ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Բառաստեղծական
Անդրադարձա՞ծ էք երբեւէ, թէ աւելի շատ բանաստեղծ ունեցած ենք, քան թէ բառաստեղծ. պատճա՞ռը… որովհետեւ աւելի դիւրին է բա՛ն ստեղծել,– օրին մեզմէ ո՞վ չէ ստեղծած,– քան թէ բա՛ռ ստեղծել: Այլ հարց, թէ շատ-շատեր կէս ճամբէն ետ կը դառնան, որովհետեւ իրենք ալ կ’անդրադառնան, որ բան մը կը պակսի իրենց… ստեղծած բանին:
Պարոյր Աղպաշեան այն հազուագիւտ երախտաւորներէն է, որ շուրջ կէս դարէ ի վեր նուիրուած է այս վսեմ առաքելութեան եւ անշեղօրէն կը հետապնդէ զայն:
Ստորեւ կը գտնէք համեստ փունջ մը անոր ստեղծագործութիւններէն: Կը պահենք բառերուն ձեւաբանական կարգերը՝ թիւը եւ հոլովը, որոնք այլապէս բարացուցական են:
–անգլուխութիւն, տարտամոտ
–առանցգականութիւններէն
–բազմակոտորակումներէն
–բաժնեմասնակցութիւնները
–ըմբոստախառն կամ ըմբոստաշունչ
–թրքադրածոյութիւն
–ինքնահաշուենկատութիւններու
–ինքնամիացումէն
–հակագոյավիճակներով
–համագոյավիճակներով
–հակակողմնորոշումներով
–տեսադաշտութեամբ
- Գոյակեցութիւն (ա)
Այս մէկը ունի իր պատմութիւնը, որ կը փութամ դարձնել ձեր սեփականութիւնը:
Ուրեմն, որքան կը յիշեմ, մօտաւորապէս 40−45 տարի առաջ էր, երբ առաջին անգամ անոր հանդիպեցայ Պարոյր Աղպաշեանի գրիչին տակ: Այնուհետեւ յաճախ կրկնուեցաւ ան: Այն օրերու նեղ պայմաններուն մէջ հազիւ մէկ տրամադրելի բառարանի օգնութեամբ փորձեցի իմանալ նշանակութիւնը ու վերծանել զայն կրող նախադասութիւններուն իմաստը, բայց ոչ մէկ անգամ յաջողեցայ: Աւելի ուշ դիմեցի այլ բառարաններու նոյն ձախողութեամբ եւ հոգեկան այն ճմլումով, որ չիրազեկուած գիտելիք մը կը պատճառէ մեր բանականութեան:
Տրուած ըլլալով, որ ժամանակ մը Աղպաշեան դադրեցաւ այս բառին կառչելէ, ես ալ մոռացութեան մատնեցի զայն, բայց աւելի ուշ վերսկսաւ վերանորոգ թափով մը եւ աւելի բարձր յաճախականութեամբ. վերջինը տեղի ունեցաւ «Պայքար»-ի 3 ապրիլ 2022-ի թիւին մէջ, որ ահաւասիկ.
–«Նախագահ մը կրնա՞ր հանդուրժել նման վերաբերմունք հանրապետութեան գոյակեցութեան»:
Ամէն անգամուան պէս այս օրինակը եւս փորձեցի մեկնաբանել՝ ջանալով գուշակել, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’ուզէ ըսել վաստակաշատ գրողը,− սակայն անօգուտ. առեղծուածը կը մնար ամբողջական: Անշուշտ չեմ բացառեր, որ գտնուին ինձմէ աւելի բախտաւորներ եւ թափանցեն անոր ծալքերուն խորը. կը խոնարհիմ այդպիսիներուն առջեւ:
Միւս կողմէ՝ հիմա աւելի լաւ զինուած էի այդ բառին գրոհներուն հանդէպ, քանի տրամադրութեանս տակ ունէի «Նայիրի բառարաններ»-ու 132 պատկառելի հատորները, որոնք միահամուռ կը հաստատեն անոր… չգոյութիւնը:
Ուրեմն՝ հայերէնը ոչ մէկ ատեն գոյակեցութիւն ունեցած է:
Իսկ ասկէ անդին կը սկսին հարցին զաւեշտական ծալքերը:
* * *
Փնտռտուքներս ի զարմանս ինծի երեւան կը հանեն, որ Աղպաշեանէն առաջ ալ ունեցած ենք այս ուրուական բառը գործածող կարկառուն դէմքեր, ինչպէս նաեւ իր օրով՝ իրեն զուգահեռ կիրարկողներ: Ուրեմն ան բացառութիւն չէր, այլ պարզապէս քիչ մը աւելի կառչած էր բառիս, ինչպէս կը պատահի… շատերուս:
Օրինակ՝ դուք հանդիպա՞ծ էք յօդուածի մը, որուն մէջ Յակոբ Պալեան չկիրարկէ էսթապլիշմընթ եւ մանաւանդ... ճապկում բառերը, եթէ ոչ, ապա երջանիկ էք, ինքս ահա այսքան տարիներէ ի վեր ինկած եմ անոնց, ըսել կ’ուզեմ՝ յատկապէս ճապկում-ին, ճիրաններուն մէջ եւ յուսահատ կը տապլտկիմ՝ յումպէտս վատնելով ծաղիկ տարիներս:
Եւ այս՝ հակառակ այն իրողութեան, որ այս բառը կը գտնենք մեր գրեթէ բոլոր բառարաններուն մէջ, ուր, սակայն, անոր տրուած բացատրութիւններն ու անհամար հոմանիշները շատ աւելի առեղծուածային են, քան ինքը՝ ճապկում-ը:
Ուրեմն ստորեւ օրինակներ՝
***Այդպէս կը պահանջէ գոյակեցութիւնը (Սիմոն Սիմոնեան, «Խմբապետ Ասլանի
աղջիկը», 1967, էջ 62):
***Ներքին փոթորիկին եւ արուեստական խաղաղութեան միջեւ առժամեայ գոյակեցութիւն մը (Զարեհ Որբունի, «Ասֆալթը», 1972):
***Կուսակցութիւնները դուրս գային ամուլ գոյակեցութենէն (Վահրիճ Ճերեճեան, «Կեանքին եւ մտածողութեան ընդմէջէն», 2007):
***Ոչ ալ խաղաղ գոյակեցութիւն կարելի է հաստատել թուրք այգայնամոլութեան եւ հայութեան միջեւ (Ժիրայր Նայիրի, «Նայիրի», 18-9-2007, էջ 8):
***Տեղացի աշակերտներու գոյակեցութիւնը («Արարատ», 8-9 մայիս 2007, էջ 3):
***Ի վերջոյ մեր ուզածը արդարութիւնն է՝ իրաւունք, բարօր կեանք, խաղաղ գոյակեցութիւն աշխարհի միւս ժողովուրդներուն հետ (Վրէժ-Արմէն Արթինեան, «Նամակապատում», 2016, էջ144):
*** Գիտաժողովը կը ձգտի ստեղծել կրօններու միջեւ գոյակեցութիւն՝ զիրար հասկնալու միջոցառումներ կազմակերպելով (Radio Ayk, Oմանի սուլթանութիւն, 29-30-2019):
Ապշեցուցիչ բան մը կայ այստեղ:
Այս գրողներուն բոլորն ալ հայերէնին աւելի կամ պակաս գիտակ են, եւ ոչ միայն. առնենք Սիմոն Սիմոնեանը, որ մշակուած հայկաբան էր, եղած է գրաբարի ուսուցիչ Անթիլիասի ժառանգաւորներուն, երկար տարիներու խմբագիր ու հրատարակիչ հայագիտական ծանրակշիռ աշխատութիւններու: Նուազ պատկառելի չեն միւս անունները`Զարեհ Որբունի, անուանի գրագէտ, Ժիրայր Նայիրի՝ վեթերան խմբագիր եւ միւսները, որոնց ծանօթ էք բոլորդ: Այս այսպէս ըլլալով՝ ինչպէ՞ս պատահած է, որ բոլորը հաւասարապէս մոլորած են եւ կիրարկած են բառ մը, որ… գոյութիւն չէ ունեցած:
Այսպիսի բան միայն հոսհոսներուս թագաւորութեան մէջ կրնար պատահիլ:
Ու պատահած է:
Մրցոյթ 72.
***Վերաշարադրել հետեւեալները.
—Բոլոր հայերը իրաւունք ունին Հայաստանի քաղաքացիներ դառնալու եւ վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուած ըլլալու իրաւունքը:
Բոլոր հայերը իրաւունք ունին Հայաստանի քաղաքացի դառնալու եւ վայելելու անոր պաշտպանութիւնը:
—Երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ կ’ամբողջացնեն:
Երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ կ’ամբողջացնեն զիրար:
—Մեր հակառուս գործիչները կը հաւատան եւ կ’ուզեն հաւատացնել ժողովուրդն ալ, թէ փրկութիւնը Արեւմուտքէն կրնայ գալ:
… եւ կ’ուզեն հաւատացնել ժողովուրդին ալ…:
—Կայ մարդասիրական հարց մը, որուն մասին կարելի չէ լուռ անցնիլ:
… որուն վրայէն (կամ քովէն) կարելի չէ լուռ անցնիլ:
—Մեր պետական դէմքերը սովորութիւն չունին հակաճառելու ռուսերուն հետ:
… հակաճառելու ռուսերուն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան(6) Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Արա Մխսեան(9), Գեղամ Խաչատրեան (8), Յարութ Կոպէլեան(8), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Համբարձում Յարթունեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8),Արմէն Պաղտոյեան (8):
Մրցոյթ 73.
***Վերաշարադրել հետեւեալները.
—Ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը շարունակէ մտահոգիչ հարց մնալ:
–Անկէ ելած ջուրով թէ՛ մենք կը խմենք եւ թէ՛ կը ջրենք մեր մշակած հողերը:
–Հիմա խնդրանքս է քեզի, որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսես այս ներկաներուն:
–Առիթ կայ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ յառաջ շարժելու:
–Թուրքիան կը փորձէ կապ գտնել Հայաստան-Թուրքիա հոլովոյթին եւ Հայաստան-Ազրպեյճան հոլովոյթներուն միջեւ: