«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Մինչ հայերը կը քննադատեն Թուրքիան՝ ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդու իրաւունքներու այլ զանգուածային խախտումներու համար, նոյնքան կարեւոր է մեղադրել բոլոր ոչ թուրքերը, որոնք կը գործակցին Թուրքիոյ հետ, ատով իսկ խրախուսելով թրքական իշխանութիւնները` շարունակելու իրենց անարգալից վարքագիծը:
Օրինակ, այս պահուն, բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ անամօթաբար կը պատրաստուին Ապրիլ 24-ին մեկնելու Կալիփոլի` տօնելու մէկդարեայ թրքական յաղթանակը, շատ լաւ իմանալով, որ պիտի մասնակցին կեղծ ամսաթիւով արարողութեան մը, որ նախատեսուած է Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը խափանելու համար:
Հայ ժողովուրդը պէտք է «ամօթի պատ» կառուցէ եւ վրան արձանագրէ աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն անունները, որոնք պիտի ըլլան Կալիփոլիի մէջ Ապրիլ 24-ին… Իսկ ո՞վ է աւելի մեղաւոր: Նախագահ Էրտողա՞նը, որ երբեք խղճի խայթ չէ ունեցած մարդու իրաւունքներու խախտման համար, թէ՞ օտարերկրեայ պաշտօնեաները, որոնք պիտի մասնակցին անոր պատրաստած խեղկատակութեան:
Կը թուէr, թէ Էրտողանի դատապարտելի գործողութիւններէն ետք, ինչպէս աջակցութիւնը «իսլամական պետութեան», դրամի լուացումը, լրագրողներու բանտարկութիւնը, խաղաղ ցուցարարներու վրայ Սթամպուլի Կեզի զբօսայգիին մէջ կրակելու հրաման տալը եւ այլ բազմաթիւ խախտումներ, ան միջազգային հանրութեան կողմէն պիտի դիտուէր իբրեւ անցանկալի եւ արհամարհուած անձնաւորութիւն…
Ցաւօք, շատ օտարերկրեայ ղեկավարներ կան, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը պահպանեն Թուրքիոյ հետ եւ պատրաստ են անկողին մտնել «սատանայ»-ի հետ` հետամուտ ըլլալով իրենց խեղաթիւրուած շահերուն: Թէեւ բազմաթիւ երկիրներ իրենց մեղքի բաժինը ունեն, սակայն ամենազարմանալին Իսրայէլի ղեկավարներու վարքագիծն է Թուրքիոյ հանդէպ` նկատի առնելով Էրտողանի թունոտ հակասեմական յայտարարութիւններն ու հակաիսրայէլական գործողութիւնները… Այդուհանդերձ, հազիւ թէ Իսրայէլի համարձակ վարչապետ Պենճամին Նեթանեահուի կողմէ որեւէ քննադատական խօսք լսենք Թուրքիոյ ղեկավարի հասցէին: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Նեթանեահուն Կալիփոլի ուղարկէ Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը…
Արդէն քանի մը տասնամեակ է, որ Իսրայէլի ղեկավարները կը հանդուրժեն թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ առկայ ռասիստական յայտարարութիւնները եւ նոյնիսկ կ՝աջակցին Թուրքիոյ ժխտողականութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով` չուզելով թշնամանալ Թուրքիոյ հետ եւ վտանգել Սթամպուլի մէջ ապրող հրեաներուն կեանքը: Մեզի կ՝ըսէին, թէ Իսրայէլը ստիպուած էր հանդուրժել Թուրքիոյ անվայել պահուածքը, քանի որ անիկա թոյլ կու տար հրեաներուն Իրանէն փախչելու ժամանակ հատելու անոր սահմանը, իսկ մէկ հրէայի կեանքի փրկութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մինչեւ մէկ տասնամեակ առաջ, Իսրայէլի իշխանութիւնները զգոյշ էին որեւէ քայլ ձեռնարկելու ժամանակ, որպէսզի չվնասեն իրենց երկրի ռազմավարական դաշինքը Թուրքիոյ հետ: Այժմ, երբ Թուրքիան դարձած է բացայայտ թշնամական երկիր, Իսրայէլի ղեկավարները բոլորովին անտրամաբանական դիրքորոշում որդեգրած են` յանկարծ այնպիսի բան չընենք, որ աւելի պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ մեր «փխրուն» յարաբերութիւնները…
Անցեալ ամիս Լոս Անճելըսի Jewish Journal Սիմոնէ Վիլսոնը գործուղեց Թուրքիա` այնտեղ ապրող հրեաներու վիճակին մասին հաղորդելու համար: Երբեմնի ծաղկուն հրէական համայնքի մնացորդներուն վիճակը ան նկարագրեց իբրեւ անյոյս. «հրեաները եւ միւս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները շատ մեծ խտրականութեան կ՝ենթարկուի` գոյքային իրաւունքներու, լեզուի եւ կրթութեան ազատութեան, պաշտօններու բարձրացման եւ այլ առումներով»: Հրէայ բնակչութիւնը 500 հազարէն նուազած է մինչեւ 17 հազար եւ կը շարունակէ կրճատուիլ: 2003 թուականին շատ հրեաներ հասկցան, որ այլեւս չեն կրնար մնալ Թուրքիոյ մէջ` Սթամպուլի «Նեւէ Շալոմ» եւ «Բետ Իսրայէլ» սինակոկերուն վրայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, երբ սպաննուեցան 27 եւ վիրաւորուեցան հարիւրաւոր մարդիկ: «Հանրային ոլորտի մէջ առկայ համատարած հակասեմականութիւնը եւս անժխտելի դեր խաղցած է հրեաներու արտագաղթին համար, կը հաղորդէ Ուիլսըն: Ըստ Հակազրպարտչական լիգայի (ADL) հարցախոյզին` թուրքերուն գրեթէ 70 տոկոսը կը տածէ հակասեմական վերաբերմունք»:
Թուրքիոյ մէջ հրէական փոքրամասնութեան վիճակը օրէ օր աւելի անտանելի կը դառնայ: Անցեալ Սեպտեմբերին «Սթամպուլի կեդրոնը գտնուող բջիջային հեռախօսներու խանութի ցուցափեղկին վրայ գրուած էր. «հրէայ շուներուն մուտքը արգիլուած է», կը հաղորդէ Ուիլսըն: Տեղական հրէական թերթի խմբագիր Մոիս Կապայը գրած է. «Մենք ամէն օր կ՝ենթարկուինք սպառնալիքներու, յարձակումներու եւ հետապնդումներու»: Անցեալ Յուլիսին Էրտողան իր ծայրայեղ ատելութիւնը յայտնեց հրեաներուն հանդէպ` քարոզարշաւի ժամանակ թուրք հասարակութեան ըսելով` «անոնք (հրեաները) օրնիբուն կ՝անիծեն Հիթլերը, սակայն իրենց բարբարոսութեամբ գերազանցեցին Հիթլերը»: Անգարայի քաղաքապետ եւ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան անդամ Մելիհ Կէոքչէքը գովաբանեց թուրք երգիչ մը, որ յայտարարած էր` «թո՛ղ Աստուած օրհնէ Հիթլերը»: Յունուար 27-ին, Անգարայի մէջ Հոլոքոսթի յիշատակութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ նշուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքը սաստած է Իսրայէլը` Կազայի մէջ ժամանակակից Հոլոքոսթ իրականացնելու համար:
Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային հանրութեան լռութիւնը թրքական անարգալից վարքագիծին դէմ, ստեղծած է վերահսկողութենէ դուրս գտնուող հրէշ մը: Բոլոր անոնք, որոնք շփացուցած են Էրտողանը, պարտաւոր են զսպել զինք` մինչ ան իսկական չարիք կը դառնայ տարածաշրջանին եւ աշխարհին:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը