Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Թուղթ
Այս բառը շատ վաղուց՝ նախագրային հայերէնի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցած պէտք է ըլլայ, քանի գիրերու գիւտէն ետք ան մեր առաջին մատեաններուն՝ թէկուզ «Աստուածաշունչ»-ի մէջ արդէն շօշափելի ներկայութիւն է, ինչպէս պիտի տեսնենք աւելի անդին:
«Նոր հայկազեանը»-ը այս բառին կը յատկացնէ երկու շատ յստակ զատորոշուած նշանակաութիւններ.
ա) Թուղթ-ին հիմնական նշանակութիւնն է, ըստ «Նոր հայկազեան»-ի, «գիր ողջունի, քարտէս, նամակ, հրովարտակ»: Ասոնք ծանօթ եզրեր են. թերեւս քարտէս-ին համար պարտինք ըսել, որ յունարէն է եւ կը նշանակէ հաւասարապէս թէ՛ որեւէ նիւթ, որուն վրայ կը գրեն, թէ՛ բուն գրուածքը, բովանդակութիւնը:
Ուրեմն իբրեւ նամակ կամ գրութիւն նշանակութիւնը շատ վաղուց հաստատուած պէտք է ըլլար այս բառին մէջ. միայն «Աստուածաշունչ»-ը ունի թուղթ “նամակ” նշանակութեան 66 կիրարկութիւն:
–Եւ գնացին սուրհանդակքն հանդերձ թղթովքն (2Թիւք, 30/2):
( Եւ սուրհանդակները մեկնեցան նամակով)
–Եւ այս են բանք թղթոյն զոր առաքեցին նոքա (Եզրաս, 4/8):
(Եւ այս է բովանդակութիւնը այն նամակին, որ ղրկեցին)
–Եւ ընթերցջի՛ք զթուղթդ զայդ, զոր առաքեցաք առ ձեզ (Բարուք, 1/14):
(Եւ պիտի կարդաք այդ նամակը, որ ղրկեցինք ձեզի)
–Գրեալ էր ի թղթին: Պատասխանի թղթին (Փարպեցի, «Թուղթ Վահանայ»):
(Գրուած է նամակին մէջ: Նամակին պատասխանը)
–Ետ տանել նմա թուղթ աղաչանաց (Խորենացի, Բ.,29):
(Յղեց անոր աղաչանաց նամակ մը)
Եւ թուղթ-ի “նամակ” նշանակութեան այս կիրարկութիւնը անորոշ ժամանակով կը շարունակուի միջին հայերէնի մէջ եւս:
բ) Բայց ահա այդ նշանակութեան կողքին կը գտնենք երկրորդ մը՝ իբրեւ «թերթ բարակ, յորոյ վերայ դրոշմին տառք», այսինքն՝ «բարակ թերթ, որուն վրայ տառեր կը դրոշմուին»: Եւ «Նոր հայկազեան»-ը կը թուէ այն նիւթերը, որոնք իբր այդպիսին կը ծառայէին՝ «երբեմն կեղեւ եւ տերեւք ծառոյ, կամ պրտու, կնիւն, ապա մագաղաթ»: Պրտու-ն եւ կնիւն-ը եղէգի տեսակներ են, մագաղաթը ստնաւոր անասուններու մորթն է: Ապա կը թուէ բամբակը, կտաւն ու վուշը, որոնք կը ծառայէին թուղթ ստանալու, փաստօրէն՝ թուղթի ճարտարարուեստի:
Ասոնք քաղաքակիրթ աշխարհին ծանօթ նիւթեր էին, եւ ծանօթ էին Հայաստանի մէջ եւս, ուր վստահաբար կիրարկութիւն ալ ունէին: Այո, հայերէն գիր չունէինք, սակայն ունէինք պետականութիւն, որ առանց գիրի չէր կրնար գործել, եւ ան իր գրագրութիւնը պիտի պահէր որեւէ օտար լեզուով, ըսենք՝ յունարէնով, ասորերէնով, պարսկերէնով եւ առ այդ գործածէր վերը նշուած նիւթերէն մէկը կամ միւսը: Այսուհանդերձ իր այս երկրորդ նշանակութեան ՈՉ ՄԷԿ պատմական օրինակ կը հայթայթէ «Նոր հայկազեան»-ը եւ անոր յատկացուած հատուածը յարաբերաբար մութ է. կը գտնենք բոլորովին տարտամ օրինակ մը. «Եղբարքն, որ գիտէին գործել թուղթ»: Այսինքն՝ «եղբայրները, որոնք գիտէին թուղթ պատրաստել»… օրինակս առնուած է… «Վարք հարանց»-էն, որ 17-րդ դարուն խմբագրուած աշխատութիւն մըն է, դասական հայերէնէն շատ ու շատ ուշ, երբ այլեւս գրաբարը վաղուց դադրած էր խօսակցական լեզու ըլլալէ, իսկ թուղթը համաշխարհային ճանաչում ու կիրարկութիւն ունէր տպագրութեան մէջ ու մտած էր ամէն լեզու, նաեւ հայերէն:
Աւելի շռայլ է Ռուբէն Ղազարեանի «Միջին հայերէնի բառարան»-ը, ուր կը գտնենք թուղթ-ի կիրարկութեան մէկէ աւելի օրինակներ:
* * *
Իսկ ի՞նչ է կացութիւնը ներկայիս:
Բացայայտ իրողութիւն է, որ աշխարհաբարը չի ճանչնար թուղթ-ին` պատմական «նամակ» նշանակութիւնը, նոյնիսկ եթէ բառարաններ կը դնեն զայն. օրինակ՝ Գայայեան ունի՝ նամակ, գրութիւն, Տէր Խաչատուրեան ունի նամակ, բարեւագիր, այսպէս ալ ուրիշներ: Պարագան նոյնն է արեւելահայերէնի մէջ: Սակայն ասոնք կեղծ յիշատակութիւններ են, որոնք կը հիմնուին, մէկ կողմէ՝ գրաբարի վրայ, միւս կողմէ՝ բառարանէ-բառարան ճամբորդող բառերու մոմիացած դրամագլուխին վրայ: Արդի հայը «թուղթ» ըսելով նամակ չի հասկնար բնաւ:
Հաւանաբար որոշ կենսունակութիւն ունին ժողովրդախօսակցական ոճով թուղթ “փաստաթուղթ”, “պայմանագիր”, “մուրհակ” առարկաները, որոնք վերջին հաշուով օժտուած են, այո, գրութեամբ մը, սակայն զայն այս նշանակութեամբ կիրարկողին մտքին մէջ առկայ է ոչ այնքան անոր բովանդակած գրութիւնը, որքան նոյն ինքն թուղթ նիւթը: Յամենայն դէպս նման կիրարկութիւններ շատ հեռու են բառիս երբեմնի նշանակութեան ունեցած բովանդակութենէն: Փաստօրէն որեւէ արդի հայու մտքէն պիտի չանցնէր, ակնարկելով նման փաստաթուղթի, ըսել. «Այս նամակները դատաւորին պիտի ներկայացնենք», −չէ՞ որ թուղթ եւ նամակ հոմանիշ են: Ո՛չ, որովհետեւ նման փաստաղուղթեր նամակ կամ գրութիւն չեն թելադրեր արդի հայուն:
Ինչպէս ըսի, յստակ ժամանակագրութիւն մը չունինք թուղթ բառին՝ իբրեւ նամակ-ի նշանակութեան նսեմացումին, հուսկ՝ մահուան: Ջրբաժանը միջին հայերէնէն աշխարհաբար անցումն է, ըսենք՝ 15−17 դ դարերը: Անկէ ետք ալ հաւանաբար թուղթ-ը՝ իբրեւ «նամակ», անորոշ գոյութիւն մը քաշքշած է գաւառական շրջանակներու մէջ, որու ծնունդ է, օրինակ, «Թղթիկ մ’ալ չես գերեր, ցաւերդ իմանամ» ծանօթ երգին ծանօթ տողը, ուր թղթիկ-ը նամակն է, կարճ նամակ մը:
Այսօր նամակ բառը, որ նմանապէս ոսկեդարեան է, ամբողջովին կլանած է թուղթ-ին երբեմնի հիմնական նշանակութիւնը: Այսօր դժուար է պատկերացնել արեւմտահայ մը, որ ըսէ. «Մամայիս “թուղթ” մը պիտի գրեմ»: Ան պիտի ըսէ՝ «նամակ», անոր հետ ամէն արեւմտահայ: Կ’ենթադրեմ, թէ կացուիւնը նոյնն է արեւելահայերէնի մէջ եւս, որքան ալ բառարանները փորձեն ուրիշ բան թելադրել:
Ծանօթ.—Հետաքրքրական է, թէ ինչո՛ւ «Նոր հայկազեան»-ը կը յիշատակէ թուղթ-ին նիւթական նշանակութիւնը՝ «թերթ բարակ», մինչ բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ շատ ուշ «թուղթ» կոչուած է այն «բարակ թերթը», որուն վրայ կը գրեն, իսկ բառիս բո՛ւն նշանակութիւնը եղած է նամակ-ը. Աճառեան փաստօրէն թուղթ-ը՝ կը յիշատակէ մի՛այն իբրեւ նամակ: Ոչ մէկ խօսք «թուղթ» նիւթին:
Եզրակացութիւն
Մենք կրնանք պատկերացնել բառիմաստային սա ՛պիսի ընթացակարգ մը.
Ուրեմն ի սկզբանէ թուղթ ունեցած է նամակ նշանակութիւնը, որ գոյատեւած է մինչեւ միջին հայերէնը:
Լեզուի աշխարհաբարացումին զուգահեռ՝ թուղթ-ին մէջ սկսած է նսեմանալ սկզբնական նամակ նշանակութիւնը եւ հետզհետէ գերիշխել յետնաբար յառաջացած «բարակ թերթ»-ի նշանակութիւնը, որ ժամանակին հետ՝ մինչեւ մեր օրերը, եղած է մի՛ակը:
Մրցոյթ 77.
Ուզուածը հետեւեալն էր.
«ժամանակներու փոփոխութեամբ բնականաբար դասական եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան արժէքները պէտք ունին վերիմաստաւորուելու՝ աւելի լայն տեղ տալով անհատական կարողութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու, նոր հաւասարակշռութիւն հաստատելով համագործակցութեան, հաւաքական կեանքին եւ անհատական նախաձեռնութիւններու միջեւ, նկատի առնելով միջազգային տնտեսական զարգացման ու համաշխարհային վտանգներու կառավարման հարցերը եւ աւելի կարեւորութիւն ընծայելով մարդկային իրաւունքներուն ու արդարութեան» («Նոր յառաջ», 8 կէտ):
Ուրեմն չեղեալ կը համարեմ մրցոյթը, որ, կը թուի, թէ անտեղի էր:
Մրցոյթ78.
*** Լրացո՛ւր հետեւեալ ասոյթը.
—Երկու դժբախտութիւն կայ կեանքի մէջ. մէկը՝ իղձերու չիրագործումն է, իսկ միւսը…
***Վերադասաւորել հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ փոխելու.
—Ասոնք ցոյց կու տան, որ չէ յաջողած ճիշդ դատել, ճիշդ որոշել ու ճիշդ մտածել:
—Նափոլէոն իր խուցին մէջ կը բանտուէր ամիսներով, շաբաթներով, տարիներով … աչքերը չէր կրնար գոցել. կը մեռնէր, կը սպառէր, կը հիւծէր:
—Արդարեւ, դպրոցասէրի նոր շէնքի երկար տարիներ շարունակ ձգձգուած շինարա-րութեան մէջ ճարտարապետական կոպիտ սխալներ յայտնաբերուած են:
—Հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը շեշտած էին: