Գրեց՝ ՀԻԼՏԱ ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ – ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Խորագիրս հաւանաբար զարմանք յառաջացնէ շատերու մօտ: Ինչպէ՞ս կարելի է հայերէնի դասաւանդութիւն կատարել հեռախօսով: Եւ ինչո՞ւ:
Երկրորդ հարցումին պատասխանը շատ դիւրին է տալ եւ հասկնալի է բոլորէն:
Ծանօթ է որ Ֆրանսայի մէջ «Դեղին շապկաւոր»-ներու կողմէ կազմակերպուեցան ժողովրդական ըմբոստութեան ցոյցեր 2019-ի ընթացքին, եօթը ամիս տեւողութեամբ, Շաբաթ օրերը: Խաղաղ ցոյցի սահմաններէն շուտով դուրս գալով, «Դեղին շապկաւոր»-ները կը յարձակէին խանութներու վրայ: Կոտրել-թափել-թալանել-հրկիզել, քաշկռտուք, ծեծկռտուք, վիրաւորներ, ծուխ-մուխ, շատ ցածէն անցնող թռաններ, հրշէջներու եւ շտապ օգնութեան կառքերու խլացուցիչ ու շարունակական աղմուկ, եւ անշուշտ ոստիկանական խիստ միջամտութիւն կազմեցին Շաբաթ օրերու յայտագիրը: Փարիզի Շան զ՚Էլիզէի թաղամասը, ուր կը գտնուի Մաշտոց միութեանս դասավայրը, պատերազմական դաշտի վերածուած էր: Փարիզի քաղաքապետութիւնը, ստիպուած ըլլալով ժողովրդավարական սկզբունքներու հաւատարիմ մնալ, չէր կրնար արգիլել ցոյցերը: Ուստի, ուրիշ միջոցի մը կը դիմէր՝ ապահովութեան նկատումներով փակելով մեթրոյի ելքերը, արգիլելով այդպէսով մարդոց եւ մանաւանդ ոստիկանութեան կողմէ ետ մղուած «Դեղին շապկաւոր»-ներու տեղափոխութիւնը, շրջանառութիւնը՝ դէպի այլ թաղեր:
Այս պայմաններուն մէջ անկարելի էր մեր դասաւանդութեան սրահը երթալ: Չորս մակարդակներու վրայ եւ 4, յաճախ 5 ժամ տեւող մեր դասաւանդութիւնները կարելի չէր սրճարաններու մէջ կատարել: Կարելի չեղաւ նաեւ ուրիշ վայր մը գտնել:
Առաջին մէկ-երկու շաբաթը տունը նստած համբերելէ եւ կացութեան շտկուելուն սպասելէ յետոյ, երբ յայտնի դարձաւ «Դեղին շապկաւոր»-ներու անզիջող տրամադրութիւնը եւ պետութեան հետ զվերջ ճակատելու կամքը, պարզ դարձաւ որ պէտք է մեր կացութեան ելքը գտնենք: ԱՅՍ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ՄՆԱՐ ՄԷԿ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԵՌԱԽՕՍՈՎ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼ :
Բարեբախտաբար, դասընթացքի սկիզբը, Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն, նախքան ցոյցերու սկսիլը, արդէն աւարտած էինք գրաճանաչութեան ուսուցումը, աշակերտները կրնային կարդալ, գրել եւ այլեւս կախեալ չէինք գրատախտակի անհրաժեշտութենէն: Կրնայինք բանաւոր լեզուի վրայ կեդրոնանալ եւ քերականական –կառոցողական վարժութիւնները կատարել հեռախօսով՝ հարցում-պատասխանի ձեւին տակ: Չարչարալից էր, բայց պէտք էր ընել: Աւելի դիւրին պիտի ըլլար, եթէ աշակերտները տեսազանգի (skype) յարմարութիւն ունենային։
Ուստի, հեռախօսային ուսուցման ձեռնարկեցինք: Այդպէս, ո՛չ ոք կրնար խանգարել մեզ: Կը բաւէր տարբեր մակարդակներու պատկանող աշակերտներէն ամէն մէկուն (եւ անշուշտ՝ ինծի) յարմարող օր մը եւ ժամ մը գտնել: Այդպէս ալ ըրինք: Ամէն մէկ աշակերտ իրեն յատկացուած ժամուն հեռախօսեց: Ո՛չ մէկ բացակայութիւն, ո՛չ մէկ ուշացում: Ընդհակառակն, գոհունակութեան, ուրախութեան եւ շնորհակալութեան զգացումներու արտայայտութեամբ վերջացուցինք դասաւանդութիւնը Յունիսի վերջին Շաբաթ օրը: Միայն թէ 50 ժամնոց դասընթացքը կրճատուեցաւ 30 ժամի եւ անշուշտ մնաց կիսատ:
Մնացեալ կէսը շարունակեցինք 2019 Հոկտեմբերին: Սակայն Նոյեմբերին, երբ այլեւս վերջ գտած էին «Դեղին շապկաւոր»-ներու ցոյցերը, այս անգամ ալ տեղի ունեցան բնակիչներու դժգոհութիւնը արտայայտող համաժողովրդային ցոյցեր: Դարձեալ մեթրոներու կայարանները փակուեցան: Մենք ալ նոյն հեռախօսային դասաւանդութեան դիմեցինք:
Հայկական ներազգային կեանքին առնչուած անձեր տեղեակ են թէ ես կը կիրարկեմ իմ հեղինակած «Օտարախօսներու համար հայերէնի լսատեսողական մեթոտ»-ը, որուն առաջին մակարդակը հասկնալ եւ պատասխանել, նաեւ կարդալ ու գրել կը սորվեցնէ 50 ժամով, 1000 քերականական բառի սահմաններուն մէջ: Այս հիմնական մակարդակին հետեւելէ յետոյ, աշակերտը կրնայ փոխադրուիլ երկրորդ մակարդակ, եթէ յաջողութեամբ յանձնէ թեսթ-քննութեան թերթիկը, որուն մէջ հարցումները ֆրանսերէնով տրուած են, իսկ պատասխանները աշակերտը պէտք է գրէ հայերէնով: Այս լսատեսողական մեթոտի ստեղծման, փորձարկման եւ կիրարկման տասնեակ տարիներուն ընթացքին փորձած եմ կիրարկման զանազան ձեւեր: Օրինակ, առաջին մակարդակի ուսուցումը ամբողջ ուսումնական տարեշրջանի վրայ երկարաձգել (Հոկտեմբեր-Յունիսի վերջ, 75 ժամ), կամ չորսամսեայ երկու դասընթացներու մէջ տեղաւորել, կամ գրաւոր լեզուի ուսուցումը անջատել բանաւոր լեզուի ուսուցումէն, գրաճանաչութեան «հնգօրեայ դասընթացք» կազմակերպել, բանաւոր եւ գրաւոր լեզուի միասնական ուսուցման համար 35 ժամ միայն յատկացնել, 21 օրով «լեզուական ճամբորդութիւն»-ներ կազմակերպել, դէպի Սուրիոյ, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Եգիպտոսի հայաշատ գաղութները, եւ այլն: Մեթոտին «կարողականութիւնը» փորձելու նպատակով կատարուած այս փորձերը ի վերջոյ յանգած են 50 ժամուան դասաւանդութեամբ 1000 քերականական բառի սահմաններուն մէջ մնալու ամենանպատակայարմար ձեւին:
Հակառակ այս բոլոր փորձերուն, երբեք չէի մտածած հեռախօսով դասաւանդելու մասին: Եւ ահա, պարագաները պարտադրեցին որ Ֆրանսայի ընկերա-տնտեսական ալեկոծումներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար չփորձուած ձեւի մը դիմենք:
Եւ յաջողեցանք: Արդարեւ, 2020 Փետրուար 9-ին կատարեցինք առաջին թեսթ-քննութիւնը (examen blanc), իսկ Փետրուար 16-ին ալ կատարեցինք իսկական քննութիւնը: Բնականաբար, իւրաքանչիւր աշակերտ ի՛ր չափով յաջողութիւն արձանագրեց:
Մեր այս «քաջագործութեան» ընթացքին, բացի թեսթ-քննութենէն, աշակերտներէն պահանջած էի նաեւ ազատ նիւթով շարադրութիւն մը գրել: Եւ ահա, հպարտօրէն կրնամ ներկայացնել շարադրութիւնը ծագումով ֆրանսացի Marine Laurens-ի, որ կը պատրաստուի Հայ տղու մը հետ ամուսնանալ:
«Ասատուրը իմ ընկերս է: Մենք միասին կ՚ապրինք: Ասատուրը քոյր մը ունի: Իր անունը Անի է: Եւ մենք դիմացը կը բնակինք: Անին երկու զաւակներ ունի, երկու տղաք, որոնց անունները Անդրանիկ եւ Յովհաննէս են:
Երէկ, իրենց տունը գացի եւ գիրքեր կարդացի պզտիկներուն համար: Կենդանիներու պատմութիւն կարդացի:
Անդրանիկը կանաչ կոկորդիլոսներ շատ կը սիրէ: Անոնք կանուխ դպրոցէն եկան այսօր, որովհետեւ հիւանդ են:
Կաթը եւ ճաշը պատրաստել սորվեցայ ու ես ալ հայերէն լեզուն խօսիլ կը սորվիմ:
Ես խաղալ շատ կը սիրեմ իրենց հետ. շատ անուշիկ են: Մօտ ապագային թերեւս անոնք պիտի խաղան իմ զաւկիս հետ»:
Վերջին նախադասութիւնը շատ հետաքրքրական է իր յղումով եւ կը խորհիմ թէ միայն այս նախադասութեան համար կ՚արժէր չարչարուիլ:
Փետրուար 26 ■