ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
- «Թուրքիա հրետակոծած Է Տահուքը. կայ իննը զոհ եւ 23 վիրաւոր»(Յուսաբեր): Հարցը կը վերաբերի իննը թուականին, որ սխալ կիրակուած է եւ սխալ ալ կը կիրարկուի շատ շատերու կողմէ: Արեւմտահայուն աքիլլէսեան կրունկներէն մէկն է այս թիւը, այլ հարց թէ օրին Հոմերոս մը չենք ունեցած, որ հագներգէր զայն եւ ուշադրութեան հրաւիրէր մերոնք, որ սովորաբար կը խորշին նման հրաւէրներէ:
* * *
Այսպիսի ծուղակներու զերծումը պէտք է սկսիլ գրաբարէն, որովհետեւ գրաբարն է ասոնց մայրը:
–Գրաբարը ունէր՝ եօթն, ութ, ինն, տասն…
Ասոնք քանակական թուական են՝ եօթն եղբարք, ութ ծառք, ինն ամիսք, տասն տունք:
Ինչպէս կը նկատենք, բառին սկզբնաձեւն է ինն, որ ոչ մէկ դիրքի ու կիրարկութեան մէջ փոփոխութիւն կը կրէ:
–Աշխարհաբարի մէջ ինն դարձած է ինը. ուրեմն՝ ինը ամիս(ներ)
Այլ խօսքով՝ այդ հրետակոծումը պատճառած է ինը զոհ եւ ոչ իննը զոհ:
Հայերէնը իննը չէ ունեցած երբեք:
Սակայն հարցը ասով ու այսքան դիւրին չի փակուիր… հայագիտութիւնը այլ պահանջներ կը բարդէ մեր ուսերուն, որոնց պէտք է ընդառաջել քաջաբար:
«Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ’հասնինք Սասուն,
Քաջերի տունը մեզ է սպասում»:
Ուրեմն, օ՜ն, անդր առաջ, առիւծի նման մռնչենք եւ վագրի պէս գրոհենք:
* * *
Մեր աշխարհաբարը սովորութիւն ունի իր ածանցումներուն ու բարդումներուն մեծ մասը կատարելու գրաբարեան սկզբնաձեւերով, այս պարագային՝ փոխ առնելով ինն.
Օրինակ՝ իններորդ, իննական, իննամսեայ, իննակնեան եւ այլն:
Այս պարագան պէտք չէ մեզ շփոթեցնէ եւ բառս զոյգ «նն»-ով պէտք չէ տպաւորուի:
Պէտք է խոհեմաբար դիմադրենք այդ փորձութեան:
Ինը ժամանակաւորապէս դարձաւ ինն բառակերտումի բերումով եւ մի՛այն բառին մէջ. բառին ծայրը ան կը մնայ ինը. օրինակ՝ տասնինը, քսանինը, հարիւր ինը, ինը հարիւր մէկ:
Սակայն գէշը այն է, որ նման առիթներ, դուք ըսէք՝ ծուղակներ, չեն պակսիր:
Ահաւասիկ երկրորդ մը.
Հայերէնը, ինչպէս այլ լեզուներ ալ, ածականներուն վրայ յօդ մը դնելով՝ գոյականի կը վերածէ զայն. օրինակ՝ սպիտակ վարագոյր > սպիտակը. այս վերջինը առանձինն կը նշանակէ սպիտակ վարագոյրը: Այլ խօսքով՝ սպիտակ ածականը իր վրայ առաւ «սպիտակ վաագոյր» առարկայանիշ բառակապակցութեան համատեղ նշանակութիւնը:
Արդ, ինը թուականն ալ ածականական յատկութիւն ունի եւ գոյականի կը վերածուի ինըն ձեւով. օրինակ՝ «Տասը ընկոյզ ունէի, ինըն կերայ»,– որ է ինը ընկոյզը կերայ:
Ուրեմն՝ ինըն = ինը ընկոյզ:
Պատշաճ չէ գրել ինըն՝ ը-ով, որովհետեւ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը բառամէջի ը տառը չի գրեր: Ուրեմն պարտինք գրել՝ ինն. «Ինն կերայ»:
Գլուխնիդ սկսա՞ւ դառնալ, թէ՞ տակաւին կայուն է իր տեղը:
* * *
Ի՞նչ կը տեսնենք,− կը տեսնենք երեւութապէս հակասական բան մը, որ անպայման պիտի գայթակղեցնէ բարեմիտ ընթերցողը, եւ արդարօրէն:
Վերը ըսինք, թէ ինն գրաբար է, իսկ հիմա աշխարհաբարեան ինն մը բուսաւ:
Այո, բայց ասոնք համարժէք ինն-եր չեն , նոյն ինն չեն:
Ինն գրաբարի մէջ մաքուր՝ անբաղադիր, անխառն արմատ է:
Մինչ աշխարհաբարի մէջ երեւան եկած ինն բաղադրեալ է, անոր երկրորդ «ն» բաղաձայնը արմատական չէ, յօդ է:
–Տասը աշակերտ ներկայացան, ինն յաջողեցաւ:
–Տասը տարուան դատապարտուած էր, ինն անցուց:
–Տասը հարուած ստացաւ, ինն թեթեւ, սակայն վերջինը զգետնեց զինք:
Ասոնց բոլորին մէջ երկրորդ «ն» բաղաձայնը՝ ինն, պարզապէս որոշիչ յօդ է. ինը+ն = ինըն > ինն
Եզրակացութիւն
–Գրաբարը ունէր ինն ձեւը միայն. օրինակ՝ ինն ամիսք:
–Որուն դիմաց աշխարհաբարը ունի ինը ձեւը. օրինակ՝ ինը ամիս:
Բառերուն մէջ՝ ինն. օրինակ՝ իննական, իններորդ, իննսուն (կամ ինիսուն), քսանիննական եւ այլն:
Բառերուն վերջը միշտ ինը՝ տասնինը, քսանինը, հարիւր ինը:
- Փոխանունութիւն
Ածականին, աւելի ճիշդը որեւէ որոշչային կիրարկութիւն ունեցող բառի ամբողջ բառակապակցութիւնը փոխարինելու յատկութիւնը կը կոչուի «փոխանունութիւն». թիւ 1-ի մէջ սերտուածը փոխանունութիւն մըն է: Զայն կատարող բառը կը կոչենք «փոխանուն». օրինակ՝
ինը+ն > ինն. այս ինն փոխանուն թուական մըն է. կը նշանակէ՝ «անուն փոխարինող»:
Փոխանուն կրնայ դառնալ նաեւ ածականը՝ նոյն ճամբով. օրինակ՝
–Ճիւղին վրայ կար հասուն խնձոր մը եւ խակ խնձոր մը. հասունը քաղեցի:
Նաեւ դերբայը. օրինակ՝
–Տղոց մէկը առոյգ էր, միւսը՝ յոգնած. առոյգը պահեցի, յոգնածը տուն ղրկեցի:
Առոյգը փոխանուն ածական է, յոգնածը՝ փոխանուն դերբայ:
Փոխանունութիւն կը կազմէ հայերէնի յատկացուցիչը եւս. օրինակ՝
–Քաղաքի օդը ապականած է, գիւղինը՝ շատ աւելի մաքուր է:
Գիւղինը՝ կը նշանակէ «գիւղի օդը»: Ուրեմն մէկ բառով տուած եղանք յատկացուցիչը եւ յատկացեալը. գիւղինը կը կոչուի «փոխանուն սեռական կամ յատկացուցիչ»:
Այնպէս ալ՝ մատիս մատանին > մատինս, ոտքիդ կօշիկը > ոտքինդ, (անոր) գրպանի գնդիկները> գրպանինները, ճիւղին վրայի տանձերը > ճիւղին վրայինները եւ այլն:
Փոխանուն կու տան նաեւ ստացական դերանունները կամ որեւէ սեռական դերանուն. օրինակ՝
–Իմ գիրքս աւելի հետաքրքրական է, քան քու գիրքդ:
Իմս աւելի հետաքրքրական է, քան քուկդ. իմս եւ քուկդ փոխանուն դերանուններ են:
Նաեւ՝ մեր տունը > մերը, ձեր հաշիւը> ձերը, իրենց կամ անոնց գործը > իրենցը կամ անոնցը:
Ինչպէս նաեւ՝ ասոր վերջը > ասորը, ատոր անունը > ատորը, անոր նպատակը > անորը:
Մրցոյթ79.
***Լրացո՛ւր. «Ժամանակն ու համբերութիւնը թթենիի տերեւը կը վերածեն մետաքսի:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
—Պարտաւոր չէիր շարունակ սիրաշահելու արքան եւ հնազանդելու անոր:
—Մեր միութիւնները նիւթապէս լայնօրէն ինքնաբաւ են:
—Մասնակիցներու 1/3-ը կ՚ըսէ, որ տեսլական ունեցող ղեկավար կը պակսի մեզի:
—15 տարեկան էի, երբ ծանօթացայ այդ գաղափարախօսութեան:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Հայկ Իւթիւճեան(10), Վահէ Աբէլեան(4), Ռաֆֆի Ստեփանեան(4), Գրիգոր Դաւիթեան(3), Գեղամ Խաչատրեան(2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան( 7), Արմէն Պաղտոյեան(7), Համբարձում Յարթունեան (6),Պերճ Տէր Սահակեան (2), Եփրեմ Թոքճեան (7):
Մրցոյթ 80.
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
—Հազարաւոր հայրենիքի պաշտպան մարտիկներու կողքին թաղուած են մարզիկներ եւս:
—Վահէն հանդարտօրէն, ճշգրիտ եւ հատու տրամաբանութիւն կիրարկող անհատ էր:
—Երկու երկիր կայ, որ կրնամ ապրիլ, երկուքն ալ պատերազմի մէջ են:
—Իւրաքանչիւր անհատ կատարեց տուեալ երկրի արժեւորումն ու դժուարութիւնները:
—Սնունդի կարիքները չկարենալ բաւարարող երկիրներուն համար ունին օգնութեան համակարգեր: