Չորեքշաբթի,7 Յուլիս 2021-ին կը նշուի Հայկազեան համալսարանի անուանակիրին՝ Վեր. Փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (ծ. Հաճըն, 22 Սեպտ. 1870) նահատակութեան 100-ամեակը: Հայկազեան մահացաւ Խարբերդի մէջ, 7 Յուլիս 1921-ին:
Աստուածաբան, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ, New York Times-ի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամենաականաւոր հայ մանկավարժը» համարուած Հայկազեան, 1889-ին՝ 19 տարեկանին կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը Այնթէպի «Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճ»էն: 1898-ին՝ 28 տարեկանին Եէյլ համալսարանէն կը ստանայ դոկտորականը:
Վեր. Արմենակ Հայկազեան 22 Մայիս 1921-ին կը ձերբակալուի քեմալական ուժերու կողմէ: Աքսորի ընթացքին կը վարակուի բծաւոր տենդով (թայֆըս) եւ դարմանումի դիտումնաւոր ուշացումի պատճառով կը մահանայ 7 Յուլիս 1921-ին:
Տարիներ ետք՝ 1955-ին, յարգելու համար յիշատակը իւրայատուկ այս Մեծ Մարդուն, իր աղջկան Մէյրիի եւ փեսային Աւագ (Սթիվըն) Մեհակեանի կատարած նուիրատուութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի, Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայկազեան Համալսարանը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) կողմէ:
Հայկազեան համալսարանը, որ այս տարի կը նշէ նաեւ իր հիմնադրութեան 66-ամեակը, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ շարք մը ձեռնարկներով կը յարգէ իր անուանակիրին նահատակութեան 100-ամեակը:
Չորեքշաբթի, 7 Յուլիսին համալսարանի պաշտօնական առցանց հարթակներուն վրայ պիտի տեղադրուի Կոմիտասի ՝՝Հով Արէք՝՝ տեսահոլովակը, կատարողութեամբ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի եւ հայրենի սոփրանօ երգչուհի Լիաննա Միքայէլեանի: Հեռատեսիլի
տեղական եւ արբանեակային կայաններէ պիտի սփռուի Արմենակ Հայկազեանի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնող հաղորդումներ: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի յատուկ ձեռնարկ:
Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու՝
Միրա Եարտըմեան
Արմենակ Հայկազեանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ http://www.haigazian.edu.lb/about-haigazian/our-history-heritage/ կայքէջը