ՏՈՔԹ.ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
- 1. Տառադարձական
Այս բառը գաղափարներու անխուսափելի զուգորդութեամբ կը յուշէ ինծի Զուարթնոց օդակայանը, ուր հասնող Յակոբ-ը դուրս կու գայ Հագոպ դարձած, Աւետիս-ը՝ Աւադիս, Համբիկ-ը՝ Կամպիգ եւ այսպէս շարունակ: Ոչ ոք կ’ուզէ լսել բողոքդ. այնտեղ կը գտնուի գրադարձող մեքենայ մը, որ լատինատառ անունդ «կը հայացնէ» ըստ միջազգային ու ռուասական գրադարձական խառնակ այբուբեննրու թելադրանքներուն, ու վե՛րջ, եւ պաշտօնեան, մարդամեքենայի մը անտարբերութեամբ ու չորութեամբ, կը դարձնէ քեզի վաւերաթուղթդ՝ նոր անունովդ:
Այս բոլորը վերյիշեցի վերջերս Պարսկաստանի «էներգետիկայի» նախարարի Հայաստան այցելութեան ընթացքին սփռուած լուրերուն բերումով: Զիս հետաքրքրողը անոր անունն էր՝ Ալի Աքբար Մեհրաբիան՝ իան-ով: Առաջինը «Արմէնպրես»-ն էր, ինչպէս կ’ակնկալուէր, միւսները շուտով հետեւեցան անոր, եւ հայրենի մամուլը գրաւոր թէ ելեկտրոնային ողողուեցաւ Մեհրաբիան-ներով, որ կը յաջորդէր մօտիկ անցեալին այստեղ եկած Ալլավերդիան-ին եւ ուրիշներու՝ միշտ իան-ով:
Սա երբեմնի հանրածանօթ Մեհրապեան-ն է, որով կը կոչուէին ու կը շարունակեն կոչուիլ բազում հայրենակիցներ՝ հայ թէ պարսիկ. տուէ՛ք այս անունը Google-ին եւ ինքներդ ալ վերահասու պիտի դառնաք անոր բազմատասնեակ յաճախականութեան՝ թէ՛ Մեհրապեան, թէ՛ Մեհրաբյան աբեղեանական տառադարձութեամբ, որ արդէն վաղուց… կլլած ենք:
Եւ այս կը հանդիսանայ ուրի՛շ անհեթեթութիւն մը. սա բացարձակապէս նո՛յն բառն է, նո՛յն հասկացութիւնը՝ նո՛յն արտասանութեամբ ի Պարսս եւ ի Հայս, բայց ահա արեւելահայուն ուղեղը ասոնք կ’ընկալէ, առաջինը՝ իբրեւ Մեհրաբիան, երկրորդը՝ իբրեւ Մեհրաբյան[1]:
Մարդ կրնայ երկար,− եւ բոլորովին ի զուր,− չարչարել ուղեղը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել բառավերջի իան-ը, յան-ը եւ… եան-ը: Այո, պէտք է արեւելահայ ըլլալ նման սխրանք մը յաջողցնելու համար:
- 2. Մշոյ ճառընտիր
Ձեզի բան մը կ’ըսէ՞ այս բառակապակցութիւնը:
Ուրեմն ան անունն է աշխարհի ամենամեծ ձեռագիր մատեաններէն մէկուն՝ 55,3 x 70,5 սմ: Գրուած ու զարդանկարուած է 1200−02 թուականին Երզնկայի մէկ վանքին մէջ: Ընդօրինակողը կը կոչուի Վարդան Կարնեցի, իսկ նկարազարդողը՝ Ստեփանոս:
Հազիւ գրչագրութիւնը աւարտած՝ զայն կ’իւրացնէ թաթար դատաւոր մը, երկու տարի կը թաքցնէ զայն, որմէ ետք Մշոյ միաբանները կը գնեն զայն 4.000 արծաթ դրամով, որ կը գոյանայ միաբաններու եւ շրջակայքի բնակիչներու նուէրներով:
Ան օրին ունեցած է 600 թերթէ աւելի, որոնց իւրաքանչիւրը ստացուած է մէկ երինջի, այսինքն՝ մատակ կովի, մորթով եւ կշռած է աւելի քան 30 քկ:
Ան յիշեալ վանքին մէջ կը պահպանուի մինչեւ 1915-ի գաղթը:
Տեղահանութեան օրերուն երկու հայուհիներ կ’որոշեն փրկել զայն ու հրաժարելով սեփական իրերէ՝ հետերնին կ’առնեն՝ օրեր շարունակ փոխնիփոխ կրելով զայն: Կը հասնի պահ մը, ուր ա՛լ կարելի չ’ըլլար կրել ամբողջութիւնը, ուստի երկուքի կը կիսեն, կէսերէն մէկը կը թաղեն, ու կը շարունակեն միւս կէսով, որ կը հասցնեն մինչեւ Թիֆլիս ու կը յանձնեն տեղւոյն Հայոց ազգագրական ընկերութեան:
Նախախնամութիւնը կ’օգնէ, եւ ահա ռուս բարեխիղճ զօրական մը պատահմամբ կը գտնէ միւս կէսը: Իրեն ծառայող հայ զինուորներ կը յայտնեն, որ գտածոն հոգեւոր ճառերու հաւաքածոյ մըն է՝ հայերէն գրուած: Եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ այդ կէսը իր կարգին կը յանգի նոյն ազգագրական ընկերութեան, ուր դժուար չ’ըլլար միացնել զանոնք:
Հանրապետութեան օրերուն ան Թիֆլիսէն կը բերուի Հայաստան ու պահ կը դրուի Էջմիածնի մատենադարանը, ասկէ ալ, աւելի ուշ, կը գտնէ իր վերջին կայանը՝ Երեւանի մատենադարանը՝ իր ծաւալով, այլեւ ձեռագրային ու զարդանկարային որակով գրաւելով այցելուներու զարմանքն ու հիացումը:
Ներկայիս ան ունի 602 թերթ, կողք չունի եւ կը կշռէ 30 քկ:
- Տուն եւ տուն տալ
Մի՛ աճապարէք. ձեզմէ տուն ուզող պիտի չըլլայ:
Այս տունը… ուրիշ տուն է:
Ուրեմն հեռաւոր միջին դարերուն, ուր ո՛չ թուղթ ու ո՛չ մամուլ կար, գիրք կը ստացուէր համբերատար ընդօրինակութեամբ՝ իբրեւ գրանիւթ օգտագործելով մասնաւորաբար մագաղաթը, որ ստնաւոր անասուններու յատուկ մշակուած մորթն է, եւ երբեմն պապիրոսի վրայ, որ Նեղոսի ափերուն աճող ու նմանապէս յատուկ մշակուած եղէգ մըն է:
Շատ աւելի առաջ օգտագործուած են մոմը, կաւը, փայտը եւ այլն:
Ամէնէն շատ ապսպրուող գիրքը Աստուածաշունչ մատեանն էր, որուն մէկ օրինակի ընդօրինակումը, նկարազարդումով մէկտեղ, կրնար տարիներ տեւել եւ պահանջել … տասնեակներով անասուններ, երբեմն շատ աւելի, ինչպէս տեսանք: Այս պատճառով ալ գիրք ունենալը պերճանք մըն էր, որուն շատ քիչեր կ’արժանանային: Միւս կողմէ՝ գիրքը, որ ինչպէս ըսինք, սովորաբար Աստուսծաշունչն էր, հոգին փրկելու եւ երկնային պարգեւի արժանանալու միջոց էր. զայն ապսպրողն ու եկեղեցիին նուիրողը ձեւով մը գնած ու ապահոված կ’ըլլար իր հոգեւոր փրկութիւնը` դրախտ երթալու տոմսակ էր ան:
Բայց ահա թուղթը, որուն գիւտի ճիշդ թուականը ծանօթ չէ, սկսաւ կամաց-կամաց թափանցել դէպի Արեւմուտք, ընդ որս եւ Հայաստան, գալով Ծայրագոյն արեւելքէն, ամենայն հաւանականութեամբ Չինաստանէն: Եւ ինչ որ էական է՝ անհամեմատ աւելի աժան, քան մագաղաթը:
Գրանիւթի աժանացումի ու մատչելիութեան բերումով մէկ կողմէ աւելցաւ հոգիի փրկութեան մասին մտածողներու թիւը, միւս կողմէ շատ ուրիշ գիրքերու պահանջը եւս: Եւ ահա ձեռներէց մարդիկ հաստատեցին առաջին… տպարանները: Բայց ուշադրութիւն, այստեղ գործողը մեքենան չէր. տակաւին հեռու ենք մամուլէն ու Կիւթեմպերկէն:
Ուրեմն ասոնք գրչանոցներ կամ գրչատուներ էին, ուր կը ծառայէին մէկէ աւելի գրիչներ՝ ընդօրինակողներ, որոնց թիւը կախում ունէր պահանջէն: Ասոնց միջեւ կը գտնուէր մէկը, որ կը կարդար, կը թելադրէր բնագիրը, եւ գրիչները կը գրէին՝ ձերբազատելով անձամբ ամէն վայրկեան բանգիրին դիմելու հոգէն:
Այս ընթերցողը կը կոչուէր «տուն տուող»: Գործողութիւնը՝ «տուն տալ»:
Տունը, ուրեմն, բնագրային այն փոքրիկ հատուածն էր՝ արձակ կամ ոտանաւոր, որ ան մէկ անգամէն կը թելադրէր գրիչներուն. ան ունէր սերտուած ծաւալ մը, որ գրիչները պէտք է կարենային ընկալել, իւրացնել ու արձանագրել՝ առանց կորուստի:
Հետագային «տուն» եզրը, իբր այդպիսին, նուիրականացաւ իբրեւ ոտանաւորի ներքին բաժանում, որ ընդհանրապէս չորս տող է, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս[2]:
Մշոյ ճառընտիր (Մատենադարան)
Մրցոյթ 75.
***Բեռնաթափէ ՛ հետեւեալներուն աւելորդ յօդերը.
—Ուրախութեամբ կարդացի Ալիեւի յայտարարութիւնը միջազգային համախմբումի ընթացքին:
—Երկրորդ փուլի քուէներու հաշուարկով՝ ձայներու 50,44 համեմատութեամբ յաղթած է Կուսթաւո Փեթրո(ն):
—Ռուսիա կը յուսայ, թէ Թուրքիա կը հրաժարի ռմբակոծելէ քիւրտերու(ն) դիրքերը:
—Անցեալին պարսից արքաներու թագը շիի իմամներու անուններով պատրաստուած կ’ըլլար:
—Մոհամմետ շահի մահէն եւ պարսկական բանակի Շուշիէն հեռացումէն ետք բեկը ձեռք առաւ իշխանութիւնը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Արա Մխսեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (7), Ռուբէն Շառոյեան (10), Արմէն Պաղտոյեան(10), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան(10), Ցոլակ Ապտալեան (5):
Մրցոյթ 76.
***Ըստ հայեցողութեանդ վերաշարադրէ հետեւեալները.
—Սուրիան յանձնառու կը մնայ տունդարձ կատարողներուն բնակարաններ տրամադրել:
—Մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ ունին յատուկ, ճանաչելի դէմքի շարժումներ:
—Ազատական կուսակցութեան ղեկավարը արգիլեցին կառավարութիւն կազմելէ:
—Որեւէ կարգավիճակ Ազրպեյճանի կազմին մէջ պիտի երաշխաւորէ Արցախի հայաթափումը:
—Երէկ դարձեալ սկսաւ հնչել Սալամի անունը՝ իբրեւ վարչապետի թեկնածու:
[1] Այն նոյն օրը, ուր կը յայտարարուէր պարսիկ նախարարի՝ Մեհրաբիանի ժամանումը, «Արմէնպրես» դրած էր հայրենի հաստատութեան մը հետեւեալ գովազդը. [«Մեհրաբյան և որդիներ» ընկերությունը էքսպոյի շրջանակներում ներկայացավ աննախադեպ մասշտաբով]: Իսկ կուսակցապետ Ռուբէն Մեհրաբեանի անունը ծանօթ է բոլորիդ: Արէն Մեհրաբեան հիմնադրամն ալ վրադիր այս բոլորին:
[2]Մօտիկ անցեալին տուն կը կոչուէր նաեւ Աստուածաշունչի գիրքերու գուխներուն ներքին բաժա-նումներէն իւրաքանչիւր թուագրուած հատուածը, որ ներկայիս պարզապէս «համար» կը կոչենք: