Ֆրանասահայ անկախ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ, որ Գարտիֆի հաստատուած «Բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերուն զօրակցութիւն» կազմակերպութեան ղեկավար Իլիյըն Ուիլիըմզ եւ իր գործընկերը, Լոնտոնի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ յարձակումի ենթարկուած են, երբ փորձած են Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցի նախօրեակին Թուրքիոյ դեսպանին բողոքի նամակ մը յանձնել:
Դեսպանատան անձնակազմը մերժած է նամակը, ապա անոր անդամներէն մէկը յարձակած է Ուիլիըմզի վրայ, որուն հագուստները պատռտուած են: Ոստիկան մը միջամտած է՝ կողմերը իրարմէ բաժնելու համար: Ուիլիըմզ իր նամակին մէջ Թուրքիոյ դեսպանին կոչ կ՛ընէր պատասխանելու հետեւեալ հարցումին. «Պոլսոյ մէջ ո՞վ կը սպաննէ հայերը»: