ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի նորակազմ Արեւմտեան Հայաստանի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ շրջանս հրաւիրուած է «Կոմիտաս» հաստատութեան տնօրէն Արա Սարաֆեանը «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ արդի Թուրքիոյ մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը ներկայանցելու զանազան քաղաքներու մէջ։
Իր ներկայացումներուն ընթացքին Սարաֆեան պիտի կեդրոնանայ յատկապէս «Կոմիտաս» հաստատութեան կողմէ վերջերս հրապարակուած՝ «Armenians in Ottoman Turkey, 1914: A Geographic and Demographic Gazetteer» հատորին վրայ, որ կ՛ընդգրկէ վիճակագրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդած ժամանակաշրջանին հայերու մօտաւորապէս 4000 բնակավայրերուն եւ անոնց ներկայ իրավիճակը։ Հատորին հեղինակն է Սարգիս Քարայեան։ Սարաֆեան նաեւ պիտի խօսի Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, որոնց ընթացքին ան յաջողած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ եւ խորհրդաժողովներ իրականացնել Պոլսոյ, Տիգրանակերտի եւ Բաղէշի մէջ։ Ան պատմութեան մէջ մագիստրոսի իր վկայականը ստացած է Միշիկընի համալսարանի Էն Արպըրի մասնաճիւղէն:
«Կոմիտաս» հաստատութիւնը վերջին 30 տարիներուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց ասպարէզին մէջ: Շարք մը վերապրողներու յուշագրութեանց անգլերէն թարգմանութիւնները հրատարակելու կողքին, հաստատութիւնը հրատարակած է Ցեղասպանութեան մասին Բրիտանիոյ խորհրդարանին ներկայացուած «Կապոյտ Գիրքը» անունով ծանօթ հատորին՝ «The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire, 1915-1916» խորագրուած քննական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան առնչուող Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական փաստաթուղթերուն եւ Թալէաթ փաշայի զեկոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Դասախօսութեանց մուտքը ազատ է:
Շարքին առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Մարտին, կ.ե. ժամը 1-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6250 Honolulu Avenue, La Crescenta, CA 91214):
Ստորեւ մնացեալ ներկայացումներուն ցանկը.
– Երկուշաբթի, 18 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոն (420 Washington, Montebello, CA, 90640).
– Երեքշաբթի, 19 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Հիւսիսային հովիտի Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահ (17422 Chats-worth Blvd., Granada Hills, CA, 91344).
– Չորեքշաբթի, 20 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Պըրպենքի Հայ մշակութային հիմնարկութեան «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոն (75 E. Santa Anita Ave., Burbank, CA, 91502).
– Հինգշաբթի, 21 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» Երիտասարդական կեդրոն (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA, 91107).
– Ուրբաթ, 22 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցի (2054 E. Dessert Inn Rd., Las Vegas, NV, 89169).
– Կիրակի, 24 Մարտին, կ.ե. ժամը 1։30-էն սկսեալ, Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահ (5305 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704)։