականօրէն ունին միայն ու միմիայն ծածկ: Նոյնը ունի Աճառեան: Կրնա՞յ ըլլալ, որ մեր բառարանագիրներէն ոչ մէկը եւ ոչ մէկ ստուգում կատարած է 20-րդ դարու արեւելահայ բառարանագիրներէն, այլեւ… Աճառեանէն, որուն «Արմատականը» արդէն տրամադրելի էր մինչեւ 1930, այսինքն՝ մեր չորս բառարանագիրներէն շատ առաջ: Ըլլալիք բա՞ն է այս:
Մրցոյթ 64.
***Հետեւեալներէն ո՞րն է ճիշդը. «Ընտիր շունը ամէն անցորդի չի հաջեր»:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալները.
—Պտուղ մը աւելի երկար կը պահպանուի, եթէ ամանին մէջ քանի մը խցան դնէք:
—Անոնք քննարկած են Կովկասի ապահովական կացութիւնը:
—Գերմանիա արտաքսեց քառասուն ռուս դիւանագէտ:
—Քննարկուած են շրջանային, յատկապէս Ուքրանիոյ (վերաբերող) հարցերը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Ռաֆֆի Ստեփանեան (7), Համո Ապտալեան(4), Լեւոն Շարռոյեան (5), Համո Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (6), Վահէ Աբէլեան (4), Արմէն Պաղտոյեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Համբարձում Յարթունեան (4), Գէորգ Նաթալի Եազըճեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (6), Գրիգոր Սիմոնեան (7):
Մրցոյթ 65.
***Փորձէ՛ բարելաւել հետեւեալներուն շարադասութիւնը: Ուշադրութի՛ւն. ոչ մէկ բառ պիտի աւելնայ, ոչ մէկ բառ պիտի ջնջուի. միայն բառ պիտի տեղափոխուի:
–Միջազգային ընտանիքը ֆինանսական պաշարումի վերացումը վարչական բարեկարգումներով կը պայմանաւորէր:
— Խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելը նիւթական հսկայական միջոցներ կ’ենթադրէ:
–Ֆինանսական այլ շրջանառութիւններ եւս արտաքին աղբիւրներէ կը բխին:
–Իրադարձութիւնը դարձեալ նախընտրական փուլին կը զուգադիպի:
–Շիի համայնքի երկու գլխաւոր ուժերու համատեղ դիրքորոշումները համայնքային կեդրոնի շրջանցումը կը բացառեն արդէն:
(«Ազդակ», խմբագրական, 12-4-2022)
[1] Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը. այս զազրելի արարածն էր, որ 44-օրեայ պատերազմի վաղորդայնին եւ տաքը-տաքին շնորհաւորեց Ալիեւը՝ «Ղարաբաղը ազատագրելուն առթիւ», իսկ քանի մը օր առաջ վերստին շնորհաւորեց զայն «Փառուխը ազատագրելուն համար»՝ նոյնհետայն կոչ ուղղելով Վրաստանի ու Մոլտաւիոյ, որ իրենց կարգին ազատագրեն իրենց գրաւեալ տարածքները՝ յուսալով «որ այս բոլորը կ’օգնեն Խրիմի ու Դոնեցքի ազատագրութեան»: