Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայկազեան Համալսարանի Մուկար շէնքի Մաթոսեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը, «Տեսիլք 100 – Պատերը կրնա՞ն քեզ փոխել» խորագրով, H. G. Architects-ի տնօրէն՝ Պրն. Հրակ Կէօքճեանի կողմէ:
Ան մանրամասն պատկերներով ներկայացուց ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը քաղաքակրթութեան հոլովոյթին եւ ժողովուրդներու մտածելակերպին վրայ:
Յայտագրի երկրորդ բաժնով, ան ներկայացուց ճարտարապետական եւ արդիական իր պատկերացումը, Համալսարանի Մեխակեան շէնքին նկատմամբ, որ պիտի բաւարարէ համալսարանին յաջորդ 100 տարիներու պէտքերն ու զարգացման հնարաւորութիւնները, զայն դասելով Միջին Արեւելքի բարձրորակ համալսրանական շէնքերէն մին:
Յայտագրի վերջաւորութեան, Պրն. Կէօքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ համալսարանին, եւ Համալսարանի Նախագահին յանձնեց իր «Դէմքեր» կոչուած իւրայատուկ արուեստի գործը:
Իր կարգին, Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան բարձր գնահատեց Կէօքճեանի աշխատանքն ու նուիրումը իր մասնագիտութեան մէջ, եւ անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: