Հովանաւորութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարներ Կապի Լայեունի եւ Յասմիկ Պօղոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 22 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն եզրափակումը:
6 մայիս 2012-ին սկիզբ առած յոբելենական տարին հարուստ էր մեծարանքի երկու հանդիսութիւններով եւ երկու ցուցահանդէսներով, որոնք լուսարձակի տակ առին լիբանանահայ 100-ամեայ մամուլն ու գրահրատարակչական ճիգը, տպարանները եւ լիբանանահայ ընթացիկ գրականութիւնն ու թերթերը: Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւնն ու 500-ամեակի յանձնախումբը, իբրեւ ամփոփում բոլոր ջանքերուն, այս առիթով լոյս ընծայեց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի եւ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեանի աշխատասիրած «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. Մատենագիտական ցանկ» հատորը:
Եզրափակիչ հանդիսութեան եւ շնորհահանդէսին ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, ինչպէս նաեւ այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան:
Օրուան հանդիսավարն էր 500-ամեակի յանձնախումբի համադրող, Հայկազեան համալսարանի գրադարանապետ Սոնիա Սիսլեան, որ իր բացման խօսքով սահիկներու ցուցադրութեամբ յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցեալ չորս ձեռնարկներուն եւ անոնց նշանակութեան վրայ:
Հովանաւոր նախարարութիւններուն գնահատանքի խօսքերը փոխանցեցին Միշել Տը Շատարեւեան եւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Նախարար Լայեուն այս ձեռնարկին արժէքը ներկայացուց համալիբանանեան շրջագիծի մէջ եւ զայն նկատեց «ամբողջովին լիբանանեան ազգային տօնակատարութիւն մը»` մաղթելով, որ լիբանանեան եւ հայկական գիրին ծառայութեան կրակը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ: Դեսպան Քոչարեան մեծապէս գնահատեց Հայկազեանի լուրջ մասնակցութիւնը յոբելենական տարուան հանդիսութիւններուն, ապա կարդաց նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ուղերձը: Պօղոսեան ողջունած էր 500-ամեակի համազգային յոբելեանին Հայկազեան համալսարանի մասնակցութիւնը` լիբանանահայութեան հոգեւոր-մշակութային կեանքի հանրահռչակումով: Նախարարը «Լիբանանահայ գիրքը» հատորը որակած էր «իւրօրինակ խնկարկում հայ գրքին ու գրականութեան, հայոց բազմադարեայ գրատպութեան» եւ իր վստահութիւնը յայտնած, որ Հայկազեանի կողմէ «մշակոյթի տօնախմբութեան» վերածուող այս հանդիսութիւնները «հոգեւոր վերելքի խթան կը հանդիսանան հայկական սփիւռքին»:
Հանդիսութեան հիւր բանախօս Տիգրան Զարգարեան հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան նկատեց ուսանելի պատմութիւն մը, ուր միահիւսուած են «նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներուն նկատմամբ»: Նկատի առնելով, որ սեփական պատմութեան խորքային ծանօթացումը իւրաքանչիւր ազգի ինքնաճանաչման լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, իսկ պատմական յիշողութիւնը գիրքին մէջ է, որ կը պահպանուի երկարաձիգ դարեր, Զարգարեան հաստատեց, որ «մատենագիտութիւնը բանալի է դէպի գրաւոր մշակոյթի շտեմարանը», եւ այս յղացքէն մեկնելով ան ներկայացուող գիրքը նկատեց «մատենագիտական հիմնարար ուսումնասիրութիւն» մը: Շնորհաւորելով ե՛ւ հեղինակները, ե՛ւ Հայկազեան համալսարանը` իբրեւ հետագայ քայլ Զարգարեան մեծապէս կարեւոր նկատեց մատենագիտութեան «ելեկտրոնային շտեմարանի մը առկայութիւնը», որուն նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, եւ խոստացաւ, որ «Լիբանանահայ գիրքը» նոյնպէս մաս կը կազմէ այդ շտեմարանի բովանդակային ձեւաւորման հիմքին:
Գեղարուեստական կարճատեւ ընդմիջումով մը հայկազեանցի ուսանողներ Ալիս Իփրաճեան, Վարանդա Եագուպեան եւ Պօղոս Մալեան, Նանօր Մաճառեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ ներկայացուցին «Հայոց տառեր» երգը:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ 500-ամեակի բոլոր հանդիսութիւնները թէ՛ Հայկազեանին, թէ՛ լիբանանահայութեան գոհունակութիւն ներշնչող առիթներ եղան: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան «Լիբանանահայ գիրքը» հատորին պատրաստումն ու լոյս ընծայումը նկատեց սկիզբ մը` ուսումնասիրելու նաեւ հայ հեղինակներու ոչ հայատառ գիրքերն ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայ գիրքը: Այլ ծիրի մը մէջ, ան առաջարկեց սկսիլ թարգմանչական նոր աշխատանքի մը. հայ միտքն ու մշակոյթը ներկայացնելու օտարներուն եւ այդպիսով «հարստացնելու համաշխարհային գրադարանն ու քաղաքակրթութիւնը»: Վերապատուելին իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան յոբելենական տարուան յաջող պսակումին:
Զարգարեան, յանուն Ազգային գրադարանին Հայկազեան համալսարանը պարգեւատրեց «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով, իսկ վեր. դոկտ. Հայտոսթեան Զարգարեանին յանձնեց Հայկազեանի յուշանուէրը:
Աւարտին բոլոր ներկաները ստացան մէկական մակագրուած օրինակ «Լիբանանահայ գիրքը» հատորէն, որմէ ետք հատուեցաւ յոբելենական կարկանդակը եւ ներկաները շնորհաւորեցին Հայկազեան համալսարանի հինգ ձեռնարկները, որոնց ամբողջութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ տպագրութեան 500-ամեակի համահայկական հանդիսութիւններուն մէջ: