ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Իս մէ ղարիբ բլբուլի պէս, դուն օսկէ ղափազի նման…
Ես մի ղարիբ բլբուլի պէս, դու ոսկէ վանդակի նման…
* * *
Առաջինը Սայաթ-Նովայի բնագիրն է, երկրորդը՝ անոր կից արեւելահայերէն թարգմանութիւնը կամ փոխադրումը,– ինչպէս իրենք կ’ըսեն,– ի պէտս նոր սերունդին, որ այլեւս դժուարութիւն ունի հասկնալու շնորհալի աշուղին Հաւլաբարի բարբառը: Այս նոյն տրամաբանութեամբ 2011-ին առաջին անգամ ըլլալով արդի արեւելահայերէնի փոխադրուեցաւ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն եւս:
Ինչպէս նկատելի է, «փոխադրում» կոչուածը իր կարգին տրամաբանօրէն կը կարօտի վերափոխադրումի, քանի այս մէկ տողին մէջ կը գտնենք ղարիբ (պանդուխտ) եւ բլբուլ (սոխակ) բառերը, որոնք թրքերէն են (թող ըլլայ պարսկերէն կամ արաբերէն) եւ իրենց կարգին մեկնաբանութեան կը կարօտին, սակայն նկատելի է, որ փոխադրողը շատ չէ մտահոգուած այս հանգամանքով, քանի որ արեւելահայուն համար ասոնք այլեւս օտարաբանութիւն չեն:
Արեւելահայ արդի բառարաններուն մէջ հարիւրներով կը վխտան ասոնց նմանները, որոնց կից լաւագոյն պարագային փակագծերու մէջ դրուած կ’ըլլայ «բարբառային», իսկ շատ յաճախ այդ նշումն ալ կը զլացուի, եւ միջին հայը՝ ծերովք եւ տղայովք, արամբք եւ կանամբք, այսինքն՝ մեծամասնութի՛ւնը, հալած իւղի պէս կ’իւրացնէ նմանները՝ առանց նուազագոյն կասկածի, թէ թրքերէն են: Եւ թրքերէնը կը յաւերժանայ լեզուներու եւ հոգիներու մէջ…
Չհաշուած թրքատիպ արեւելահայերը՝ Արմէն Աշոտեանի տեսակէն, որոնց համար թրքերէն բառերու կիրարկութիւնը գիտակցուած ու ցանկալի խրախճանք է:
Չեմ բանար ռուսերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, զանզիպարերէնի էջերը… ասոնց վերահասու դառնալու համար կը յղեմ Յակոբ Պալեանի կազմած ցանկերուն կամ… Ազգային ժողովի մէկ հերթական նիստին:
ԶԼՄ կոչուած աղբանոցները իրենց կարգին:
Կը դարձնեմ էջը՝ իմ տեսանկիւնէս կարդալու համար Սայաթ-Նովայի տողը:
* * *
Նկատենք մէկ կողմէ պէս միւս կողմէ նման հոմանիշ յետադրութիւնները նոյն նախադասութեան մէջ. գեղարուեստական ինչպիսի՜ զգուշութեամբ աշուղը խուսափած է կրկնաբանութիւն կատարելու փորձութենէն: Երեւակայեցէ՛ք պահ մը որ այլազանութեան հնարքին դիմած չըլլար ան ու երկու անգամ ըսէր «պէս» կամ «նման». այսինքն՝
–Իս մէ ղարիբ բլբուլի պէս, դուն օսկէ ղափազի պէս…
–Իս մէ ղարիբ բլբուլի նման, դուն օսկէ ղափազի նման…
Հետեւանքը աղէտալի պիտի ըլլար պարզապէս:
Հատուածին գեղարուեստական շէնքը փուլ պիտի գար հայ գրասէրի գլխուն:
Դիտարկենք ուրիշ ուշագրաւ պարագայ մըն ալ, որ է դուն դերանունի գործածութիւնը:
Հաւանաբար պարագան պարզ է հայրենի լեզուաբաններուն համար:
Արեւմտահայ ընթերցողիս համար, սակայն, առեղծուած մըն է, թէ ուրկէ ՛ կամ ինչպէ՛ս յառաջացած է ան, ինչպէ՛ս վրացական կամ թէկուզ պարզապէս թիֆլիսեան միջավայրի մէջ գոյատեւած է՝ առանց դառնալու դու, ինչպէս կը գտնենք այս բառը բոլոր արեւելահայերու շուրթերուն:
- Որ… որպէսզի… որպիսի…
Որքան շատ հետեւինք հայրենի լրատուական աղբիւրներու, այնքան աւելի վերահասու կը դառնանք լեզուական քաղցկեղի այն այլազան արտայայտութիւններուն, որոնք քար առ քար, խիճ առ խիճ եւ անդառնալի հետեւողականութեամբ կը կործանեն այս լեզուի շէնքը:
Այո՜, արեւելահայերէնը ամբողջական կործանումի, այլասերումի ընթացքի մէջ է:
Ճիշդ ինչպէս կործանումի ընթացքի մէջ է ինքը Հայաստանը իր անփոյթ ու անարժան զաւակներուն անպատասխանատու ու անձնասէր վերաբերումին հետեւանքով: Եւ ըմբռնելի պատճառներով. իր լեզուին հանդէպ այսքան անտարբեր եղողը չէր կրնար ու չի կրնար հայրենիքի յարգը գիտնալ ու հայրենիք պահել:
Այս ախտաճանաչումի ճշմարտացիութիւնը հաստատելու համար կրնաք հետեւիլ Ազգային ժողովի ելոյթներուն, անոր ամբիոնէն հնչող հայերէնի որակը շատ բան պիտի յուշէ ձեզի: Չէք գտներ պատգամաւոր մը, որ զանազանէ որ եւ որպէսզի շաղկապները. ամէն անգամ ու միահամուռ հնչողը որպէսզի-ին է որ-ի փոխարէն.
Այս մարդիկ՝ ազգին սուղ եկամուտները խժռող այս անարգ խաժամուժը, հայերէն մտածել չեն գիտեր, ռուսն է իրենց լեզուամտածոթութիւնը ձեւաւորողը, այլ խօսքով՝ ռուսերէն կը մտածեն ու կը տրամաբանեն.
–Շատ կարևոր է, որպէսզի դաշնակիցները յաճախ հանդիպեն:
–Չպէտք է թոյլ տան, որպէսզի հասնի իր նպատակին:
–Չեն ուզում, որպէսզի որևէ քաղաքացի գերութեան մէջ լինի:
Ծանօթ.− Առջի օր՝ Մայիս 9-ի քարոզին մէջ Գարեգին Բ. իր կարգին ըսաւ.
«Մեր աղօթքն է, որպէսզի[1] խաղաղութիւն լինի աշխարհում»:
Եթէ գլուխին գիտցածը այս է, հապա ի՜՜՜նչ կրնայ ըլլալ պոչին գիտցածը…
Այսքանը չէր բաւեր, հիմա ուրիշ հակում մը սկսած է մեծաքայլ ձեւաւորուիլ, այն է՝ աւելի առաջ տանիլ յիշեալ աղաւաղումը եւ որպէսզի-ի փոխարէն արտասանել… որպիսի:
Այո՜՜՜, որպիսի, որ… շաղկապ ալ չէ, մինչդեռ որպէսզի-ն գոնէ… շաղկապ է:
Ու չեն ալ ամչնար:
Շլմորած կը սպասես, որ զայն արտասանողը պահ մը ընդմիջէ խօսքը, անդրադառնայ ու ներողութիւն խնդրէ ունկնդիրներէն լեզուական վրէպին համար, բայց ո՜չ,– ի՜նչ անդրադարձ, ի՜նչ ներողութիւն, ո՜ւր կ’ապրինք. իր գործընկերոջը շիշ արձակող պատգամաւորէն կամ ներքնաշորը հանգիստ հանող ու ներկաներուն դրօշակի պէս ցուցադրող պատգամաւորուհիէն ի՜նչ ամօթ կը սպասես ,– ան սիգապանծ կը սլանայ ու կ’աւելցնէ երկրորդ, ապա երրորդ որպիսի-ները:
Իսկ եթէ որպիսի չէ, ապա պատրաստ է ուրիշ ճիւաղութիւն մը, որ յետայսու-ն է՝ այսուհետեւ-ի փոխարէն:
–Որոշուել է յետայսու եւս նպաստել ներդրումների հոսքին:
–Յետայսու իմ նկարները չօգտագործել հաւաքների ժամանակ:
–Խրախուսական նպաստը յետայսու ամենամեայ բնոյթ է կրելու:
Ասոր ելքը ո՞ւր է…
Սկսելու համար՝ լուծե՛լ այս խորհրդարանը, անվերադարձ իրենց տուները ղրկել ազգավնաս այս խեշերանքը եւ ընտրուելու իրաւունք տալ մի՛միայն այնպիսիներուն, որոնց տարրական հայերէնագիտութիւնը կ’երաշխաւորէ Լեզուի կոմիտէն:
Մրցոյթ 67.
***Լրացո՛ւր ասոյթը. «Իսկական սէրը կը սկսի հոն, ուր այլեւս ոչինչ կ’ակնկալես սիրածէդ»:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
—Յաջորդեցին այլ տարեդարձներ՝ ժամանակաւոր յուզումներ արթնցնելով:
Յաջորդեցին այլ տարեդարձեր՝ արթնցնելով ժամանակաւոր յուզումներ:
—Քահանայապետը իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր:
Քահանայապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ (բաշխեց, յղեց) անոր:
—Ան կրնար քանի մը վրձինի հարուածով խնդացող դէմք մը լացողի դարձնել:
Ան կրնար վրձինի քանի մը հարուածով խնդացող դէմք մը լացող դարձնել:
—Կ’ամուսնանայ Մարի Աճեմեանի հետ եւ կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով:
Կ’ամուսնանայ Մարի Աճեմեանի հետ եւ կը բախտաւորուի հինգ զաւակով:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Նաթալի եազըճեան (7), Վահէ Աբէլեան (6), Լեւոն Շառոյեան(8), Ցոլակ Ապտալեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (4), Արմէն Պաղտոյեան (4), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (3):
Մրցոյթ 68.
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները՝ առանց բառ ջնջելու կամ աւելցնելու.
—Այս խաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 150-ի շուրջ մարզիկներ:
—Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն ծրագրող խմբաւորում մը բացայայտուած է, եւ իսրայէլեան հետախուզութեան հետ կապ ունեցող լրտեսներ ձերբակալուած են:
—Ազերիները կրակեցին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ երեք զոհ եւ հինգ վիրաւորներ պատճառելով:
—1960-ին ան Քրիստոնէական միութեան քարտուղարութիւնը կը հիմնէր եւ Օգոստինոս կարդինալը անոր նախագահը կը նշանակէր:
—Թուրքիա արգիլած է Հայաստան արձանագրուած օդանաւերուն մուտք գործել իր օդային տարածքը՝ առանց որեւէ հիմնաւորումի:
[1] Բոլոր լրատու աղբիւրները՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս, նոյնութեամբ կրկնեցին այս բառը՝ բացառութեամբ «Հայկական ժամանակ»-ի, միակը, որ զայն վերածեց «որ»-ի: