“Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ` 1915-էն առաջ” խորագիրը կրող գիրքը, 20 տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ տպագրուելէն ետք, լոյս տեսած է թրքերէն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ “Ակօս”-ը:
Փօլ Բ. Փապուճեանի եւ Ռայմոնտ Հ. Գէորգեանի համատեղ այս գիրքը կը պատմէ Անատոլի մէջ եղած աւելի քան 2 900 բնակավայրի` հայաբնակ քաղաքներու, աւաններու եւ գիւղերու մասին, բազմաաթիւ լուսանկարներով կը ներկայացնէ պատմական եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլ կառոյցներ:
Ան բաղկացած է երկու մասէ, որոնք կը պատմեն 19-րդ դարու երկրորդ կիսու մասին, երբ հայերը ներգրաւուած էին կրթական, մամուլի ու տպագրութեան, կրօնական, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերու մէջ: