Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին, Յորդանանի Կրթութեան Նախարարի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան մը ընթացքին կատարուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի եւ Amman Baptist Schoolի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը, ներկայութեամբ Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, Հայկազեանի չորս դասախօսներու, կրթական ու եկեղեցական գործիչներու, ուսուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
Նոյն ծիրին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը, Յունուար 13-21, 2018 երկարող շաբթուան ընթացքին, Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի Baptist School–էն ներս՝ իրականացուց կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ մանկավարժական կազմաւորման վերաբերող դասաւանդումի ծրագիր մը, 78 ժամուան տեւողութեամբ:
Սոյն ծրագրի առանցքային նիւթերը կազմեցին՝ կրթական համակարգի եւ դասերու ծրագրաւորումը, աշակերտներու արժեւորումի գործընթացը, աշակերտական տարիքային առանձնայատկութիւնները, աշակերտակեդրոն ուսուցման տարբեր միջոցները, դասարանային ղեկավարումը, քննական մտածողութիւնը եւ ներառական կրթութիւնը:
Վերոնշեալ նիւթերը փոխանցուեցան ակադեմական ուսումնասիրութիւններու, տեսական եւ գործնական-կիրառական աշխատանքներու ընդմէջէն: Դասաւանդումները կատարեցին համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Դոկտ. Հանին Հութ, Դոկտ. Ֆարահ Էլ Զէյն եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան:
Ծրագրին մասնակիցներու ընդհանուր թիւն էր 170, որ կ՝ընդգրկէր ուսուցիչներ, բաժնի պատասխանատուներ, նիւթերու համադրողներ եւ տնօրէններ: Մասնակիցները օժտուեցան ժամանակակից մանկավարժութեան գիտելիքներով, ինչ որ պիտի նպաստէ անոնց ասպարէզի յաւելեալ արդիւնաւէտութեան: