Հայկազեան համալսարանի Փիլիսոփայութեան եւ կրօնքին բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը:
Իր բացման խօսքին մէջ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ կրօնքին մէջ ջուրը խորհրդանիշ է կեանքի եւ բիւրեղութեան։ Ան հրաւիրեց բոլորը փոխելու մարդկային մտայնութիւնը եւ շեշտը դնելու ոչ թէ քանակին, այլ որակին վրայ։ Անոր համաձայն, սովորաբար հարցականներէ հեռու կը մնայ որակը, ինչպէս նաեւ՝ անհրաժեշտ ռազմավարութիւնը, խոհեմութիւնը եւ տեղական ու տարածաշրջանային ռազմավարութիւնները, զորս կարելի է մշակել, ֆինանսաւորել եւ իրականացնել։
Առաջին բանախօսն էր դոկտ. Ռեն Եուսըֆ, Հայկազեան համալսարանի մէջ կենսոլորտային գիտութեան դասախօս, որուն նիւթին խորագիրն էր. «Մեր ջուրը, մեր ոսկինց։ Ան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը հիմնական մարտահրաւէրներ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի մէջ ջուրի սակաւութեան եւ որակին։
Յաջորդական երեք ներկայացումներ լուսարձակի տակ առին ջուրին կարեւորութիւնը եւ անոր խորհրդապաշտութիւնը կրօնքին մէջ։
Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ գրականութեան դասախօս դոկտ. Հոսն Ապուտ ներկայացուց հետեւեալ նիւթը. «Քուրանին մէջ ջուրը՝ կեանքի աղբիւր». ան ուրուագծեց Քուրանին մէջ ջուրին իմաստը՝ եզրակացնելով, որ կեանքի տարբեր երեւոյթներու համար ջուրը Աստուծոյ կողմէ տրուած սուրբ նուէր կը նկատուի։
Շէյխ դոկտ. Սեմի Ապիլմոնա, ԻՐՖԱՆ հիմնարկի Ընդհանուր քարտուղար, լուսարձակի տակ առաւ իսլամական կրօնքին մէջ ջուրին աստուածաբանութիւնը՝ տիւրզիներուն տեսանկիւնէն դիտուած։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ մարդոց պատասխանատուութեան, զոր անոնք ունին ջուրը պահպանելու առումով՝ զայն նկարագրելով իբրեւ «երկրագունդին շնորհուած պարգեւ, դրախտէն տրուած նուէր եւ անոնց միջեւ կամուրջ»։
Ապա ներկայացուեցաւ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Քրիստոնէական հաւատքին մէջ ջուրը իբրեւ հաշտութեան խորհրդանիշ» նիւթով, որուն մէջ վերլուծուած է ջուրին նկատմամբ քրիստոնէական մօտեցումը։ Ուսումնասիրութիւնը ներկայացուցին Քալէպ Հաչըրսոն (Արաբական մկրտչական աստուածաբանական դպրոցի պատմական աստուածաբանութեան դասախօս) եւ Վիլիպերթ Վան Սաան (Հայկազեան համալսարանին մէջ կրօնի դասախօս)։ Երկու դասախօսներն ալ լուսարձակի տակ առին քրիստոնէական մկրտութեան մէջ ջուրի պատկերացումը՝ նշելով, որ հաւասարակշռուած, ամբողջական հոգեւոր մկրտութեան աստուածաբանութիւնը կարեւոր է լաւ արարչագործական խնամքին համար:
Սեմինարին երկրորդ բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ ջուրին վերաբերող գործնական երեւոյթներու։
«Ռոշա Ինթըրնաշենըլ» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քրիս Նայլըր հաստատեց, որ կենդանի-ապրող էակներու խնամքը եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւններէն է: Նայլըր ներկայացուց Պէքայի «Աամիք» ծրագիրի հիմնական մասերը:
Իր կարգին, Պիոն Զիմփրիչ նկարագրեց այն, թէ յորդանանեան տարբեր նախարարութիւններու եւ կրօնական ղեկավարներու միջեւ գործակցութիւնը առաջնորդեց ջուրի նկատմամբ զգաստութեան յաւելման եւ արդիւնաւէտութեան։ Զիմփրիչ օրինակները տուաւ ուրբաթ օրուան նամազին եւ դպրոցներուն ու համալսարաններուն մէջ կրօնական դաստիարակութեան, ուր ջուրի նկատմամբ գիտակցութեան հարցը մեծապէս շեշտուած է։
Ապա երկու զեկուցաբերներ մասնակցեցան զրոյցի մը, ուր բարձրացուցին ջուրի պահպանման հարցը Լիբանանի մէջ: Զրոյցը կը վարէր Հայկազեան համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Արտա Էքմէքճի:
Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դասախօս դոկտ. Տեզիրէ Քազզի բարձրացուց ջուրի սակաւութեան հարցը՝ իբրեւ ժխտականօրէն զարգացող խնդիր, յատկապէս աճող բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն համար, երկորդ հիմնական հարցը նկատելով բնապահպանական պաշարներու կառավարման ռազմավարութիւններու բացակայութիւնը:
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ հանրային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարես» հիմնարկի կենսոլորտային փոփոխութեան եւ բնական միջավայրի պահպանման ծրագիրի տնօրէն դոկտ. Նատիմ Ֆարաժալլա յայտնեց, որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է Լիբանանի մէջ ջուրի ղեկավարման աւելի լաւ ձեւեր գտնուին՝ շեշտելով, որ պէտք է ջուրի մսխումը նուազագոյնի հասցնել եւ բարելաւել ջուրի մատակարարումը։
Աւարտին ներկաները ուղղեցին հարցումներ, ստացան պատասխաններ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան քննարկումներ